ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՄԱՂԹԵՑ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆ ԿԱՐԵՆԱՅ ՅԱՋՈՂ ԴՈՒՐՍ ԳԱԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԷՆ

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ նախագահեց Հարիսայի Տիրամօր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` խնդրելով, որ Աստուած լիբանանցի պատասխանատուներուն խիղճը արթնցնէ, որպէսզի անոնք կարենան երկիրը դուրս բերել կառավարութեան կազմութեան տագնապէն, որուն պատճառով երկրին սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը անդամալուծուած է, իսկ Լիբանանը` տնտեսական լուրջ տագնապի մէջ խրած:

Ռայի պատրիարքը աղօթեց առ Աստուած, որ Լիբանանի ղեկավարներուն միջեւ ազգային համերաշխութեան սկզբունքները ամրապնդուին եւ փոխադարձ յարգանքը պարտադրէ ինքզինք:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին համաձայն, Ռայի պատրիարքը նոր նախաձեռնութիւն մը պիտի առաջադրէ` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ հաշտութիւն գոյացնելու համար:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES