«ՄԵՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ԻԲՐԵՒ ԱՐԴԻՒՆՔ ՍՏԵՂԾԱԾ ԵՆՔ ԱՆԿԱԽ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ» Կ՛ԸՍԷ ՍԷՅՐԱՆ ՕՀԱՆԵԱՆ

«Մեր պայքարի արդիւնքը ուղղակի այնպէս չէ անցած, մենք ստեղծած ենք պետութիւն, մենք ունինք անկախ ապրելու իրաւունք, ազատ ենք այսօր եւ ազատ արարումները կարելիութիւն կու տան աւելի ստեղծագործ մօտեցում ունենալու մեր հայրենիքի ապագային նկատմամբ», երէկ Եռաբլուրի մէջ` Երկրապահի օրուան առնչութեամբ կազմակերպուած նախաձեռնութեան ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Ան իր ելոյթին ընթացքին շնորհաւորեց Երկրապահներու օրը, Շուշիի ազատագրման եւ բանակի կազմաւորման տարեդարձը` ցանկութիւն յայտնելով միասնական ջանքերով ձեռք բերուածը հաստատակամ, յստակ քայլերով առաջ տանելու եւ զարգացնելու:

Պաշտպանութեան նախարարին համաձայն, հայութեան համար տարուան առնուազն երկու ամիսները չափազանց սուղ են. մէկը մայիսեան յաղթանակներու ամիսն է, միւսը` սեպտեմբերը, երբ կը նշուին Արցախի եւ Հայաստանի անկախութեան տարեդարձները: Մայիսեան յաղթանակներու շարքին մէջ նախարարը յիշատակեց Համաշխարհային Բ. պատերազմին տարուած յաղթանակը, Արցախի ազատագրական պայքարին ընթացքին հայոց հնագոյն բերդաքաղաք Շուշիի ազատագրումը, Սարդարապատի, Ապարանի, Ղարաքիլիսայի յաղթանակները:

«Եւ այս յաղթանակներուն հիմքին մէջ ինկած է միասնականութիւնը: Եթէ Սարդարապատի մէջ վճռորոշ դերակատարութիւն ունեցան նաեւ Արցախէն ժամանած ստորաբաժանումներն ու զօրամասերը, ապա արցախեան այս գոյապայքարին ընթացքին վճռորոշ դերակատարութիւն կատարեցին կամաւորականներու, երկրապահներու, ազատամարտիկներու հիմքին վրայ ստեղծուած ջոկատներն ու ստորաբաժանումները», յայտարարեց Սէյրան Օհանեան:

Ըստ անոր, հայութեան պայքարին տուած արդիւնքը ակնյայտ է նաեւ այսօր: «Եւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը` իր ղեկավարութեան, հանրապետութեան նախագահի եւ գերագոյն գլխաւոր հրամանատարի գլխաւորութեամբ իր բազմաշերտ նախաձեռնողական քաղաքականութեան շնորհիւ կը բարձրացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան դերն ու նշանակութիւնը միջազգային ասպարէզին մէջ, եւ նաեւ մենք այս բոլորին արդիւնքը կը տեսնենք հանրապետութեան մէջ», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարը: Ան նաեւ ընդգծեց, որ որեւէ արդիւնք պէտք է հայ ժողովուրդը դրդէ պատասխանատուութեամբ մօտենալու երկրի ապագային:

 

 

Share this Article
CATEGORIES