50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 6 ՄԱՅԻՍ 1961 )

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՄԱՅԻՍ 6
ՅԱՐԳԱ՛ՆՔ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ

Լիբանանցի ժողովուրդը, իր պետական գործիչներով եւ ղեկավարներով, այսօր` մայիս 6-ին, յարգանքով կը տօնէ յիշատակը իր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան ազատ ու անկախ հայրենիքի մը տեսլականը իրենց աչքերուն:

Մայիս 6-ը տասնեւեօթներորդ տարին է, որ կը տօնուի ազգային դրօշակի հովանիին տակ: Տասնեւեօթը տարիէ ի վեր Լիբանան կ՛ապրի ազատ ու անկախ, իրագործած` իր մեծ նահատակներուն երազը: Ու եթէ սուգի յուշարձանը այսօր բարձրացած է Պուրճի հրապարակին վրայ, անդին` Նահր Քելպի մէջ, յաղթանակի եւ ազատութեան քանդակը կը յաւերժանայ ժայռի մը կուրծքին:

Բարոյական հեղինակութեան մը բարձունքին հասած այս փոքր երկիրը, երբ այսօր կը վայելէ ազատութեան եւ անկախութեան բարիքները, աւելի խորապէս կը գիտակցի իրենց հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար ինկած գաղափարի հերոսներուն անձնուիրութեան եւ անոնց յիշատակի խորանին առջեւ կը վերանորոգէ իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու իր մեծ նահատակներու իտէալին:

Նահատակաց օրուան տօնակատարութիւնը, կասկած չկայ, թէ անկախութեան եւ ազգային գերիշխանութեան արժէքի գնահատման օր մըն է բոլոր այն ժողովուրդներուն համար, որոնք երկար ու դժնդակ պայքարներու գնով հասած են իրենց գերագոյն իտէալին: Պարագան նոյնն է Լիբանանի համար, որուն զաւակները, մանաւանդ` վերջին դէպքերէն ետք, լիովին կը գնահատեն իրենց անկախութիւնը, որուն համար այնքա՜ն սուղ վճարեցին:

Այս երկրի ազատութեան անփոխարինելի բարիքները վայելող հայ քաղաքացիներս, խորապէս գիտակից Լիբանանի ժողովուրդին անհաշիւ զոհողութեանց, այս հանդիսաւոր պահուն մեր սուգը կը միացնենք իրենց սուգին` հաստատ հաւատքով, որ իր տառապանքներէն վերածնած եւ անոնցմով մեծցած այս գեղեցիկ երկիրը իր ճակատագիրը պիտի դարբնէ արդարութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան ճամբուն մէջ:

Լիբանանի զաւակները, անոր մտաւորական ընտրանին, երբ Պուրճի հրապարակին վրայ կախաղան կը բարձրանային, անդին, Սուրիոյ կիզիչ անապատներուն վրայ, ազգ մը կը քալէր իր գողգոթայի ճամբան: Երկու ազնուական ժողովուրդներ սուգի եւ արեան մէջ կ՛եղբայրանային, զոհ` թալէաթներու, էնվերներու եւ ճեմալներու ոճրային դաւերուն:

Ու ճիշդ ատոր համար է, որ երբ վեց տարի ետք, 1921-ին, Կիլիկիոյ հայ գաղթականները հասան այս ափերը, լիբանանցի ազնիւ ժողովուրդը, մեր ցաւերուն խոր գիտակցութեամբ, լայն բացաւ իր թեւերը, եղբայրականօրէն ասպնջական վերաբերումով: Այսօր մենք կը բաժնենք իր սուգը` խոնարհելով իր նահատակներու յիշատակին առջեւ: Անոնք` նահատակները այս փոքր երկրին, որ հազիւ մէկուկէս միլիոն բնակիչ ունի, բայց բարձր կը բռնէ ազատութեան ու մարդկային իրաւունքներու դրօշը, արժանի կոչուելու Արեւելքի Զուիցերիան, իրենց մահով կարելի դարձուցին այսօրուան ազատ ու անկախ Լիբանանը, շէն երկիրը, ազատ ազգերու ընտանիքին այս յարգուած անդամը:

Միակ ճամբան, որ այս երկիրը կը տանի դէպի իր ազնիւ ժողովուրդին բարօրութեան ու բարգաւաճման:

Իմաստուն ղեկավարութեան մը առաջնորդութեամբ, վստահ ենք, որ Լիբանան հետզհետէ պիտի յառաջդիմէ, ազատ ազգերու ընտանիքէն ներս` գրաւելով իր բարոյական բարձրութեան արժանի տեղը:

Աւելի՛ն. իր նահատակները ի զուր բարձրացած պիտի չըլլան կախաղան` ազատութեան անմար կրակը իրենց աչքերուն:

Share this Article
CATEGORIES