ՀՐԱՇԱԼԻ ՁԱՅՆԱՊՆԱԿ ՄԸ. ՍԻՊԻԼԻ ԱՄԵՆԱՍԻՐԱԾ ԵՐԳԵՐԸ

«Վարդանանց դպրաց դաս» երգչախումբը ունի շատ արժէքաւոր մեներգիչներ ու անոնց մէջ մասնաւոր տեղ կը գրաւէ սոփրանօ Սիպիլ Փեքթորոսօղլու, որուն վճիտ, հաղորդական ու տաքուկ ձայնը իր իւրայատուկ շեշտը կու տայ հայ ժողովրդական երգին: Սիպիլը քանիցս մեզ պատուով ներկայացուցած է միջազգային նուագահանդէսներու ու ձեռնարկներու բեմերուն վրայ եւ ան մէկն է մեր համայնքի երգչուհիներէն, որոնք պատիւ կը բերեն մեզի:

Անցեալները գրած էինք, որ մօտ օրէն հրապարակ պիտի հանուէր Սիպիլին առաջին ձայնապնակը: Ձայնապնակը արդէն հրապարակ ելած է ու հիմա Սիպիլին գեղեցիկ ձայնը այլեւս կրնայ հնչել մեր տուներէն ներս:

Ասիկա, բացի գեղարուեստական նուաճում մը ըլլալէ, Սիպիլի բազում տարիներու երազին իրականացումն էր. որովհետեւ ան երկար ատենէ ի վեր կ՛երազէր ունենալ իր ալպոմը եւ այդ ալպոմին վրայ երգէր իր ամենասիրած երգերը: Ի՜նչ լաւ, որ տաղանդաւոր երաժիշտ Մաժակ Թոշիկեան օգներ է իրեն, որ այդ ալպոմը իրականանայ:

Վստահօրէն գիտէինք, որ Սիպիլին առաջին ձայնապնակը յուսախաբ պիտի չընէր մեզ. բայց չէինք երեւակայեր, թէ այսքան պիտի տպաւորուէինք այդ ձայնապնակէն: Ձայնապնակը արուեստի ու լաւ երգեցողութեան խնճոյք մըն է, ուր կ՛արժեւորուին այնքան սիրուած երգեր, որոնց միջեւ կ՛արժէ նշել մասնաւորաբար «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին ու մեռնեմ», «Իմ անուշ տաւիղ», «Օրօր», «Տէր ողորմեա» երգերը, որոնք այնքան կարեւոր կը նկատուին մեր երաժշտական համերգներու յայտագիրներու մէջ: Ասոնց վրայ Սիպիլ աւելցուցած է` «Նամակ», «Ծարաւ սիրոյ», «Սիրոյ ձայնը», «Նայեմ», «Յիսուս» երգերը: Սիպիլ կը յայտնէ, թէ այս երգերը իր ամենասիրած երգերն են ու հինէն ի վեր կը փափաքէր զանոնք մէկտեղել ձայնապնակի մը վրայ: Այսպէս յայտնի կը դառնայ, որ Սիպիլի ամենասիրած երգերը մեր ալ ամենասիրած երգերը կը դառնան այս ձայնապնակով: Մեր ժողովուրդին կողմէ այնքան սիրուած այս երգերուն միջեւ կայ առաջին ունկնդրութիւն մըն ալ, հիանալի երգ մը, «Կեանքի մը համար», որուն բառերը գրուած են մեր փոխ խմբագրապետ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի կողմէ, եւ որուն երաժշտութիւնը յօրինուած է Մաժակ Թոշիկեանի կողմէ: Այս երգին բառերը իրականութեան մէջ գրուած են Սիպիլին համար, բայց կը դառնան համայնական ապրում:

Քեզ սիրէի
Հոգւոյս հուրով
Քեզ պաշտէի
Ջերմ կարօտով
Այգաբացի
Երգներս
Դուն հիւսէիր:

Մեղեդին հրաշալի է: Բայց նոյնքան եւ հրաշալի է գործիքաւորումը, որ ոչ միայն այս կտորին, այլ նաեւ բոլոր կտորներուն համար կատարուած է Մաժակ Թոշիկեանի կողմէ: Թոշիկեանի գործիքաւորումները նոր շունչ ու նոր կենսունակութիւն կը շահեցնեն բոլոր երգերուն, այն տպաւորութիւնը կը թողուն, որ երգչուհիին կ՛ընկերակցի մեծ նուագախումբ մը:

Յուզիչ, ծայր աստիճան յուզիչ է «Տէր ողորմեա»ն, այն հրաշալի երգը, որ ամէն կիրակի անգամ մը անպայման կը հնչէ մեր եկեղեցիներուն ու մեր սրտերուն մէջ: Սիպիլ, ինչպէս բոլոր միւս երգերուն, նոյնպէս մեզի համար այսքան կարեւոր այս երգին մէջ կրցած է դնել իր ձայնին ու հայ ցեղին ամբողջ տաքութիւնը: Բայց բոլոր երգերուն համար կրնանք նոյնը ըսել: Սիպիլ միայն իր հրաշալի ու թեքնիք կատարելութեան հասած ձայնով չէ որ կ՛երգէ, ան կ՛երգէ նաեւ հայկական ապրումներու սիրահար, անխարդախ ու խանդավառ հայուհիի մը սրտով, եւ ա՛յս է, որ այս երգերը կրկնապատիկ սիրելի կը դարձնէ մեզի: Իրերայաջորդ կերպով տասն անգամ կրնանք մտիկ ընել Սիպիլին երգած սա կամ նա երգը:

Այս ձայնապնակին մէջ Սիպիլին հետ ժամադրութիւն տուած են երկու թուրք մեծանուն ու վարպետ երաժիշտներ, նէյի վարպետ Մերճան Տետէ ու քանոնահար Կէօքսել Պաքթակիր: Այս երկու արուեստագէտները, որոնք այս ձայնապնակին վրայ Սիպիլին ընկերակցելով` ցոյց կու տան, թէ որքան սիրած են զինք, մեզի այնքան ծանօթ այս սիրուն հայկական մեղեդիներուն վրայ դրած են իրենց իւրայատուկ շեշտը, որ կը ճոխացնէ մեկնաբանութիւնը: «Տէր ողորմեա»ն կը բացուի կիթառահար Փեթրոյի մուտքով, ապա կը յանձնուի Սիպիլին ներշնչեալ ու աղօթքի նման բարձրացող ձայնին:

Սիպիլ իր անդրանիկ ձայնապնակը մկրտած է իր անունով, ձայնապնակին անունն է «Սիպիլ»: Լաւ ըրեր է: Այս կերպով այս սիրելի երգերը այսուհետեւ կը նոյնանան մեր սիրելի Սիպիլին հետ:

Կը շնորհաւորենք Սիպիլը, Մաժակ Թոշիկեանն ու բոլոր անոնք, որոնք այս ձայնապնակին մասնակցութիւն բերած են, առանց մոռնալու անունը Րաֆֆի Մարտիկեանի, որ Սիպիլի հրաշալի դիմանկարներովը շատ բան շահեցուցած է այս սիրուն ձայնապնակին:

Ռ. Հ.

Share this Article
CATEGORIES