«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին Պաշտօնական Բացումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը

Համազգայինի Պէյրութի Ճեմարանը, Լիբանանի մէջ հայկական կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնը, գահիրէաբնակ ողբացեալ Նշան Փալանճեանի քոյրերուն նուիրատուութեան շնորհիւ օժտուեցաւ նոր դպրոցաշէնքով:

Նոր դպրոցաշէնքը կը գտնուէր Պէյրութի կեդրոնական գօտիին Զոքաք Պլաթ թաղին մէջ, Հիւսէյն Պէյհում փողոցին վրայ: Զոքաք Պլաթ բարգաւաճած է 1860-ական տարիներէն սկսեալ. անիկա մայրաքաղաքին հարուստ եւ ազնուական դասակարգին թաղամասը նկատուած է, ուր կառուցուած են ծովահայեաց ապարանքներ, պալատներ, դեսպանատուներ եւ առանձնատուներ: Զոքաք Պլաթ տարբեր մշակոյթներու, ճարտարապետութիւններու եւ լեզուներու գոյակցութեան կեդրոն եղած է, որոնք իրենց կնիքը դրած են շրջանին իւրայատուկ դիմագիծին վրայ: Զոքաք Պլաթ Լիբանանի ընկերային եւ մշակութային վերածնունդի կեդրոն նկատուած է եւ անոր բնակիչները մշակութային սերտ կապեր ունեցած են Եգիպտոսի հետ: Թաղին բնակիչները գլխաւորաբար սիւննի, մարոնի եւ յոյն կաթոլիկ համայնքներուն պատկանող ընտանիքներ էին: Հետագային հոն բնակութիւն հաստատեցին հայեր, ինչպէս նաեւ քիւրտեր, շիիներ եւ այլ համայնքներէ ընտանիքներ: Բնակչութիւնը բազմացաւ 1930-ական տարիներէն սկսեալ, գիւղերէն դէպի քաղաք գաղթին պատճառով: Ճեմարանի անմիջական շրջակայքի բնակչութեան մեծամասնութիւնը հայեր էին:

Ճարտարապետական գեղակերտ կառոյցով, ընդարձակ պարտէզով, ծառերով եւ ցանկապատուած շրջափակով Նշան Փալանճեան Ճեմարանը, որ նախապէս Ֆրանսական ծովակալութեան կեդրոն եղած է, առաջին հայեացքով վիպային մթնոլորտի մը տպաւորութիւնը կը փոխանցէ:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ 27 մայիս 1950-ին, ներկայութեամբ նախագահ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Սոլհի, նախարարներու, երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

«Ազդակ» 30 մայիս 1950-ի թիւով եւ «Հայ Ճեմարանի նոր շէնքին պաշտօնական բացումը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ կը գրէր.

«Հայ Ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, 27 մայիս կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, մշակոյթի նուիրուած փառատօն մը եղաւ, խուռներամ բազմութեան համար, որ եկած էր յարգանքի իր տուրքը տալու այն մեծ գործին, որ քսան տարիէ ի վեր կը կատարուի հայ կրթական ամէնէն շքեղ կեդրոններէն մէկուն մէջ:

Իրենց բարձր ներկայութեամբ, բացման հանդիսութիւնը պատուեցին, Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Պէշարա էլ Խուրի, որ տօնակատարութեան հովանաւորութիւնը ստանձնած էր, վարչապետ Ռիատ պէյ Սոլհ, հանրապետութեան նախագահութեան դիւանապետ Ժորժ պէյ Հայմարի, ելեւմտական նախարար Հիւսէյն պէյ Աուէյնի, առողջապահական նախարար տոքթ. Էլիաս Խուրի, Պէյրութի երեսփոխաններ` Հապիպ պէյ Ապի Շահլա, Մ. Տէր Գալուստեան, տոքթ. Մ. Հայրապետեան, գնդ. Լահուտ եւ այլ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Յարանուանութիւնները կը ներկայացնէին Լիբանանի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խադ սրբազան, Դրան եպիսկոպոս Խորէն սրբազան, կաթողիկէ համայնքին կողմէ` Լիբանանի թեմի առաջնորդ Արհ. Լ. Պաթանեան, Հ. Մսըրլեան եւ այլ կաթողիկէ կղերականներ, բողոքական համայնքի կողմէ` վերապատուելի Թիլքեան:

Նախագահին եւ վարչապետին ժամանումը ընդունուեցաւ լիբանանեան ազգային քայլերգով (նուագուած Համազգայինի նուագախումբին կողմէ), որմէ անմիջապէս յետոյ, ընդհանուր ծափահարութիւններու մէջ, նորին վսեմութիւնը բարձրացաւ պատուոյ բեմ, ուր հոն զինք շրջապատեցին բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:

Նշան Փալանճեան Ճեմարանի պաշտօնական բացումը. Լեւոն Շանթ, Պշարա Խուրի եւ Ռիատ Սոլհ

Հանդիսութիւնը բացաւ Լեւոն Շանթ, հետեւեալ ուղերձով, ուղղուած հանրապետութեան նախագահին.

«Վսեմաշուք նախագահ,

«Պէյրութի Հայ Ճեմարանը հիմնուեցաւ եւ քսան տարիներէ ի վեր կը շարունակէ իր գոյութիւնը միշտ  վայելելով Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդին եւ իր բարեխնամ կառավարութեան բարեացակամութիւնը:

«Այսօր ալ, երբ իր նոր շէնքի բացումը կը կատարէ` մեր այս կրթական հաստատութիւնը պատմական բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ տեսնելու ձեր վսեմութեան ներկայութիւնը եւ բարձր հովանաւորութիւնը իր այս հանդէսին:

«Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան մեր զգացումները շատ խորէն եւ հեռուէն կու գան: Երբ հայ ժողովուրդը տարագրուած իր բնավայրէն այս երկիրը եկաւ, Լիբանանի ազնիւ ժողովուրդը եւ իր նորաստեղծ հանրապետութիւնը մարդկային մեծ վեհանձնութեամբ եղբայրաբար ընդունեց մեր հալածական ժողովուրդը, հնարաւորութիւն տուաւ ապրելու եւ մեզի դարձուց քաղաքացի այս տարածութեամբ փոքր, բայց արժէքով մեծ ու գեղեցիկ հայրենիքին: Լիբանանի այդ ազնուական վերաբերումը մենք պիտի չմոռնանք երբեք:

Վսեմաշուք տէր, ձեր բարձր անձի ու ձեր մարմնաւորած բարձր կառավարութեան հովանիին տակ կը բարգաւաճի այս երկիրը, կը բարգաւաճի եւ հայ տարրը այս երկրին մէջ: Եւ մեր այս կրթական հաստատութիւնն ալ ամէն  կերպ ճիգ կը թափէ օր-օրի աւելի բարձրանալու, պիտանի ու ազնիւ քաղաքացիներ հասցնելու համար այս երկրին, որ ինքն ալ արժանի դառնայ ձերդ վսեմութեան եւ ձեր ազատախոհ կառավարութեան ցոյց տուած վստահութեան ու բարձր հովանաւորութեան:

«Ընդունեցէ՛ք, վսեմաշուք նախագահ, հայ ժողովուրդի եւ իր այս կրթական հաստատութեան խորին երախտագիտութիւնը»:

Այս ուղերձին արաբերէն թարգմանութիւնը կարդացուեցաւ եւ պատճէնը յանձնուեցաւ հանրապետութեան նախագահին:

Ամերիկայէն ժամանած Ա. Սեդրակեան անգլերէն ճառ մը խօսեցաւ ուղղուած հանրապետութեան նախագահին, շնորհակալութիւն յայտնելով Լիբանանի մէջ հայերու հանդէպ ցոյց տրուած եղբայրական զգացումներուն եւ ասպետական ոգիին համար:

Այնուհետեւ, նորին վսեմութիւնը, արաբերէն գեղեցիկ ճառ մը խօսեցաւ, վեր առնելով հայ ժողովուրդի արժանիքները եւ խոստանալով կատարել իր կարելին Լիբանանի հայ համայնքին բարօրութեան եւ անոր մշակութային աշխատանքի յարատեւման համար: «Հայերը, ըսաւ ան, ոչ միայն Լիբանանի մէջ համահաւասար քաղաքացիներ են, այլ նաեւ մեր սիրուած քաղաքացիները»:

Ապա, ի գնահատանք, որպէս դաստիարակ Լեւոն Շանթի մատուցած ծառայութիւններուն` անոր յանձնեց Լիբանանի Արժանեաց Ա. կարգի ոսկեայ շքանշանը, որոտընդոստ ծափահարութիւններու առիթ տալով:

Պարգեւատրումէն ետք, վսեմաշուք նախագահն ու նախարարները հիւրասիրուեցան ուիսքիով, շամբանիայով եւ այլազան կարկանդակներով:

Տասը վայրկեան ետք, պաշտօնական անձնաւորութիւնները մեկնեցան, մինչ նուագախումբը կը հնչեցնէր Լիբանանի ազգային քայլերգը:

Այնուհետեւ, Լեւոն Շանթ կարդաց մանրամասն տեղեկագիր մը իր Ամերիկա առաքելութեան եւ Հայ Ճեմարանի կապակցութեամբ իրագործուելիք ծրագիրներու մասին:

Երբ Լ. Շանթ իր տեղեկագրին մէջ հասաւ այն կէտին, ուր կը յիշուի ողբացեալ Նշան Փալանճեանի նուիրատուութիւնը, պաշտօն յանձնեց ազնուասիրտ Նշանի երկու քոյրերուն, որպէսզի բանան իրենց եղբօր անունը կրող յիշատակի մարմարը:

Ընդհանուր խանդավառութեան եւ ծափահարութիւններու տարափին ներքեւ, երկու քոյրերը քաշեցին շէնքին ճակատը գոցող երկու լիբանանեան դրօշները, ու տակը, մարմարի վրայ փորագրուած երեւցաւ.

«Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան» վերտառութիւնը:

Շաբաթ գիշեր, ժամը 10:00-էն սկսեալ, Հայ Ճեմարանի գեղարուեստականօրէն լուսաւորուած պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի կազմակերպած շքեղ պարահանդէսը, որ նիւթական եւ բարոյական տեսակէտէն մեծ յաջողութիւն մը արձանագրեց:

Ն. Վ. վարչապետ Ռիատ պէյ Սոլհ անձամբ ներկայ եղաւ պարահանդէսին եւ այս առթիւ Օգնութեան խաչի միջոցով բարենպատակ ձեռնարկներու յատկացուելու համար 2000 լ. ոսկիի նուէր մը ըրաւ:

Պարահանդէսին ամէնէն գեղեցիկ մասը հանդիսացան հայկական պարերը, որոնք ղեկավարութեամբ օր. Հ. Փափազեանի, խանդավառութիւնը հասցուցին իր գագաթնակէտին:

Պարահանդէսը տեւեց մինչեւ առտու, ուրախ եւ զուարթ մթնոլորտի մը մէջ:

* * *

Յաջորդող օրերուն` 31 մայիս, 1 յունիս եւ 2 յունիս 1950-ի թիւերով եւ «Ն. Վ. հանրապետութեան նախագահը պաշտօնապէս կատարեց Հայ Ճեմարանի նոր շէնքին բացումը» խորագիրով թղթակցութեամբ, «Ազդակ» յաւելեալ մանրամասնութիւններով կ՛անդրադառնայ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի նոր շէնքի բացումին:

«Հանդիսութիւններ կան, որոնք իրենց վեհութեամբ եւ շքեղութեամբ պատկառանք կ՛ազդեն բոլորին:

Այսպիսի հանդիսութիւն մը եղաւ Պէյրութի Հայ Ճեմարանի նոր շէնքին պաշտօնական բացումը, որ միաժամանակ հայ մշակոյթի պանծացման օր մը հանդիսացաւ:

Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած Ճեմարանի շէնքին առջեւ, դալարագեղ  պարտէզներու մէջ, խիտ շարքերով դրուած աթոռներու վրայ, տեղ գրաւած էր հրաւիրեալներու ընտիր հասարակութիւն մը, բոլորն ալ հպարտ ազգային գիտակցութեամբ եւ մշակութային այն մեծ նուաճումով, որ կատարած է Հայ Ճեմարանը իր քսանամեայ գոյութեան ընթացքին:

Հանդիսութեան բարձր հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ նորին վսեմութիւն Շէյխ Պէշարա էլ Խուրի, ինչ որ բացառիկ պատիւ մըն է հայութեան համար:

Նորին վսեմութիւնը, ընկերակցութեամբ նախագահութեան դիւանապետ պր. Ժորժ Հայմարիի երբ մուտք գործեց, դրան առջեւ շարուած զինուորական նուագախումբը հնչեցուց Լիբանանի Ազգային քայլերգը: Ն. Վ. նախագահին մուտքը ընդունուեցաւ որոտընդոստ ծափահարութիւններով:

Հասաւ նաեւ Լիբանանի վարչապետ Ռիատ պէյ Սոլհ, որ նոյն պատիւներուն արժանանալով, հրաւիրուեցաւ ճեմարանի շէնքին գաւիթին վրայ յարդարուած պատուոյ բեմը, Ն. Վ. Պէշարա էլ Խուրիի կողքին: Ն. Վ. Պէշարա էլ Խուրի իր գնահատանքը յայտնեց հայ ժողովուրդին` Լիբանանի վերելքին բերած անոր արժէքաւոր ծառայութեան համար:

Առ ի գնահատութիւն Հայ Ճեմարանի եւ իր արժանաւոր տեսուչի ունեցած քսանամեայ բեղուն գործունէութեան Լիբանանի մայրաքաղաքին մէջ, նախագահը Լ. Շանթին կուրծքը զարդարեց Լիբանանեան Արժանեաց Ա. կարգի ոսկեայ շքանշանով եւ ողջագուրուեցաւ հետը:

Այս վսեմ պահուն, ներկաներու աչքերը լեցուեցան հրճուանքի եւ հպարտութեան արցունքներով:

Տարիներու վաստակով հարուստ կրթական մշակ մը եւ մեծանուն գրագէտ մըն էր, որ կը պարգեւատրուէր յանձին Լեւոն Շանթին, անգամ մը եւս փաստելով այն իրողութիւնը թէ Լիբանան ինչպէս գիտէ գնահատել բոլոր հոգեկան արժէքներու սպասարկողները:

Պետական հիւրերը Ճեմարանի սրահը անցնելով հիւրասիրուեցան շամբանիայով:

Նախագահը, վարչապետը, նախարարներն ու արաբ երեսփոխանները հրաժեշտ առին, սրտագին բարեմաղթութիւններ ընելով Ճեմարանի տնօրէնին եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամներուն ու մեկնեցան:

Պաշտօնական հիւրերու մեկնումէն յետոյ, գործադրութեան դրուեցաւ հանդէսին յայտագիրը:

Համազգայինի նուագախումբը ղեկավարութեամբ պր. Օննիկ Սիւրմէլեանի նուագեց գեղեցիկ կտոր մը:

Լ. Շանթէն յետոյ, խօսք առաւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Գասպար Իփէկեան, որ պատմականը ընելէ յետոյ Հայ Ճեմարանը հովանաւորող Համազգայինի ընկերութեան կազմութեան, յայտարարեց.

«Համազգայինի նպատակն է, ա) Կենդանի պահել կրթական գործը գաղթաշխարհի մէջ եւ մղում տալ անոր զարգացման, հասցնելով կարող մտաւորական ուսուցիչներ, ի մասնաւորի հայագիտական առարկաներու մէջ: բ) Հիմնել տիպար մանկապարտէզներ, նախակրթարաններ, բարձրագոյն երկրորդական վարժարաններ կամ սատարել գոյութիւն ունեցող հիմնարկութիւններու: գ) Հիմնել անչափահասներու համար արտադպրոցական դասընթացքներ, միշտ ունենալով նոյն հայապահպանման եւ հայ արժէքներու ծանօթացման մտահոգութիւնը: դ) Ժողովուրդի լայն խաւերուն ծանօթացնել հայ մշակոյթի ստեղծագործութիւնները: ե) Վառ պահել հայ գեղարուեստի ջահը: զ) Կազմակերպել կանոնաւոր հերթական ասուլիսներ: է) Կազմակերպել հրատարակչական գործը. ը) Հիմնել գրավաճառատուներ»:

Գ. Իփէկեան այնուհետեւ վերյիշեց այն դժուարին, ծանր տագնապի օրերը, որ անցուց Հայ Ճեմարանը, իր հիմնադրութեան առաջին տասնամեակին: Սակայն, ըսաւ ան, շնորհիւ թափուած ճիգերուն, ան կրցաւ քսան տարի պահպանել իր գոյութիւնը եւ տարուէ տարի նոր յաջողութիւններ արձանագրել:

Նշան Փալանճեան

«Յարգա՜նք ու փա՜ռք Փալանճեան քոյրերուն եւ անմոռաց քաղցր յիշատակին Նշան Փալանճեանին: Այդ նուիրական անուններուն  համահաւասար պէտք է արձանագրել մեր Ամերիկահայ Օգնութեան միութեան եւ համակիրներու անունները, որոնց առատաձեռն նուէրները հնարաւորութիւն տուին այնքան շքեղօրէն իրականացնելու սիրելի Նշանին եւ իր ազնիւ հարազատներուն սկզբնական ու հիմնական գաղափարն ու քայլը: Ես նուիրական պարտականութիւն կը զգամ, շեշտեց ճառախօսը, այս գեղեցիկ տօնակատարութեան առթիւ յիշատակելու եւ ոգեկոչելու դարձեալ չորս նուիրական անուններ – Եսայեան, Սեդրաք Պալըգճեան, բայց մանաւանդ Համօ Օհանջանեան եւ Նիկոլ Աղբալեան, որոնց հոգիները վստահ եմ, մեզի հետ են այսօր եւ կը ժպտին մեզի անիմանալի բարձունքներէն: Անոնք իրենց անպարտելի կամքով ու ամբողջական նուիրումով կերտեցին այն հմայքը Համազգայինին եւ իր Ճեմարանին շուրջ, որուն պտուղները կը վայելենք այսօր»:

Ամերիկահայ մեծանուն հիւրերէն Հ. Քարեան  խօսեցաւ գեղեցիկ ճառ մը. «Ամերիկահայութիւնը իր աչքերը յառած է ձեզի, Արաբական երկիրներու մէջ հաստատուած մեր արենակիցներուն: Ձեր ստեղծած զուտ հայկական մթնոլորտը աւելի նպաստաւոր դրութիւն կերտած է հայ մանուկին, հայ դեռատի աղջկան սկիզբէն մինչեւ վերջը զուտ հայ կրթութիւն ու դաստիարակութիւն տալու:

Մենք շատ լաւ գիտենք, եւ հետեւած ենք, որ Հայ Ճեմարանը մինչեւ այսօր, այստեղ  հասցնող ազդակներէն մէկն ալ, եղած է ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներու զոհողութեան ոգին»:

Վերջին խօսողը հանդիսացաւ ամերիկահայ մեր մեծանուն հիւրերէն Ալէքս Փիլիպոսեան, որ ըսաւ.

«Լիբանանը այն միակ երկիրն է ուր հայ կեանքը պիտի յաւերժանայ: Ուր որ երթանք մթնոլորտը հայ է»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )