ԹՈՒՐՔԻԱ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ 2013-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ 2013-ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ մէջ, իսկ 2015-ի ախոյեանութիւնը` Նոր Զելանտայի մէջ: Նշենք, որ այս տարուան ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրն է Քոլոմպիա:

ՖԻՖԱ-ն յայտարարեց նաեւ 17 տարեկանէն վար պատանիներու ախոյեանութեան հիւրընկալ երկիրներուն անունները: 2013-ին անիկա տեղի պիտի ունենայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, իսկ 2015-ին` Չիլիի մէջ:

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան, անիկա տեղի պիտի ունենայ 2012-ին` Ուզպեքիստանի մէջ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS