ՎԱՀԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ` ԵՒՐԱՆԵՍԹ-Ի ՓՈԽՆԱԽԱԳԱՀ

Վահան Յովհաննիսեան

ՀՅԴ-ի մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ընտրուեցաւ ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի փոխնախագահ: Ընտրութիւնը կատարուեցաւ նախանցեալ օր սկսած ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադիր նիստին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Արեւելեան գործընկեր երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարներուն եւ ազգային պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES