ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻ՞ՒՆ, ԹԷ՞ ԴՐԱՄ . ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ԵՂՈՂ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ՎԱՃԱՌՔԸ` ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Բրիտանացի զինուոր մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն սպայից վարժարանի ուսանողի մը ցոյց կու տայ լէյզըր զէնք մը Ապու Տապիի առեւտուրի տօնավաճառին ընթացքին: Մինչեւ վերջերս Արեւմուտքը արաբական աշխարհին մէջ կը զինէր բռնատէրեր` ստորագրելով շարք մը աննախընթացօրէն մեծ եւ միլիառաւոր տոլարներ արժող համաձայնութիւններ, որոնք կը ծառայէին իրենց վարչակարգերը կայունացնելու գործին: Ոմանք մօտիկ դաշնակիցներ են, երբ հարցը կը վերաբերի Իրանի եւ Քայիտայի, եւ այդ իրականութիւնը երկրորդական կը դարձնէր մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ հարցերը:

Վերջին տարիներուն արեւմտեան երկիրները մեծ գումարներ շահած են արաբ բռնատէրերուն կատարուած զինամթերքի վաճառքներէն: Սակայն, ինչպէս է պարագան Լիպիոյ Մոամմար Քազզաֆիին, երէկուան գնորդներէն ոմանք դարձած են այսօրուան թշնամիները: Ներկայիս զէնքի մեծ արտածողներ պէտք է գտնեն նոր հաւասարակշռութիւն մը` զինամթերքի վաճառքի շահին եւ մարդկային իրաւանց միջեւ:

Արաբական աշխարհի յեղափոխութիւնները անակնկալի բերին բրիտանացի վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնը: Որոշ ժամանակէ ի վեր դիւանագէտները կը կազմակերպեն շրջապտոյտ մը` Քամերոնի համար, որ զայն պիտի տանի դէպի Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներ: Իրականութեան մէջ անիկա մտադրուած էր ըլլալ աւելի առեւտուրի առաքելութիւն մը, տրուած ըլլալով, որ Քամերոնի պատուիրակութիւնը ընդհանրապէս կը բաղկանայ Մեծն Բրիտանիոյ զէնքի ճարտարարուեստի բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներէ:

Բայց արդէն վրայ հասան արաբական երկիրներու յեղափոխութիւնները եւ Լիպիոյ բախումները: Զանոնք անտեսելը անկարելի էր, եւ Քամերոն Գահիրէի մէջ վեց ժամուան կանգառ մը աւելցուց իր արդէն իսկ սեղմ  ժամանակին մէջ: Ճիշդ մէկ ամիս առաջ էր, որ ան այցելեց քաղաքին կեդրոնը գտնուող Թահրիրի հրապարակը` կեդրոնական վայրը զանգուածային ցոյցերուն, որոնք վերջ ի վերջոյ տապալեցին երկրի տարեց նախագահ Հիւսնի Մուպարաքը:

«Թահրիրի հրապարակին վրայ երիտասարդներուն եւ խումբերու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպիլը հարազատօրէն ներշնչող էր,- նշեց Քամերոն:- Ասոնք մարդիկ են, որոնք շատ բան վտանգի ենթարկեցին իրենց հաւատացած բանին համար»:

Եգիպտոսէն ետք Քամերոն այցելեց Քուէյթ, ուր ան կիրարկեց իր շրջապտոյտի իրական նպատակը` զէնքերու վաճառք արաբ միապետներուն: Երբ Բրիտանիոյ խորհրդարանականները յարձակում գործեցին անոր դէմ իր այդ քայլին համար, վարչապետը պնդեց, թէ սխալ բան չկար այդ ձեւի առեւտուրին մէջ, եւ թէ` ամէն պարագայի իր կառավարութիւնը խոստում առաւ զէնք գնողներէն, թէ որեւէ պարագայի զանոնք պիտի չգործածէին մարդկային իրաւանց խախտումներ ընելու համար: Մեծն Բրիտանիան, դիտել տուաւ ան, «ամչնալու բան մը չունի»:

Մինչեւ 2004 հոկտեմբեր Եւրոպական Միութիւնը զէնքի ամպարկօ հաստատած էր Լիպիոյ եւ անոր ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի դէմ, որ նկարին մէջ կը տեսնենք Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի հետ, 2007-ին: Այդ ժամանակէն ի վեր Քազզաֆի նախանձախնդիր գնորդ մը եղած է արեւմտեան զէնքի: Ներկայիս Լիպիոյ, Եգիպտոսի եւ Պահրէյնի նման վայրերու մէջ յեղափոխութիւններու նախօրեակին, շատ բաներ, որոնք ճիշդ կը թուէին առաջ, ներկայիս յանկարծ սխալ են:

Այդուհանդերձ, միայն վերջին երկու տարիներուն Բրիտանիա արտածած է աւելի քան հարիւր միլիոն եւրոյի (հարիւր քառասուներկու միլիոն տոլարի) արժողութեամբ զէնքեր` Լիպիոյ ղեկավար Մոամմար Քազզաֆիի: Այդ առաքման մէջ կային նաեւ նշանառու արձակազէններու հրացաններ, որոնք կրնայ ըլլալ ներկայիս կը գործածուին Լիպիոյ ընդդիմութեան դէմ: Առաւել, Քազզաֆիի գաղտնի ոստիկանները,  որոնք ահաբեկած են ժողովուրդը, մարզուած են Բրիտանիոյ կողմէ: Իրողապէս բրիտանացի պաշտօնատարներուն պարտադրուեցաւ անմիջապէս յետս կոչել դէպի Լիպիա եւ Պահրէյն զինամթերքի արտածման յիսուն արտօնագիրներ:

 

ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆ` ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐ

Քամերոն ներկայիս ինքզինք կը գտնէ նեղ կացութեան մը մէջ, ինչի մէջ կը գտնուին նաեւ մեծաթիւ արեւմուտքցի քաղաքական անձնաւորութիւններ: Քաղաքականութիւններ, որոնք լաւ կ՛երեւէին նախքան յեղափոխութիւնը, ներկայիս հարցական են: Շրջանային յարացոյցները կը փոխուին, եւ` այնպիսի ժամանակի մը մէջ, երբ ժողովուրդներ իրենցմէ կը թօթափեն ճնշումի լուծը, ռէալփոլիթիքը լաւ առաջնորդ մը չէ արեւմտեան քաղաքականութեան:

Մինչեւ վերջերս Արեւմուտքը արաբական աշխարհին մէջ կը զինէր բռնատէրեր` ստորագրելով շարք մը աննախընթացօրէն մեծ եւ միլիառաւոր տոլարներու արժողութեամբ համաձայնութիւններ, որոնք կը ծառայէին այդ վարչակարգերը կայունացնելու գործին: Ոմանք մօտիկ դաշնակիցներ են, երբ հարցը կը վերաբերի Իրանի եւ Քայիտայի, եւ այդ իրականութիւնը երկրորդական կը դարձնէ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ հարցերը:

Ասոր կողքին, շրջանի իշխանութիւններէն շատեր յարմար գործակիցներ էին Արեւմուտքի համար. անոնք որոշ չափով հակակշիռի տակ պահած էին իրենց ժողովուրդները, եւ ոմանք կը մատակարարէին քարիւղ: Նոյնիսկ Քազզաֆին օգտակար դուրս եկաւ` ափրիկեցի աղքատ գաղթականները Եւրոպայէն դուրս պահելով: Նոյնպէս ալ այդ կառավարիչներէն շատեր գնեցին այն, ինչ որ Արեւմուտքի պաշտպանութեան ճարտարարուեստը ծախու հանեց:

ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻՆ ՎԵՐԵԼՔԸ

Վստահաբար այդ էր պարագան Գերմանիոյ ռազմական ճարտարարուեստին: Ըստ Սթոքհոլմի Միջազգային խաղաղութեան ուսումնասիրութեան հիմնարկին, հակառակ անոր որ տակաւին բաւական ետ է Միացեալ Նահանգներէն եւ Ռուսիայէն, Գերմանիա եղած է աշխարհի երրորդ մեծագոյն զէնք արտածողը վերջին տարիներուն:

Հիմնարկին վիճակագրութիւնները իրողապէս ցոյց կու տան, թէ վերջին տասնամեակին համաշխարհային զէնքի շուկային մէջ Գերմանիոյ ռազմական ճարտարարուեստի բաժինը կրկնապատկուելով` հասած է տասնմէկ տոկոսի: 2008-ին այդ զինքի վաճառքի ընդհանուր արժէքը հասաւ շուրջ վեց միլիառ եւրոյի: Գերմանիա հիմնականօրէն կը մատակարարէ բարձր արհեստագիտութեան սարքեր, ինչպէս` սուզանաւեր եւ զինուորական ելեկտրոնային սարքեր: Գերմանիոյ պաշտպանութեան ընկերութիւնները, ինչպէս` «Ի. Էյ. Տի. Էս.»ը, «Ռայնմեթալ»ը եւ «Հեքլըր էնտ Քոխ»ը, հաւաքաբար գործի առիթներ կը հայթայթեն շուրջ ութսուն հազար աշխատաւորներու:

Գերմանիոյ զինուորական սարքերը այնքան լաւորակ են, որ նոյնիսկ Ռուսիան վստահելի յաճախորդ մը դարձած է: Հակառակ անոր որ Ռուսիոյ արտադրութիւնները կատարելապէս յարմար են Ափրիկէի հրոսակախմբային պատերազմներուն, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անաթոլի Սերտիուքով կ՛ընդունի, որ անոնք այլեւս չեն բաւարարեր «արդի պահանջները»:

Այդ պատճառով Ռուսիա կը ծրագրէ շուրջ հինգ հարիւր միլիառ եւրոյի արժողութեամբ զինուորական ծանր զինամթերք ապսպրել մինչեւ 2020 թուականը, ներառեալ մեծաթիւ սարքեր` Արեւմուտքէն: Ռուսական բանակը կ՛ուզէ իր «Թի.90» հրասայլերը փոխարինել գերմանական «Լեփըրտ 2»ով, եւ «Ռայնմեթալ»ը զրահապատում պիտի հայթայթէ ուրիշ ռուսական փոխադրակառքերու: Նոյնիսկ Ռուսիոյ շարժական զինուորական բանակատեղիները շուտով պիտի կրեն «Արտադրուած` Գերմանիոյ մէջ» պիտակը: Շթութկարթի մօտ Ուինենտընի մէջ հիմնուած «Քարչըր Ֆիւթիւրթեք» ընկերութիւնը լաւագոյն արտադրութիւնները ունի դաշտային խոհանոցներու եւ ջուրի զտման համակարգերու:

ԱՐԱԳ ԶԻՆԱՄԹԵՐՔԻ ԱՌԵՒՏՈՒՐ ՄԸ` ԼԻՊԻՈՅ ՀԵՏ

Բրիտանացի զինուոր մը «Միլան» հակահրասայլային հրթիռարձակ մը կը բանեցնէ. Քազզաֆի գնեց արդիական սարքեր` հակահրասայլային հրթիռներու արձակման համար (ֆրանսա-գերմանական «Միլան 3»ները), ինչպէս նաեւ` ուղղաթիռներ, հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւն, ռազմադաշտի ռատարի արհեստագիտութիւն եւ ելեկտրոնային խանգարիչներ: Այդ վերջին սարքերը կարծես մեծապէս կը ծառայեն վարչակարգին այս ներկայի ճակատամարտին մէջ:

Այդ ծրագիրներուն հետ բաղդատած` Քազզաֆիի գնումները համեստ էին: Մինչեւ 2004 հոկտեմբեր Եւրոպական Միութիւնը Լիպիոյ դէմ զէնքի ամպարկօ հաստատած էր: Յաջորդ տարի գերմանական ընկերութիւնները մատակարարած էին փոխադրակառքեր` միայն երեք հարիւր հազար եւրօ արժողութեամբ: 2006-ին զինուորական սարքերու ապսպրանքներուն արժէքը բարձրացաւ շուրջ երկու միլիոն եւրոյի: 2007-ին ապսպրանքներուն ընդհանուր գումարը հասաւ քսանչորս միլիոն եւրոյի, 2008-ին միայն չորս միլիոն եւրօ էր, իսկ 2009-ին` աւելի քան յիսուներեք միլիոն եւրօ:

 

Քազզաֆի գնեց արդիական սարքեր` հակահրասայլային հրթիռներու արձակման համար (ֆրանսա-գերմանական «Միլան 3»ները), ինչպէս նաեւ` ուղղաթիռներ, հաղորդակցութեան արհեստագիտութիւն, ռազմադաշտի ռատարի արհեստագիտութիւն եւ ելեկտրոնային խանգարիչներ: Այդ վերջին սարքերը կարծես մեծապէս կը ծառայեն վարչակարգին այս ներկայի ճակատամարտին մէջ, տրուած ըլլալով, որ երկրին արեւելքը գտնուող ըմբոստները գլխաւորաբար բջիջային հեռաձայններ կը գործածեն համադրելու եւ կազմակերպելու համար իրենց քաոսային գործողութիւնները: Նկատառելի է, թէ որքան յաճախ բջիջային հեռաձայնի ցանցերը կը խզուին ուղղակի նախքան Քազզաֆիի հետեւորդներուն յարձակումները:

Գերմանիոյ մէջ  զէնքի արտածման իւրաքանչիւր համաձայնութիւն պէտք է պաշտօնապէս վաւերացուի: Դաշնակցային ապահովութեան խորհուրդը, որ կը բաղկանայ զանազան նախարարներէ եւ Գերմանիոյ վարչապետէն, այդ զգայուն որոշումները կը կայացնէ փակ դռներու ետին:

Տակաւին, մրցանակին կ՛արժանանայ Իտալիոյ վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնին, որ իր բարեկամին` Քազզաֆիի ծախեց աւելի զէնք, քան` ոեւէ այլ ղեկավար Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: 2009-ին ընդհանուր գումարը շուրջ հարիւր տասը միլիոն եւրօ էր, մեծ մասը` ուղղաթիռներու համար:

ԵՐԷԿՈՒԱՆ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐԸ

Իրողապէս եւրոպացիները կը մշակեն գործառնական կապեր` շարք մը արաբական երկիրներու հետ, որոնց կառավարութիւնները ներկայիս խախուտ վիճակի մէջ են: Օրինակի համար, 2009-ի վերջաւորութեան Մեծն Բրիտանիոյ Անտրու իշխանը այցելեց Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի, Սանաայի մէջ: Նախագահական պալատին մէջ ճաշի ընթացքին կառավարութեան առեւտուրի ներկայացուցիչի դերը ստանձնած իշխանը գովաբանեց Եմէնի «միութիւնը, կայունութիւնը եւ զարգացումը»:

Անցեալ տարի Ուաշինկթըն յայտարարեց զինքի արտածման պատմութեան մէջ մեծագոյն համաձայնութիւնը. յառաջիկայ հինգէն տասը տարուան մէջ վաթսուն միլիառ տոլար արժողութեամբ օդանաւեր գնելու սէուտական արաբական ծրագիրները: Դրամը հարց չէ, եւ սէուտական օդուժը պիտի ստանայ «Էֆ. 15» պատերազմական օդանաւեր, «Ափաչի» յարձակողական ուղղաթիռներ, հրթիռներ, ռատարի սարքեր եւ ռումբեր: Բոլորը միասնաբար հաշուելով, ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի, այդ ապսպրանքը այնքան մեծ է, որ կ՛ապահովէ եօթանասունեօթը հազար գործի առիթներ «Պոինկ»ի մէջ:

Անտրու իշխանը երկիր հասաւ ներդրումի պատրաստ դրամով եւ ապա առաջարկեց, որ Սալեհ ապահովէր իր զէնքերու պէտքերը Բրիտանիայէն: Բան մը, որ Եմէնի նախագահը օրին ըրաւ: Իշխանին այցելութենէն կարճ ժամանակ ետք Բրիտանիոյ կառավարութիւնը վաւերացուց Եմէնի համար զէնքի եւ փամփշտարգել զրահներու վաճառքը, որ կ՛արժէր հարիւր ութսուներեք հազար եւրօ: Անշուշտ այս օրերուս Սալեհի ապահովական ուժերը լծուած են ցուցարարներու դէմ կրակ բանալու գործին: Երկու շաբաթ առաջ յիսուներկու ցուցարարներ սպաննուեցան մէկ օրուան մէջ:

 

Գերմանիա իր կարգին երկար տարիներ սերտ կապեր ունեցած է Եգիպտոսի հետ: 2009-ին Գերմանիա շուրջ ութսուն միլիոն եւրօ արժող սարքեր ծախեց, մեծ մասամբ` հրասայլերու մասեր եւ զինուորական ելեկտրոնային սարքեր, բայց նաեւ` գնդացիրներ: Յստակ չէ, թէ ատոնք անցա՞ն ձեռքը այն բանակին, որ ժողովուրդին կողմը անցաւ, կամ անոնք դարձա՞ն սեփականութիւնը ատելի ոստիկանութեան: Երբ բախումները սկսան, Գերմանիա ժամանակաւորապէս յետս կոչեց դէպի Եգիպտոս զէնքի արտածման արտօնագիրները:

ՎԱԽԵՐ, ԳՈՐԾԻ ԱՌԻԹՆԵՐ ԵՒ ՇԱՀԵՐ

Մինչ այդ Միացեալ Նահանգներ կը մտածեն շատ տարբեր մակարդակի վրայ, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի Սէուտական Արաբիոյ: Սէուտցիք ունին ծախսելու դրամ, եւ Ուաշինկթըն կ՛ուզէ զինել Սէուտական Արաբիան` ընդդէմ Իրանի: Սակայն երկուշաբթի, 14 մարտին, սէուտական զօրքերը քալեցին դէպի Պահրէյն` օժանդակելու համար այնտեղի ըմբոստները ճզմելու գործին:

Անցեալ տարի Ուաշինկթըն յայտարարեց պատմութեան մէջ զէնքի արտածման մեծագոյն համաձայնութեան մասին. յառաջիկայ հինգէն տասը տարուան մէջ վաթսուն միլիառ տոլար արժողութեամբ օդանաւեր գնելու սէուտական ծրագիրները: Դրամը հարց չէ, եւ սէուտական օդուժը պիտի ստանայ «Էֆ. 15» պատերազմական օդանաւեր, «Ափաչի» յարձակողական ուղղաթիռներ, հրթիռներ, ռատարի սարքեր եւ ռումբեր: Բոլորը միասնաբար հաշուելով, ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ի, այդ ապսպրանքը այնքան մեծ է, որ կ՛ապահովէ եօթանասունեօթը հազար գործի առիթներ «Պոինկ»ի մէջ:

Յաւելեալ երեսուն միլիառ տոլար ալ տրամադրելով` սէուտական թագաւորական ընտանիքը կը ծրագրէ արդիականացնել իր ծովուժը: Իսրայէլեան վախերը մեղմելու համար, Թել Աւիւ պիտի ստանայ գերարդիական արհեստագիտութեամբ «Էֆ 35» պատերազմական օդանաւեր (որոնք նաեւ ծանօթ են իբրեւ «Միացեալ յարձակումներու պատերազմիկներ»), որոնք, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի կարենան վար առնել սէուտական աւելի հին «Էֆ. 15»երը:

Հանգստացնելու համար Իսրայէլը, անոր պիտի արտօնուի գնել գերարդիական արհեստագիտութեամբ «Էֆ 35» պատերազմական օդանաւեր, որոնք, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի կարենան օդէն հարուածել սէուտական աւելի հին «Էֆ. 15»երը:

Վերջին տասնամեակին զէնքի համաշխարհային շուկային մէջ Գերմանիոյ ռազմական ճարտարարուեստի բաժինը կրկնապատկուելով` հասած է տասնմէկ տոկոսի: Այս նկարին մէջ գերմանական «Քրաուս-Մաֆէյ Ուեկման» ընկերութեան ներկայացուցիչը կը խօսի «Լեփըրտ 2» հրասայլի հաւանական գնորդի մը հետ, Ապու Տապիի զէնքի տօնավաճառին ընթացքին, 2009-ին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԵՌԱՆԴՈՒՆ ՅԱՃԱԽՈՐԴՆԵՐ, ՈՒՐԱԽ ՆԵՐԴՐՈՂՆԵՐ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները նոյնքան շռայլ են իրենց ծախսելուն մէջ, նաեւ նոյնքան կը վախնան իրենց հզօր դրացի Իրանէն: Ըստ Ապու Տապիի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն հասած գաղտնի հաղորդակցութեան մը, որ հրապարակուած է «Ուիքիլիքս»ի կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու շէյխերը միլիառաւոր տոլարներ ծախսած են, բայց` առանց յստակ ծրագրումի կամ «համարկուած պաշտպանութեան ցանցի մը վերաբերեալ բացայայտ համապարփակ ծրագիրի մը»: Էմիրութիւնները կ՛ուզեն գնել միմիայն լաւագոյնը, կը շարունակէ գաղտնի հաղորդագրութիւնը եւ` «որքան փայլուն, այդքան լաւ»:

Կ՛ըսուի, թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու բանակայիններ, անհամբեր կերպով եւ յաճախակիօրէն, դիմումներ կ՛ընեն զէնքերու համար, որոնք տակաւին զարգացման հանգրուանին մէջ են, կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ, վերջ ի վերջոյ յայտնաբերելով, թէ այն զէնքերու համակարգերը, զորս կ՛որոնեն, «տակաւին չեն հնարուած»: Ժխտական կողմը, կը շարունակէ հաղորդագրութիւնը, այն է, որ շէյխերը կը նախընտրեն «բոլոր հաւկիթները չդնել մէկ կողովի մէջ», ուստի գնումներ կ՛ընեն նաեւ Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն եւ նոյնիսկ Չինաստանէն:

Այդուհանդերձ, 2010-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները քառասուն միլիառ տոլար արժողութեամբ զէնքեր գնեցին Միացեալ Նահանգներէն: Իրանեան հրթիռներ կարենալ վար առնելու համար անոնք նաեւ կ՛ուզեն գնել Միացեալ Նահանգներու ամէնէն արդի օդային պաշտպանութեան համակարգը: Ամերիկացիները ուրախ պիտի ըլլան այդ ձեւի համակարգեր տեղադրելով ամբողջ շրջանին մէջ:

Կացութիւնը նկատի առնելով` իրապէս կարելի չէ մեղադրել ներդրողները, որոնք Միջին Արեւելքի տագնապները եւ յեղափոխութիւնները կը նկատեն  գնումի ազդանշան: Երբ ՄԱԿ թռիչքէ զուրկ գօտի հռչակեց Լիպիոյ երկինքը, Նիւ Եորքի վարկային շուկային մէջ զինքի ընկերութիւններու բաժնետոմսերու ցուցանիշը բարձրացաւ հինգ տոկոսով:

ՊԵՆՃԱՄԻՆ ՊԻՏԸՐ ԵՒ
ՔԼԵՄԸՆՍ ՀՈՅՍ

«Շփիկըլ»
1 ապրիլ 2011

Share this Article
CATEGORIES