ՌԱՖԱՅԷԼ ՆԱԶԱՐԵԱՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ ԲԱՆԱՆՑԻ ՄԱՐԶԻՉ

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Բանանց, պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչը` մակեդոնիացի Ստեւիցա Քուզմանովսքին` անբաւարար գտնելով խումբին արձանագրած արդիւնքները:

Ան խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ 2010 տարուան սկիզբը: Նախորդ տարեշրջանին Բանանց հանդիսացաւ փոխախոյեան եւ յաջողեցաւ հասնիլ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին:

Մակեդոնիացիին փոխարէն նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Ռաֆայէլ Նազարեան, որ Հայաստանի երիտասարդներու հաւաքականին մարզիչն է:

 

Share this Article
CATEGORIES