50 Տարի Առաջ (22 Յունուար 1963)

Հայ Կեանք

Խմբավար Տուրեանի
Յաջողութիւնները

Հայաստանի համանուագախումբի գլխաւոր ղեկավարը` Օհան Տուրեան, հինգ նուագահանդէսներ տուած է Լայփցիկի եւ Տրեզտենի մէջ: Տեղւոյն գերմանական համանուագախումբերը Օհան Տուրեանի ղեկավարութեան տակ նուագած են Ռաւել, Շոսթաքովիչ եւ այն:

Գերման թերթերը այս առթիւ գովասանքի տողեր նուիրած են հայ խմբավարին. այսպէս, Լայփցիկի «Ունիոն» թերթը գրած է, ի մէջ այլոց. «Մեզի անծանօթ հայ խմբավարը ապշեցուց բառին լաւագոյն իմաստով: Անոր ղեկավարութեան տակ Կեւանդհասուի նուագախումբը այս նուագահանդէսներուն ընթացքին հասաւ իր գագաթնակէտին»:

 

Լիբանանահայու Մը Ցաւալի Մահը

Գէորգ Մինասեան, Որ Ճամբայ Ելած Էր
Դէպի Հայաստան, Նաւուն Մէջ Մեռած Է

Աթէնքի մեր պաշտօնակից «Ազատ Օր»-ի մէջ, կը կարդանք.-

Դեկտեմբեր 30-ին Պէյրութէն Խորհրդային «Ճերճինսկի» նաւով դարմանումի համար դէպի Հայաստան ճամբայ ելած հայ երիտասարդ մը` Գէորգ Մինասեան, հինգշաբթի, յունուար 3-ին, երբ նաւը Բիրէա կը հասնի, սրտի ծանր տագնապ մը կ՛ունենայ եւ իսկոյն կը փոխադրուի Բիրէայի Զանիոն հիւանդանոցը: Ապա լուր կը տրուի Լիբանանի դեսպանատան, որ իր կարգին կը հեռաձայնէ առաջնորդ սրբազան հօր: Սրբազանը Քոքինիոյի թաղականութենէն եւ Հ Կ Խաչէն կը խնդրէ հետաքրքրուիլ հիւանդով:

Ստեփան Մովսէսեան անմիջապէս կը փութայ հիւանդանոց, ուր կը տեսակցի հիւանդին եւ բժիշկին հետ, որ կը հաղորդէ, թէ` Մինասեանին վիճակը յուսահատական է:

Տարաբախտ երիտասարդը Ծնունդին օրը, կէս գիշերուան մօտ, կը փակէ աչքերը: Յուղարկաւորութիւնն ու թաղումը կը կատարուի երկուշաբթի ձեռամբ Քոքինիոյի հովիւ Մատթէոս քհնյ.  Բարաղամեանի եւ ի ներկայութեան Հ. Կ. Խաչի Քոքինիոյի վարչութեան բոլոր անդամներուն ու մէկ քանի հայրենակիցներու, Երմանիքայի գերեզմանատան մէջ:

Հանգուցեալը 37 տարեկան էր, ամուսնացած եւ լիբանանեան հպատակ:

Հայաստան կ՛երթար սրտի հիւանդութիւնը դարմանելու համար:

Առաջնորդ սրբազանը Լիբանանի դեսպանատունէն խնդրած է հանգուցեալին գոյքերը հիւանդանոցէն վերցնել եւ Պէյրութ` իր ընտանիքին ղրկել:

 

Նոր Հրատարակութիւններ

Հայաստանի Մէջ Գիրք` Այվազովսկիի Մասին
Եւ
Լ. Բաշալեանի «Ընտիր Երկեր»-ը

Ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսկիի կեանքը գեղարուեստական գիծերով ներկայացնող վէպ մը գրուած է Լ. Վակների կողմէ, ռուսերէն, որուն հայերէն թարգմանութիւնը` «Պատմութիւն նկարիչ Այվազովսկու մասին», լոյս տեսաւ Երեւանի մէջ, Ս. Սահակեանի եւ Գ. Էլբակեանի թարգմանութեամբ:

«Ընտիր երկեր» խորագրին տակ հրատարակուեցաւ արեւմտահայ արդի գրականութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն` Լեւոն Բաշալեանի գործերուն հաւաքածոն: Գիրք կը բովանդակէ գրագէտին լաւագոյն գործերը, ժամանակագրական կարգով:

Տիգրան Չէօկիւրեանի «Վանքը» վիպակը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1915-ին, Պոլիս, լոյս տեսաւ վերջերս Հայաստանի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )