ԽՄԲԱՎԱՐԻՆ ԽՕՍՔԸ. ԱԼԵՔՍԱՆ ՄՆԱԿԵԱՆ` ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՆՈՒՆ

Կիրակի, 8 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի «Արտուտիկ» երգաշարը: Այս առիթով ստորեւ կը ներկայացնենք խումբի գեղարուեստական ղեկավար խմբավար Զաքար Քէշիշեանի խօսքը:

Կը պատրաստուիմ յարգել յիշատակը մարդու մը, որմէ «կոյր» ապտակ մը ստացած եմ եւ որ կարծեր եմ, թէ Բարսեղ Կանաչեանին հայհոյեր է…

Առաջին դէպքը կրտսեր պատանեկան տարիքիս էր, երբ Արագածի շրջանի «Դրօ» շրջանի ակումբին մէջ միջպատանեկան երգի եւ արտասանութեան մրցանքի մը կը մասնակցէի, եւ որուն դատակազմին մէջ էր նաեւ ինք: Ակումբին սրահը բերնէ բերան լեցնող փոքրիկներս չարաճճի եւ աղմկարար եղած ըլլալու էինք այն աստիճան, որ Ալեքսան Մնակեանի լռութեան քանի մը սաստող կոչերն ու սպառնալիքները իրենց ազդեցութիւնն սպառած ըլլալով, ան տեղէն ընդոստ ելլելով շառաչուն ու «կոյր» ապտակ մը զարկաւ ամէնէն մօտիկ պատանիին: Աստուա՜ծ իմ, այդքանին մէջ  միակ «բախտաւոր»ը ե՞ս պիտի ըլլայի… վստահ եմ, որ ատոր հետեւած տրամադրութեանս անկումին համար էր, որ ոչ մէկ մրցանակի տիրացայ այդ օր…

Երկրորդ դէպքը աւելի սուր է: Զիս տարեր էին Լիբանանի պետական երաժշտանոց արձանագրելու: Արձանագրող պաշտօնեան յանձնարարեց բարձրանալ երկրորդ յարկ` մուտքի քննութեան: Երբ սրտատրոփ դասարան մտայ, հոն իբրեւ դատակազմ տեսայ խումբ մը երաժիշտներ (Ալեքսան Մնակեանին հետ էին Ստեփան էմմիեանը, Պօղոս ճելալեանը, Սարգիս Շաթիրեանը…), որոնք թրքերէն կը խօսէին եւ Բարսեղ Կանաչեանին անունը տալով  կը հայհոյէին… Թրքերէն չգիտնալով` խօսակցութենէն բան չէի հասկնար անշուշտ, բայց տարօրինակ ու սահմռկեցուցիչ էր հայ երաժիշտներուն կողմէ մեծանուն հայ երաժիշտի մը հասցէին հայհոյութիւն լսելը: Գիտնալով, որ հայ եմ` հայերէնով «Երգէ՛, դուն մեզի մտիկ մի՛ ըներ» ըսին: Իսկ իմ երգածս ալ իրենք մտիկ չըրին: Զարմանալին այն էր նաեւ, որ քանի մը օր ետք, երբ արդիւնքը գիտնալու  համար երաժշտանոց գացինք, ցանկին վրայ անունիս քով ամէնէն բարձր նիշը կարդացի… «85»: Հիմա կը մտածեմ, որ հայ ըլլալը իր առաւելութիւններն ալ ունէր… Շատ աւելի ուշ ենթադրեցի պատահածը, երբ ներկայ եղայ, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ, վիճաբանական ասուլիսի մը, որուն ընթացքին, իր տեսակէտը պաշտպանելով, Ալեքսան Մնակեան յայտնեց, որ թուրքերը Բարսեղ Կանաչեանի «Տալիլօ»ն թարգմանած են եւ մեզմէ ալ աւելի լաւ կ՛երգեն: Ահաւասիկ® Ուրեմն Լիբանանի պետական երաժշտանոցի այդ օրերու սիւները հանդիսացող հայ երաժիշտները, ի լուր թրքական նենգ գողութեան, իրենց ընդվզումն ու զայրոյթը կ՛արտայայտէին … մինչ ես կը կարծէի, որ հայ երաժիշտին կը հայհոյէին:

Այլ հանդիպում չեմ ունեցած Ալեքսան Մնակեանի հետ:

Մեծապէս տպաւորուած եմ  իր կորուստին առիթով կազմակերպուած յիշատակի հանդիսութեամբ մը, ուր հայ թէ տեղացի երաժիշտներ ու մտաւորականներ վեր առին իր արժանիքները, եւ ինծի համար  աւելի պարագծելի դարձաւ կորուստին մեծութիւնը:

Կը յիշեմ, որ չեմ գիտեր ի՛նչ մղումէ դրդուած, այն օրերուն նոր մահացած հայրենի երաժշտահան Էմմա Միհրանեանին եւ իր յիշատակներուն  ձօնած եմ Շուշիի «Վարանդա» երգչախումբին անդրանիկ համերգս, ուր առաջին անգամ ըլլալով հայրենիքի մէջ, եւ յատկապէս նորօք ազատագրուած Շուշիի մէջ ալ հնչեցին Ալեքսան Մնակեանի երգերը:

Իսկ վաղամեռիկ երգահան Էմմա Միհրանեանին հետ ծանօթութիւնս ու ստեղծագործական մտերմութիւնս ցաւօք շատ կարճ տեւեցին: Ամառնային դրութեամբ նոր վերստեղծեր էի Այնճարի «Կաքաւիկ» երգչախումբը, երբ ան իր երգերը սիրով մակագրեց մեզի: Իրմէ յիշատակ ունիմ «Կաքաւիկ»ին գրած իր ջերմ նամակը եւ բազմաթիւ երգեր, որոնցմէ փունջ մը կը ներկայացնեմ ահա:

Էմմա Միհրանեանի` ժողովրդական խօսքերու հիման վրայ երկնուած «Խաղիկներ»ը օրին առաջին անգամ կատարած եմ «Կաքաւիկ»ին հետ, ապա Շուշիի «Վարանդա»ին, աւելի ուշ «Կարկաչ»ի անդրանիկ համերգին, իսկ այսօր տարիներ ետք կարօտով կը կրկնեմ անհունօրէն հայեցի ու զայն երգող պատանիներուն թէ ունկնդիրներուն կողմէ այնքան սիրուած այս երգաշարը: Իսկ մանկական խումբը կ՛երգէ նաեւ 1983-ին Երեւանի մէջ հրատարակուած իր «Մանկական երգեր» ժողովածուէն ընտրանի մը:

Ալեքսան Մնակեանի ձայնագրութիւններով  նաեւ ոգեւորուած ու զարդարուած են  պատանեկան օրերս: Համազգայինի «Նանօր», «Արտուտիկ» եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու երգչախումբերուն  համերգներն ու ձայնագրութիւնները օրին նշանակալի իրադարձութիւններ եղած են մեր իրականութեան մէջ: Իր մշակած հայրենասիրական  10 երգերէն իմաստային զարգացմամբ չորսը կատարելէ ետք, յոբելենական այս առիթին ամբողջութեամբ պիտի մատուցենք 1979-ին լոյս տեսած «Արտուտիկ» ժողովածուն, որուն երգերը շատ սիրուած ըլլալով մեծ տարածում ունին ամբողջ սփիւռքի տարածքին:

Պատրաստելէ եւ մատուցելէ ետք Ս. Ծննդեան եւ Բարսեղ Կանաչեանի 125-ամեակին նուիրուած համերգները` տարուան մէջ երեք համերգային յայտագիր պատրաստելու կարողականութեան հասած կարկաչական ընկերներս անցնող ամիսներուն սիրով ու նուիրումով պատրաստեցին  իր կարճատեւ կեանքը լիբանանահայ երաժշտական կեանքին յանձնառու նախանձախնդրութեամբ ու գիտակցական բարձր որակով ներդրած մտաւորական-երաժիշտին երգերով զարդարուած նաեւ ա՛յս համերգը, որն ինքնին իր ինքնուրոյն խորհուրդը ունի:

Եւ այդ խորհուրդը, զինք մարմնաւորող տարաբախտ երաժիշտին պէս, նուիրական է:

Ձեր`
ՊԱՐՈՆ ԶԱՔԱՐ

 

Share this Article
CATEGORIES