ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ. ԵՂԱՆԱԿԱՅԻՆ ԵՌՈՒԶԵՌՆԵՐ` ԲԵՐԴԻՆ ԱՆԱՌԻԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ (Շուշիի Ազատագրութեան 19-Ամեակին Առիթով)

Շուշիի ազատագրութեան 19-ամեակի նշումին, երբ տակաւին կը խօսինք ազատագրուած քաղաքը շնչող միջավայրի վերածելու անհրաժեշտութեան մասին, կը նշանակէ, որ բնակեցման թէ առհասարակ զարգացման աշխատանքները բաւական դանդաղ կ՛ընթանան: Շուշիի ռազմավարական կարեւորութիւնը ներկայացնող գրութիւնները, յայտարարութիւններն ու վերլուծումները ակամայ կը ստանան կարգախօսային կամ յայտարարողական բնոյթ, որովհետեւ չի հետեւիր ակնկալուած տարողութեամբ գործը:

Այս հաստատումը անշուշտ չ՛ենթադրեր , որ ազատագրուած օրէն ի վեր Շուշին իբրեւ քաղաք ու ապրող բնակչութիւն բացարձակապէս մնացած է նոյնը: Ի հարկէ որոշակի առումով ծաղկած է հոգեւոր ու մշակութային կեանքը, ծաւալած է շինարարութիւնը, կազմակերպուած են պետական կառոյցներն ու ենթակառոյցները եւ արձանագրուած է բնակչութեան աճ: Խնդիրը ակնկալուած արդիւնքէն տակաւին հեռու մնալն է, զարգացման աշխատանքներուն պէտք եղած թափի հաղորդման պակասն է:

«Պէտք է»ներու շարքը այստեղ անհարկի է անշուշտ: Կը բաւէ վերստին յիշել քաղաքին ներկայացուցած ռազմավարական կարեւորութիւնը` համոզուելու համար, որ մեր հայրենիքի անվտանգութեան պահպանման համար որքա՛ն կարեւոր է Շուշիի բերդին անառիկութիւնը:

Նկատառելի բնակեցում կամ առեւտրական ու ճարտարարուեստական քաղաք ակնկալելը եւ պահանջներուն առաստաղը բարձրացնելը իրատեսական չի թուիր: Մշակութային կեդրոնի վերածելու առաջադրանքը սակայն, որ կը վայելէր պետական հովանաւորութիւն եւ համապատասխան կառոյցներու աջակցութիւն, տակաւին յայտարարուած առաջադրանքի տարողութեան առարկայացումը չէ գտած քաղաքին մէջ:

Եղանակային եռուզեռներ կազմակերպելը սակայն` մշակութային փառատօներու, համահայկական համաժողովներու, երիտասարդական բանակումներու, մարզական մրցաշարքերու ճամբով կենդանութիւն կ՛ապահովեն քաղաքին: Այս միջոցառումները ինքնին պետական հովանաւորութիւն կ՛ենթադրեն. անոնց իրականացման համար համապատասխան ծառայութիւններու եւ դիւրութիւններու կարիքը ինքզինք զգալի կը դարձնէ: Ի վերջոյ համահայկական միջավայրեր ստեղծելու համար անհրաժեշտ են համաժողովներու սրահներ, պանդոկներ, մարզադաշտեր եւ նման ենթակառոյցներ, որոնց շինարարութիւնը արդէն նոր գործատեղերու եւ աշխատուժի պահանջ կը դնէ:

Հայաստան – Լեռնային Ղարաբաղ – սփիւռք եռամիասնութեան առարկայացման յարմարագոյն վայրերէն մէկը Շուշին կարելի է համարել: Յառաջիկայ տարին ազգովին պիտի նշենք Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակը: Անիկա կրնայ վերածուիլ լաւագոյն առիթի` Շուշին իբրեւ համահայկական կեդրոնատեղի նկատի ունենալու եւ ըստ այնմ նախապատրաստուելու: 20-ամեակը պարզապէս գործնական մեկնարկ կրնայ ծառայեցուիլ համահայկական եղանակային եռուզեռներ կազմակերպելու համար:

Համահայկական հովանոցը ընդմիշտ պէտք է բաց պահել այս քաղաքին վերեւ: Անոր ազատագրումը եւս համահայկական ուժերով էր, որ իրականացաւ: Շուշին բերդն է Արցախին, Արցախը իր կարգին` Հայաստանի Հանրապետութեան: Բերդին անառիկութեան պահպանումը հաւասարապէս բոլորիս պարտականութիւնն է:

Յառաջիկայ 9 մայիսին` Շուշիի ազատագրութեան 20-ամեակին, այս սիւնակներէն պէտք է գրուի բերդի անառիկութեան համար իրականացուող աշխատանքներուն մասին::

Share this Article
CATEGORIES