ՓԻՆԿ ՓՈՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԽՄԲԱՅԻՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻՆ

Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցող Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները իրենց տպաւորիչ յաղթանակներուն շնորհիւ ապահովեցին աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսը, ուր կը մրցին Շապապ Ֆաուարի դէմ:

Վերջին հանգրուանի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պէյրութ յաջորդաբար յաղթեց Մոն լա Սալի (3-0) եւ Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմայի (3-0), մինչ Շապապ Ֆաուար` Մուժամաա Հարիրիի (3-0) եւ Քֆարշիմայի (3-0)

Նշենք, որ վերջին երկուքը երրորդ դիրքի մրցումին կը մրցին իրարու դէմ:

ԱՅԼ ԳԵՏՆԻ վրայ այսօր` հինգշաբթի, 5 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, «Մայք Սփոր» վաճառատան մէջ (Զալքայի մայրուղի) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոն- «Մայք Սփոր» համաձայնագիրի ստորագրութիւն: Վերջինս ֆետերասիոնին պիտի տրամադրէ մարզական բոլոր տեսակի սարքերը, որպէսզի անիկա կարենայ լաւապէս հիւրընկալել Ասիոյ փինկ փոնկի 20-րդ ախոյեանութիւնը:

Նշենք, որ «Մայք Սփոր» Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ հանրածանօթ «Ատիտաս» ընկերութեան պաշտօնական ներկայացուցիչն է:

Share this Article
CATEGORIES