ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՇԱԿԵՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԳԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՅԻՇԱՏԱԿԸ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, ուրբաթ, 6 մայիսին, Նահատակաց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ ձեռնարկ եւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Պէյրութի Նահատակաց յուշարձանին դիմաց` մասնակցութեամբ հետեւեալ վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու աշակերտներուն. Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճ, Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճ, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարան, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան, Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, ՀԲԸՄ Դարուհի- Յովակիմեան վարժարան:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արաբերէնով արտասանեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Քրիստին Չպուքճեան: Ան յայտնեց, որ ամէն տարի Մայիս 6-ին կ՛ոգեկոչենք յիշատակը այն նահատակներուն, զորս կախաղան բարձրացուց Ճեմալ Փաշա Համաշխարհային Ա. պատերազմի օրերուն` աւելցնելով, որ անոնց մեծամասնութիւնը մտաւորականներ եւ գրողներ էին:

Չպուքճեան նկատել տուաւ, որ այս արարքը շարունակութիւնն է այն ոճիրին, զոր թրքական պետութիւնը գործեց հայ ազգին նկատմամբ, երբ ձեռնարկեց Ցեղասպանութեան եւ տեղահան ըրաւ հայ ազգը իր հողերէն: «Նահատակութիւնը զոհողութիւն, հերոսութիւն եւ հայրենասիրութիւն է», եզրափակեց Չպուքճեան եւ երիտասարդութեան անունով ուխտեց չմոռնալ հայ եւ լիբանանցի նահատակները, այնքան ատեն որ կ՛ապրի: Այնուհետեւ դարձեալ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի աշակերտ Ռոզի Աւետիսեան արաբերէնով արտասանեց «Նահատակները» քերթուածը:

Ճորճ Գրիգորեան

Օրուան խորհուրդը փոխանցեց Պուրճ Համուտի փոխքաղաքապետ Ճորճ Գրիգորեան: Ան հաստատեց, որ Մայիս 6-ի նահատակները առաջիններն էին, որոնք նահատակուեցան, եւ անոնք գրողներ ու մտաւորականներ էին: Ան նկատել տուաւ, որ նահատակները լիբանանեան զանազան շրջաններէ եւ տարբեր համայնքներէ էին: «Մայիս 6-ը ոգեկոչելով` կը յիշեցնենք ապրողներուն, որ այն ժողովուրդը, որ կ՛ուրանայ իր անցեալը, չի կրնար կերտել իր ապագան», եզրափակեց Ճորճ Գրիգորեան:

Ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտ Մարիա Ադամեան խօսք առնելով հաստատեց, որ նահատակութիւնը հերոսութեան դպրոցն է, որ սերունդներուն կը սորվեցնէ մահուան սէրը` ի գին հայրենիքի գոյատեւման: Իր կարգին, Ազգային Ս. Խանամիրեան վարժարանի աշակերտ Սթեֆանի Շորճեան արտասանեց «Նահատակները» քերթուածը:

Գեղամ արք. Խաչերեան

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ան շեշտեց, որ Ապրիլ 24-ի պահանջատէր հայութեան սերունդները չեն կրնար անտեսել լիբանանեան հայրենիքի մայիս 6-ի նահատակները: «Նահատակներ մահացած մարդիկ չեն. անոնք ողջ եւ ապրող իրականութիւններ են: Նահատակները հերոսներ են, իսկ հերոսները` քաջեր», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ նահատակը իր կեանքին մէջ հաւատացած է սրբութիւններու, արժէքներու, նուիրական իտէալներու, եւ անոնց համար իր կեանքը տրամադրած ու զոհած է: Շարունակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը շեշտեց, որ հայ աշակերտները նահատակներու ճամբէն կը քալեն: «Նահատակները արդարութեան, ճշմարտութեան ճամբէն կը քալեն եւ ոչինչ կը կեցնէ զիրենք», շեշտեց Գեղամ արք. Խաչերեան` աւելցնելով, որ նահատակները այն հերոսներն են, որոնք սերունդներուն առջեւ ճամբան կը բանան, բոլոր խոչընդոտները կը քանդեն եւ իրենց ձեռքի շահին կրակով բոլոր պատուարները կ՛այրեն, որպէսզի սերունդները քալեն արդարութեան, անկախութեան եւ արժանապատուութեան ճամբէն:

Սրբազանը նաեւ հաստատեց, որ գիրի եւ գիտութեան կողքին աշակերտներուն դաստիարակութեան մէջ նուիրական արժէքներու` արժանապատուութեան, անկախութեան եւ ազատութեան գիտութիւնը շատ աւելի կարեւոր է: Առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց աշակերտներուն, իրենց աջ ձեռքերը բարձրացնեն նահատակներուն` իրենց ըսելու համար, որ «Այսօր մենք ձեր բռնած ջահը շալկած ենք եւ իբրեւ նահատակներու քաջ սերունդ կը շարունակենք ջահը բռնած պահել եւ այդպէս ալ պիտի մնանք»:

Աւարտին իւրաքանչիւր վարժարան ծաղկեպսակ զետեղեց Նահատակաց յուշարձանին դիմաց:

 

Share this Article
CATEGORIES