ԻՍԼԱՄԱՊԱՏ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԸ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄՆԵՐ ԳՈՐԾԵԼԷ

Սալման Պաշիր

Իսլամապատ երէկ զգուշացուց Միացեալ Նահանգները «աղէտալի հետեւանքներէ», եթէ իր հողամասերուն վրայ ահաբեկիչներու դէմ, Ուսամա Պըն Լատենի դէմ գործուած յարձակումին նման յարձակումներ գործեն, սակայն Պըն Լատենի դէմ գործողութիւնը ապօրինի չորակեց եւ պնդեց, թէ Ուաշինկթընի հետ իր յարաբերութիւնները կը մնան ճիշդ ուղիի վրայ:

Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարար Սալման Պաշիր յայտնեց, որ «փաքիստանեան ապահովական ուժերը Փաքիստանը պաշտպանելու իրենց սրբազան պարտականութիւնը կատարելու համար ո՛չ ապիկար են, ո՛չ ալ թերացող` աւելցնելով, որ «կասկած չկայ, թէ այսպիսի արարքի մը որեւէ կրկնութիւն աղէտալի հետեւանքներ պիտի ունենայ»:

Պաշիր յայտնեց, որ Փաքիստան Պըն Լատենի թաքստոցին դէմ ամերիկեան յարձակումէն տեղեակ պահուած է, երբ արդէն շատ ուշ էր: Ան ըսաւ, թէ փաքիստանեան օդուժը երկու «էֆ-16» տիպի կործանիչներ օդը բարձրացուցած է, երբ տեղեակ եղած է, թէ Ապպոթթապատի վերեւ օտար ուղղաթիռներ թռիչք կը կատարեն, սակայն, ըստ երեւոյթին, ատենին ուղղաթիռներուն չեն հասած:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ Փաքիստանը նախօրօք տեղեակ չեն պահած` զգուշանալով, որ Պըն Լատեն տեղեակ կը պահուի: Պատասխանելով հարցումի մը, թէ յարձակումը ապօրինի՞ էր, Պաշիր ըսաւ, որ «ատիկա պատմաբանները պէտք է դատեն»:

Share this Article
CATEGORIES