ԼԻՊԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԿԱՊԻ ԽՄԲԱԿԸ ԸՄԲՈՍՏՆԵՐՈՒՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ՄԸ ԿԸ ՅԱՌԱՋԱՑՆԷ

Լիպիոյ հարցով կապի խմբակին անդամները

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինի Հռոմի մէջ Լիպիոյ հարցով կապի խմբակի ժողովի աւարտին յայտարարեց, որ խմբակի յաջորդ ժողովը տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, սակայն հանդիպումին թուականը չճշդեց:

Լիպիոյ հարցով կապի խմբակը Իտալիոյ մայրաքաղաքին մէջ ժողով մը գումարեց Լիպիոյ տագնապի լուծումի մը եւ լիպիացի ըմբոստներուն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու կարելիութիւնը քննարկելու համար: Ժողովը որոշեց Լիպիացի ըմբոստներուն կազմած Ազգային փոխանցման խորհուրդին օժանդակելու յատուկ հիմնադրամ մը յառաջացնել: Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի յայտնեց, որ Քուէյթ ֆոնտին 180 միլիոն տոլար խոստացած է, իսկ Քաթար` 400 կամ 500 միլիոն տոլար:

Ժողովին կը մասնակցէին Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Քաթարի եւ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարները, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի, Ափրիկեան միութեան եւ Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի ներկայացուցիչները:

Մինչ Լոնտոն լիպիացի դիւանագէտներուն վտարումը յայտարարեց, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն կոչ ուղղեց լիպիական դեսպանատուներուն աշխատանքը առկախելու, Քազզաֆիի համակիր դիւանագէտները վտարելու, ըմբոստներուն օժանդակելու եւ անոնց ներկայացուցչական գրասենեակներ բանալու:

Մինչ այդ, Սպանիա, Դանիա, եւ Հոլանտա Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Իտալիոյ միանալով Ազգային փոխանցման խորհուրդը ճանչցան իբրեւ Լիպիոյ մէջ միակ օրինական իշխանութիւն: Միւս կողմէ, ըմբոստները յայտարարեցին, որ ազատագրած են Հարաւային Լիպիոյ Քաֆրա քաղաքի կեդրոնը եւ Քազզաֆիի ուժերէն 25 հոգի սպաննած են:

 

Share this Article
CATEGORIES