ԻՍԼԱՄ ՔՈՅՐԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԻԳԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐ ՆՈՐ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ

Եգիպտացի կիները, ինչպէս այս երկուքը Գահիրէի Թահրիրի հրապարակին վրայ, փողոց իջան Հիւսնի Մուպարաքը տապալող վերջին ցոյցերուն ընթացքին: Անոր տապալումը իրեն հետ կը բերէ նաեւ ազատագրութեան զգացում մը, որ կ՛ընդարձակուի մինչեւ սեռի ինքնութեան հարցերը:

Իսլամ եղբայրութեան կիները նեցուկի դեր ունեցան Եգիպտոսի յեղափոխութեան ընթացքին եւ հիմա կ՛ուզեն մասնակցութիւն բերել անոր ժողովրդավարական ապագան ձեւակերպելու գործին մէջ: Հակառակ անոր որ անոնցմէ շատեր արեւմտեան հագուստներ կը հագնին իրենց հիժապին տակ, կը գործածեն «Ֆէյսպուք»ը եւ «Թուիթըր»ը եւ կը խօսին ազատագրութեան մասին, տակաւին կը թուին անորոշ ըլլալ արդիական իսլամ կնոջ ինքնութեան հարցով:

Ժիհան` տան անդրանիկ զաւակը, նստած է բազկաթոռի մը վրայ, Գահիրէի իր երկրորդ յարկաբաժինին մէջ: Ծաղկաւոր գլխաշոր մը կ՛եզերէ անոր կարմիր այտերը, եւ խնձորի հիւթով լեցուն գաւաթ մը կայ անոր ձեռքին մէջ: Ան կ՛ըսէ` «Ինշաալլա, նոյնիսկ կին մը կ՛ընտրուի իբրեւ Եգիպտոսի նախագահ»:

Արուա` տան կրտսերը, նստած է համակարգիչի մը դիմաց, իր վարդագոյն մանկական սենեակէն դուրս Ապու Քեպիր կոչուած փոքր քաղաքին մէջ: Ան կը պրպտէ կարծիքներու փոխանակման իր սեփական համացանցային էջը (պլոկը): «Մուպարաք գնաց», կ՛ըսէ ան: «Երբ մեծնամ, խորհրդարանի անդամ պիտի ըլլամ, ինշաալլա»:

Զահրա, որ տարիքով երկուքին միջեւ է, կանգնած է Գահիրէի Թորայի բանտին շուքին տակ: Ան իր սպիտակ գլխաշորը կ՛ամրացնէ իր դէմքին շուրջ, կարծես` ինքզինք կը զինէ ապագայի համար: «Մեր գործը ազգը բարձրացնել է», կ՛ըսէ ան:

Ասոնք երեք իսլամ քոյրեր են, իւրաքանչիւրը` տարբեր սերունդի պատկանող: Հակառակ նոյն ընտանիքի անդամ չըլլալնուն, անոնք քոյրեր են հոգիով. երեքը` այն հարիւր հազարաւոր կիներէն, որոնք կը պայքարին իրենք իրենց համար, ինչպէս նաեւ նոր Եգիպտոսի մը համար` իբրեւ մէկ մասը երկրի մեծագոյն դիմադրութեան խումբին:

Անոնց նպատակն է ունենալ իսլամական ընկերութիւն մը: Անոնք ինքնավստահ են, եւ անոնց պատգամը շատ յստակ է. ասիկա մե՛ր ալ ժամանակն է: Մենք կրնանք հիժապ հագած ըլլալ, բայց մենք նոյնքան զօրաւոր ենք, որքան Իսլամ եղբայրները:

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շատ կիներու համար փոփոխութեան այս ժամանակը առիթ մը կը հանդիսանայ կրկին մտածելու եւ թերեւս վերաձեւակերպելու իրենց տեղը ընկերութեան մէջ: Անոնք կը մտածեն, թէ արդեօք լաւ մայրեր, լաւ կիներ, լաւ դուստրեր եւ լաւ իսլամներ ըլլալու կողքին, նաեւ ի՛նչ կրնան ըլլալ:

Յեղափոխութենէն ի վեր ամէն անցնող օրուան հետ անոնք քիչ մը աւելի կը զօրանան: Ներկայիս սահմանադրական հանրաքուէ մը բոլոր եգիպտացիներուն համար, ներառեալ` կիներուն, տուած է այնպիսի ազատութիւններ, որոնք Ժիհանի, Արուայի եւ Զահրայի նման կիներ երկար ատենէ ի վեր կը հաւատային, թէ անկարելի էին:

Եգիպտոսի նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի տապալումէն ի վեր, ամէն օր յատուկ օր մըն է: Բայց Զահրա Շաթերի համար, մինչ ան կը կանգնի Թորայի բանտին դարպասին առջեւ, այս յատուկ օրը տօնակատարութեան օր է:

Փոշի կայ օդին մէջ եւ ամպի գուլաներ` երկինքին վրայ: Զահրա կը սպասէ իր հօր ազատ արձակման: «Ասիկա հիմա Աստուծոյ արդարութիւնն է,- կ՛ըսէ ան:- Ան ազատ պիտի ըլլայ, եւ անոնք, որոնք ասիկա ըրին մեզի, բանտ պիտի դրուին»:

«Անոնք» ըսելով` ան կ՛ուզէ ըսել Մուպարաքը եւ անոր գործակիցները, բայց յատկապէս` Հապիպ Ատլին: Այն մարդը, որ մինչեւ վերջերս Եգիպտոսի ներքին գործոց նախարարն էր, իսկ ներկայիս ամբաստանուած է փտածութեամբ եւ կը գտնուի Զահրայի հօրը քովի խուցին մէջ:

Զահրա, երեսունչորս տարեկան, ամուսնացած եւ չորս զաւակներու մայր, դուստրն է Խայրաթ Շաթերի` Իսլամ եղբայրներու «թիւ երեք» մարդուն: Ան յաղթանդամ կին մըն է, յախճապակիի գոյնի մորթով եւ մուգ աչքերով: Անոր գետին քսուող հիժապը գրեթէ ամբողջութեամբ կը ծածկէ անոր երիտասարդութիւնը: Անոր բջիջային հեռաձայնը անդադար կը հնչէ: Անոնց կէսին չի պատասխաներ:

«Երեւակայէ՛,- կ՛ըսէ ան,- զաւակներս ականատես եղան իմ հօրս եւ ամուսինիս ձերբակալման. պետական ապահովական ուժերը կը զարնեն մեր տան դուռը առաւօտեան ժամը երկուքին եւ յանկարծ ներս կը խուժեն»:

ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՍ ԿԷՍԸ

Անոր կողքին, հիժապներով զինուորներու նման, շարուած են անոր քոյրերը: Անոնք հագած են հիժապներ` իսլամ կիներու աւանդական գլխաշորերով, եւ նիքապներ` այն երեսի ծածկը, որ միայն աչքերուն համար ճեղք մը կը թողու: Անոնք Իսլամ եղբայրութեան միւս կիներն են: Բոլորն ալ նոյնպիսի փորձառութիւններ ունեցած են: Անոնց աչքերը գամուած են դարպասին վրայ:

Զահրա Իսլամ քոյրերու անդամ եղած է յիշողութեան տարիքէն ի վեր: «Անդամակցութեան դիմումնագիր լեցնելու պէտքը չկար բնաւ,- կ՛ըսէ ան:- Մենք կը բաժնենք նոյն գաղափարաբանութիւնը»:

Քոյրերու միութիւնը գոյութիւն ունի 1932-էն ի վեր: Անիկա կիներու թեւն է Իսլամ եղբայրներուն` այն ստուերանման իսլամական կազմակերպութիւնը, որ ճնշուած էր Մուպարաքի կողմէ, եւ որուն նկատմամբ վախեր կան Արեւմուտքի մէջ: Խումբին հետ կը կապուին այն բառերը, որոնք վախ կ՛առթեն Արեւմուտքի մէջ, ինչպէս` «շարիա», «ժիհատ» եւ «ահաբեկչութիւն»:

Յեղափոխութենէն առաջ Միացեալ Նահանգները եղբայրութիւնը դասեցին ծայրայեղական, հակաարեւմտեան եւ հակաիսրայէլեան կազմակերպութիւններուն շարքին: Բայց հիմա որ հին վարչակարգը ինկաւ, անիկա կը հանդիսանայ հզօրագոյն քաղաքական ուժը երկրին մէջ եւ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ ժողովրդավարական կազմակերպութիւն մը: Հակառակ տասնամեակներու ճնշումին` եղբայրութիւնը կրցաւ գրաւել հարիւր հազարաւոր հետեւորդներ, որոնք այժմ պատրաստ են խաղալու դեր մը` ձեւակերպելու համար Եգիպտոսի ապագան: Կ՛ըսուի, թէ անոնց շուրջ կէսը` Զահրայի, Ժիհանի եւ Արուայի նման դուստրեր եւ մայրեր, կ՛աղաղակեն ընկերութեան մէջ նոր դեր մը ունենալու համար:

ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ` ԱՌԱՋԻՆ ԱԿՆԱՐԿՈՎ

Դարպասը կը բացուի: Չորսուկէս տարիէ ի վեր ահաբեկչութեան, դրամի լուացման եւ ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամ ըլլալու  ամբաստանութիւններով Մուպարաքի վարչակարգին կողմէ բանտարկուած ըլլալով, ահա՛ Զահրայի հայրը: Ան աչքերը կը կկոցէ ազատութեան առաջին ակնարկին:

Զահրա կ՛ուզէ փաթթուիլ անոր: Քանի մը կաթիլ արցունք կը հոսի անոր հիժապին վրայ: Բայց ան անկարող է անոր հասնելու: Եղբայրութեան անդամները արդէն արագօրէն շրջապատած են զայն եւ հիմա արդէն կը գոռան` «Ալլահու աքպար» («Աստուած մեծ է») եւ` «եղբայրութիւնը յոյսն է երկրին»: Միայն քանի մը շաբաթ առաջ անոնք պիտի ձերբակալուէին այդպիսի արարքի մը համար:

Այս յետմիջօրէին Գահիրէի մէջ անոնք կը ծածանեցնեն եգիպտական դրօշակներ. նոյն այն դրօշակները, զորս ցուցարարները ծածանեցուցին Թահրիրի հրապարակին վրայ: Զահրա կ՛ըսէ, թէ ինք ներկայ էր ցոյցերու բոլոր օրերուն: «Եգիպտոսի մէջ ոչ ոք այդքան ահաբեկուած էր Մուպարաքի կողմէ որքան` մենք», կ՛աւելցնէ ան:

Զահրա ոտքի մատներուն վրայ կը կանգնի` հայրը աւելի լաւ տեսնելու համար, բայց ուրախութեան նշան մը չկայ անոր երեսին վրայ: Ան հազիւ կրնայ ժպտալ` ունենալով երեւոյթը ցնցումի մէջ եղող անձի մը, մէկու մը, որ չի հաւատար իր աչքերուն տեսածին: «Երբ մտածեմ հօրս մասին, զինք կը տեսնեմ բանտի խուցին մէջ», դիտել կու տայ ան` աւելցնելով, թէ իր միտքին մէջ չունի ուրիշ պատկեր մը: Զահրայի ամուսինը բանտարկուած էր հինգ տարիներէ ի վեր, հայրը` տասներկու:

ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՏԵՍԻԼՔՆԵՐԸ

Ցարդ Իսլամ եղբայրներու միութիւնը կը շարժէր ընկերութեան շուքին մէջ, մինչ կիները կը շարժէին Իսլամ եղբայրներու շուքին մէջ: Զահրա կը պատկանի կիներու սերունդի մը, որոնք վարչակարգին տակ ապրուած կեանքէն բացի, ուրիշ բան չեն տեսած, որոնք բնաւ չեն գիտցած, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ ազատ:

Ներկայիս տարիքով երեսունի մէջ, ան միայն հինգ տարեկան էր, երբ Մուպարաք եկաւ իշխանութեան գլուխ: «Կա՛մ մենք, կա՛մ իրենք», կը պնդէր Մուպարաք` եգիպտացիներուն մէջ իսլամականներուն հանդէպ վախ առթելու համար: «Իմ ամբողջ կեանքիս ընթացքին,- կը նշէ Զահրա,- ես այնքան զբաղած էի տղամարդիկը բանտէն դուրս հանելու եւ ընտանիքս միասին պահելու գործով, որ նոյնիսկ չէի կրնար երթալ եղբայրութեան շաբաթական հանդիպումներուն: Հիմա ամէն բան տարբեր պիտի ըլլայ»:

Պատասխանելով նոր Եգիպտոսի եւ անոր ազատ, հանդուրժող եւ բազմերանգ ըլլալուն մասին իր պատկերացումին վերաբերող հարցումի մը` Զահրա կ՛ըսէ, թէ ընկերութիւնը «մակերեսային» էր հին վարչակարգին տակ: «Կեանքը պարզապէս ուտել, ամուսնանալ եւ գործի վազել էր», կ՛աւելցնէ ան: Ըստ իրեն, շատ եգիպտացի կիներ հիժապ կը հագնին եւ աղօթելու կ՛երթան պարզապէս առօրեայ գործի մը պէս` առանց իրապէս ապրելու իրենց հաւատքը:

Զահրա կ՛ըսէ, թէ ինք կ՛երազէ քաղաքակիրթ իսլամական ընկերութեան մը մասին. մաքուր փողոցներ, անկեղծութիւն, երկիր մը` առանց փտածութեան եւ ամէնէն աւելի` աւելի լաւ կրթական համակարգ: «Առիթով մը սոսկալի ուսումնասիրութիւն մը կատարուեցաւ, որուն մէջ փորձեր ըրին երկրորդական վարժարան աւարտած աշակերտներու վրայ,- դիտել կու տայ ան:- Անոնց մեծ մասը չէր կրնար ճիշդ կարդալ անգամ»:

ԿՆՈՋ ՄԸ ՏԵՂԸ

Եգիպտոսի կիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զահրա սկիզբը ըսաւ. «Ես զանազանութիւն չեմ դներ տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ: Անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: Մենք բոլորս ալ Թահրիրի հրապարակին վրայ էինք, տղամարդիկ եւ կիներ, չէ՞»: Բայց յետոյ ըսաւ. «Կիները անգամ չեն ուզեր ընել այն բաները, զորս տղամարդիկը կ՛ընեն»: Իրենց բնոյթին մէջն է, աւելցուց ան, զաւակ ծնիլը, աւելի զգայուն ըլլալը եւ ընկերային պատասխանատուութիւններու համար աւելի ատակ ըլլալը:

Իրողապէս Զահրա շատ հեռու է ազատագրութենէն եւ տղամարդոց ընդդիմութենէն: Ան կ՛ըսէ, թէ իր հայրը վատառողջ էր բանտին մէջ: Ամառը յատկապէս ան կը տառապէր տաքէն, իր չզովացուած խուցին մէջ: «Ուզեցի, որ մենք ալ բաժնենք անոր տառապանքը», կ՛ըսէ, ուստի ան արգիլած է զովացնել իրենց յարկաբաժինը: Փոխանորդական տառապանքը եւս, ըստ երեւոյթին, կնոջ մը պարտականութիւնն է:

Արգիլուած ըլլալով քաղաքական դաշտին մէջ մասնակցութիւն բերելէն` եղբայրութիւնը յատկապէս աշխուժ գործունէութիւն վարեց ընկերութեան մէջ: Ան ունի հիւանդանոցներ, կրթական հաստատութիւններ, մանկապարտէզներ եւ աղքատ ու տնանկներուն ապուր հրամցնող խոհանոցներ: Այդ ընելով` ան մեծ թիւով հետեւորդներ շահեցաւ:

Իսլամ եղբայրներուն արտօնուած էր Եգիպտոսի խորհրդարանին մէջ ծառայել իբրեւ անկախ թեկնածուներ միայն: Անոնցմէ շատեր մնայուն հսկողութեան տակ էին, կը հետապնդուէին եւ կը ձերբակալուէին: Տրուած ըլլալով, որ եղբայրութեան անդամներուն կիները վտանգաւոր չէին սեպուեր, անոնք կրնային գործել աննկատ կերպով:

Այդպէս էր, որ քոյրերը աւելի կարեւոր դեր մը ստացան: Անոնք կենդանի պահեցին կազմակերպութիւնը` հոգալով բանտարկեալներուն ընտանիքները, կազմակերպելով բողոքի քայլարշաւներ եւ փաստաբաններուն համար դրամ հաւաքելով:

Անոնց արտօնուած չէր ըլլալ քաղաքական գործիչներ: «Կարելի չէր,- կ՛ըսէ Զահրա,- պետական ապահովութեան համակարգին պատճառով: Կնոջ մը ձերբակալման գաղափարը թապու մըն է խումբին համար»: Առաւել, կ՛ըսէ ան, Իսլամ եղբայրներէն շատեր համոզուած են, որ աւելի լաւ է, որ կիները կատարեն իրենց «բնական» պարտականութիւնները, ինչպէս օրինակ` մայր ըլլալը:

ՀԻՆ ՕՐԵՐՈՒ ՎԵԹԵՐԱՆ ՄԸ

Ժիհան Հալաֆաուի, յիսունինը տարեկան, անդամ էր Իսլամ եղբայրներուն` նախքան Մուպարաքի իշխանութեան գլուխ գալը: «Մենք երիտասարդ էինք,- կ՛ըսէ ան,- եւ կ՛ուզէինք փոխել երկիրը»: Ան առաջին եգիպտացի կինն էր, որ իր թեկնածութիւնը դրաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Հակառակ անոր որ ան շահեցաւ ընտրութիւններուն, պաշտօնատարներ ըսին, թէ քուէարկութեան մէջ զեղծարարութիւններ եղած էին, եւ զլացան անոր այդ դիրքը: Այսօր եւս իր թեկնածութիւնը դնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժիհան կ՛ըսէ. «Ես պիտի չուզէի ամբողջութեամբ հրաժարիլ գաղափարէն, բայց կը նախընտրեմ տեսնել, որ նոր սերունդը յառաջ կ՛երթայ»:

Ամբոխը Զահրայի հայրը կը հրէ դէպի փողոց, եւ ան կ՛ելլէ անծանօթ ինքնաշարժ մը: Զահրա ամբոխը ճեղքելով` կը հասնի ինքնաշարժին: «Ո՞վ են ասոնք: Ի՞նչ կ՛ուզեն», կը գոռայ: Ան իր ձեռքը կ՛երկարէ ինքնաշարժի բաց պատուհանէն ներս եւ կը փորձէ բռնել հօրը ձեռքը: «Կարծեցի պետական ապահովական մարմինի ինքնաշարժ մըն է», կը բացատրէ ան: Հին վախերը դժուար կը մեռնին:

Զահրա Շաթեր` դուստրը Խայրաթ Շաթերի, հանրածանօթ է Իսլամ քոյրերու շրջանակներուն մէջ: Ժիհան Հալաֆաուի, յիսունինը տարեկան, երեք Իսլամ քոյրերուն մէջ տարիքով ամէնէն մեծը, գիտէ անոր պատմութիւնը: «Զահրան աղջկաս տեղն է ինծի համար,- կ՛ըսէ ան: – Ժիհան յաճախած է Աղեքսանդրիոյ համալսարանը Զահրայի հօրը հետ: Տրուած ըլլալով, որ իր ամուսինն ալ բանտն էր երկար տարիներ, ան կրնայ հասկնալ Զահրայի վախերը»:

Մէկ օր առաջ Ժիհան եւ հազարաւոր ուրիշ ցուցարարներ կանգնած էին Թահրիրի հրապարակը` պահանջելու համար, որ անցումային կառավարութիւնը կատարէր ժողովուրդին պահանջները: Հիմա ան նստած է Գահիրէի իր յարկաբաժինին մէջ: Անոր քովը գտնուող փոքր սեղաններուն վրայ կան դեղին միջատ սպաննելիք մը եւ աղօթքի կարպետ մը:

Ժիհան տնօրէնն է մշակութային կեդրոնի մը: Ան կու գայ միջերկրականեան նաւահանգիստ Աղեքսանդրիա քաղաքէն, ուր ան յաճախած է համալսարան, հանդիպած` իր ամուսինին եւ միացած` եղբայրութեան: Ան վերջ ի վերջոյ եղաւ առաջին իսլամ քոյրը, որ իր թեկնածութիւնը դրաւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:

Ժիհան միացած էր խումբին` նախքան Մուպարաքի իշխանութեան գլուխ գալը: Ան Զահրայի նման չէ այն իմաստով, որ գիտէ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ գործունեայ քոյր մը եւ տակաւին ըլլալ ազատ: Ժիհան շատ կը ծիծաղի: Երբ կը խօսի, անոր այտերը վեր կը հրուին եւ աչքերը կը նեղնան: Ան շատ գեղեցիկ յիշատակներ ունի եղբայրութեան միանալու օրերուն հետ կապուած: Անոր յիշողութիւնները պատուհաններ են դէպի անցեալը, բայց անոնք նաեւ կրնան բանալիները ունենալ Իսլամ քոյրերուն ապագային:

1981-Ի ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁԸ

Ատիկա տեղի ունեցաւ 1973-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, կ՛ըսէ ան: Օրուան նախագահ Անուար Սատաթ ներում շնորհած էր Իսլամ եղբայրներուն, եւ մեծ թիւով քաղաքական բանտարկեալներ ազատ արձակուեցան: Երկար ժամանակէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով` խումբը կրցաւ հանրային ելոյթներ ունենալ: Քանի մը եղբայրներ դասախօսութիւն մը տուին Աղեքսանդրիոյ համալսարանին մէջ, եւ Ժիհան` երիտասարդ ուսանող մը, որ տակաւին նոր սկսած էր հիժապ հագնիլ, անմիջապէս գրաւուեցաւ անոնց գաղափարներով:

Անդամակցութենէն ետք Ժիհան կազմակերպեց հանդիպումներ, մշակութային ձեռնարկներ եւ բանավէճեր: Ան պատասխանատուն եղաւ համալսարանին մէջ եղբայրութեան կիներու խումբին: Անոր նպատակն էր տարածել եղբայրութեան գաղափարները եւ իսլամական կրթութիւն հայթայթել հանրութեան: «Մենք երիտասարդ էինք,- կ՛ըսէ ան:- Եւ կ՛ուզէինք փոխել երկիրը»: Օրին չկային պետական արգելքներ, դիտել կու տայ Ժիհան, զայն բաղդատելով այն ազատութեան, որ երիտասարդ իսլամ քոյրերը կը փորձարկեն ներկայիս առաջին անգամ ըլլալով:

Երբ Սատաթ հաշտութիւն կնքեց Իսրայէլի հետ, եղբայրութիւնը մերժեց այդ որոշումը, եւ անոր անդամներէն ոմանք ծայրայեղ դարձան: 1981-ին Սատաթ ահաբեկուեցաւ մարդոց կողմէ, որոնք կ՛ըսուէր, թէ Իսլամ եղբայրութեան անդամներ էին: Այդ տարին Մուպարաք եկաւ իշխանութեան գլուխ, եւ Ժիհանի ամուսինը ձերբակալուեցաւ:

Ատկէ ետք անոր ամուսինը տասնմէկ անգամ եւս ձերբակալուեցաւ: Հակառակ վեց զաւակներ ունենալուն` ան տակաւին կրցաւ ցոյցեր կազմակերպել եւ զօրաշարժի ենթարկել մամուլը: Շուտով ան եղաւ հանրային դէմք մը: Օրին եգիպտական ընկերութիւնը եւ Արեւմուտքը իսլամականները կը համարէին յետամնաց, նեղմիտ կազմակերպութիւն մը, որոնց կառոյցներուն մէջ տեղ չունէին կիները: «Ուզեցինք փաստել իրենց, թէ հակառակը ճիշդ էր», կ՛ըսէ Ժիհան:

ՌԱՀՎԻՐԱՅ ԸԼԼԱԼԻՔ

Զահրա Շաթեր, երեսունչորս տարեկան, կին է եւ մայր` չորս զաւակներու, ինչպէս նաեւ` դուստրը Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներէն մէկուն: Ան կը պատկանի կիներու սերունդի մը, որոնք վարչակարգին տակ ապրուած կեանքէն բացի ուրիշ բան չեն տեսած, որոնք բնաւ չեն գիտցած, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ թէ՛ իսլամական եւ թէ՛ ազատ: Եգիպտոսի կիներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Զահրա սկիզբը ըսաւ. «Ես զանազանութիւն չեմ դներ տղամարդոց եւ կիներուն միջեւ: Անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն: Մենք երկուքս ալ Թահրիր հրապարակին վրայ էինք, տղամարդիկ եւ կիներ, չէ՞»: Բայց յետոյ ըսաւ. «Կիները անգամ չեն ուզեր ընել այն բաները, զորս տղամարդիկը կ՛ընեն»: Իրենց բնոյթին մէջն է, աւելցուց ան, զաւակ ծնիլը, աւելի զգայուն ըլլալը եւ ընկերային պատասխանատուութիւններու համար աւելի ատակ ըլլալը:

2000-ին Ժիհանի հանրային գործունէութիւնը ճամբայ բացաւ, որ ան ըլլայ առաջին կին խորհրդարանական թեկնածուն: Քննադատները կ՛ըսեն, թէ անոր թեկնածութիւնը պարզապէս խորհրդանշական էր:

Օրին իր մեծագոյն մտահոգութիւններէն մէկը այն իրականութիւնն էր, որ կիներուն համար սովորական երեւոյթ մը չէր հանրութեան առջեւ տղամարդոց դէմ բանավէճի մասնակցիլը: Նոյնպէս, շատերու կարծիքով նաեւ անպատշաճ էր, որ կնոջ մը դիմանկարը դրուէր որմնանկարներու վրայ:

Անդրադառնալով այդ հարցերուն` Ժիհան հանդիպումներ ունեցաւ իսլամ ուսումնասիրողներու հետ եւ խորհուրդ հարցուց իր առնելիք քայլին մասին: Երբ անոնք ըսին իրեն, թէ Քուրանը չէր արգիլեր այդ ձեւի բաները, ան գործի լծուեցաւ: Հակառակ անոր որ անոր ամուսինը բանտարկուած էր եւ անոր քարոզարշաւի խումբը եւս` ձերբակալուած, ան յաղթանակ ապահովեց ընտրութիւններու առաջին փուլին: Այդուհանդերձ, անոր չարտօնուեցաւ ստանձնել իր աթոռը, որովհետեւ պաշտօնատարներ ըսին, թէ քուէարկութեան մէջ զեղծարարութիւններ եղած էին:

Այսօր եւս իր թեկնածութիւնը դնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ժիհան կ՛ըսէ. «Ես պիտի չուզէի ամբողջութեամբ հրաժարիլ գաղափարէն, բայց կը նախընտրեմ տեսնել, որ նոր սերունդը յառաջ կ՛երթայ»:

ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՆՈՐԱՏԻՊ ԻՍԼԱՄ ՔՈՅՐԸ

Երբ Ժիհան կ՛ըսէ ատիկա, ան ի մտի ունի Արուայի նման երիտասարդ կիները:

Արուա Թաուիլ, տարիքով ամէնէն փոքրը երեք իսլամ քոյրերէն, քսանմէկ տարեկան է: Ան կը բանայ դուռը իր տան, որ կը գտնուի եգիպտական փոքր քաղաքի մը մէջ, որ կը կոչուի Ապու Քապիր եւ կը գտնուի Գահիրէէն ութսունհինգ քիլոմեթր հարաւ-արեւելք: Ան կ՛ապրի իր ծնողներուն եւ քոյր-եղբայրներուն հետ տան մը մէջ, որ Եգիպտոսի մէջ կը դասակարգուի իբրեւ «նուվօ ռիշ» կամ` նոր հարստացած: Նստասենեակի կահ-կարասին Լուի ԺԶ.ի ոճին կեղծուած տարբերակն է` ոսկեջրուած ոտքերով, եւ ծաղիկներու կարգաւորումները ցուցամոլական են: Անոր հայրը` դեղագործ մը, կ՛աշխատի Ծոցի երկիրներուն մէջ:

Արուա վրայէն կը հանէ իր հիժապը: Ան կրնայ ընել ատիկա, միայն որովհետեւ տան մէջ է, կը բացատրէ ան, եւ որովհետեւ սենեակին մէջ չկան տղամարդիկ, որոնք կրնան ամուսնանալ իրեն հետ: Ան հիժապը կը կախէ դրան բռնիչին վրայ` դրսեւորելով սրճագոյն մազի պոչիկ մը, փայլուն օղեր եւ նեղ ու կարճ հագուստ մը: Առանց հիժապին, ան կը նմանի բնական պատանիի մը:

Իրողապէս Արուա կրնայ ըլլալ բնական պատանի մը, եթէ չըսէ այս ձեւի բաներ. «Անշուշտ կ՛ուզեմ ըլլալ քաղաքական անձնաւորութիւն մը» կամ` «Կը կարծեմ, որ արեւմուտքցիներն ալ մարդկային էակներ են»: Սխալ բան չէ, կ՛աւելցնէ ան, մշակոյթներու տարբերութիւնները:

Այն ննջասենեակը, որ Արուա կը բաժնեկցի իր քրոջ հետ, կահաւորուած է վարդագոյն եւ սպիտակ անշարժ կահոյքով: Անկողիններուն վրան կան փափուկ անասուններու նմանակներ: Արուա կ՛ըսէ, թէ տասնվեց տարեկանին որոշած էր անդամակցիլ եղբայրութեան: Ան նոր սկսած էր համալսարան յաճախել` հետեւելով լրատուամիջոցներու մասնագիտութեան, կը բացատրէ ան, եւ իր կեանքին մէջ հասած էր տեղ մը, երբ ինքն իրեն հարց կու տար, թէ ի՛նչ տեսակի կին մը կ՛ուզէր ըլլալ, ի՛նչ տեսակի կեանք մը կ՛ուզէր ապրիլ, եւ թէ` ի՛նչ պէտք էր ըլլար իր դերը ընկերութեան մէջ:

Յետոյ Արուա սկսաւ կարդալ շատ բաներու մասին. ընկերվարութեան, Մուպարաքի Ազգային ժողովրդավարական կուսակցութեան եւ ընդհանրապէս աշխարհականութեան: «Բայց ես չէի հասկնար, թէ ինչպէ՛ս կրօնն ու քաղաքականութիւնը պէտք էր անջատ ըլլային»: Իսլամութիւնը, կ՛ըսէ Արուա, համապարփակ է: «Այն ամէնը, որ կ՛ընեմ, եւ այն ամէնը, որ եմ, կու գայ իսլամութենէն», կ՛ըսէ ան:

Ապա Արուա սկսաւ կարդալ եղբայրութեան հիմնադիր Հասան Պաննայի գրականութիւնը: «Ես անմիջապէս սիրահարեցայ անոր գաղափարաբանութեան», կ՛ըսէ Արուա: Ան նաեւ կարդաց ուրիշ իսլամականներու գրութիւնները: «Բայց անոնք շատ խիստ են, շատ ծայրայեղական», կ՛ըսէ ան: «Անոնք կ՛արգիլեն ամէն արեւմտեան բան իրենց կեանքին մէջ, եւ իրենց համար ամէն բան չար է»: Արուա կ՛ըսէ, թէ այդ ձեւի գաղափարաբանութիւնները չեն համընկնիր իրականութեան հետ, եւ կ՛աւելցնէ. «Պէտք չունիս միջնադարու կեանք մը ապրելու, որպէսզի լաւ իսլամ մը ըլլաս»:

Ան դարակէն կը հանէ մաշած գիրք մը` եղբայրութեան սկզբունքներուն վերաբերեալ: Դարձնելով անոր էջերը` ան կը բացատրէ, թէ այդ գիրքը միակն էր, որ կրցած էր պահել: «Պետական ապահովական մարմիններու գործակալները քանի մը առիթներով խուզարկեցին մեր տունը»,  կ՛ըսէ ան` աւելցնելով. «Եւ իրենց հետ տարին ուրիշ ամէն բան»:

ՀԱԿԱՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԵԱՆՔ ՄԸ

Արուա Թաուիլ, քսանմէկ տարեկան, շատ արդիական կը թուի ըլլալ փակ դռներէ ներս: Ան ունի իր կարծիքները յայտնելու էջը` պլոկը, ինչպէս նաեւ կը գործածէ «Թուիթըր»ը եւ «Ֆէյսպուք»ը: Տասնվեց տարեկան հասակին Արուա կը սկսի կարդալ Իսլամ եղբայրութեան հիմնադիր Հասան Պաննայի գրականութիւնը: «Ես անմիջապէս սիրահարեցայ անոր գաղափարաբանութեան», կ՛ըսէ Արուա: Ան նաեւ կարդաց ուրիշ իսլամականներու գրութիւնները: «Բայց անոնք շատ խիստ են, շատ ծայրայեղական», կ՛ըսէ ան: «Անոնք կ՛արգիլեն ամէն արեւմտեան բան իրենց կեանքին մէջ, եւ իրենց համար ամէն բան չար է»: Արուա կ՛ըսէ, թէ այդ ձեւի գաղափարաբանութիւնները չեն համընկնիր իրականութեան հետ, եւ կ՛աւելցնէ. «Պէտք չունիս միջնադարու կեանք մը ապրելու, որպէսզի լաւ իսլամ մը ըլլաս»: Ինք ձգած էր իր առաջին նշանածը, որովհետեւ ան ուզած էր, որ ինք աւելի աւանդական կին մը ըլլար: Կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ ըլլալ լաւ մայր մը եւ լաւ իսլամ մը, բայց նաեւ կ՛ուզէ ճամբորդել եւ թերեւս նաեւ խորհրդարանի անդամ ըլլալ օր մը:

Արուա կը բանայ իր վարդագոյն պահարանը եւ դուրս կը հանէ քանի մը գիշերային հագուստներ եւ պսակի հագուստ մը: «Կը սիրեմ զարդարուիլ», կ՛ըսէ, նախքան նշելը, թէ պիտի պսակուի ուրբաթ օր:

Ասիկա իր երկրորդ նշանածն է: «Առաջինը չկրցաւ ընդունիլ, որ ես կ՛ուզեմ ասպարէզ եւ ընտանիք», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ, «եւ թէ` կ՛ուզեմ ճամբորդել եւ քաղաքական աշխուժ գործունէութիւն ունենալ»: Նոյնիսկ, նախքան իրենց ամուսնանալը, առաջին նշանածը պահանջած էր, որ ան աւելի ժամանակ անցընէր տան մէջ: Ուստի ան վերջ դրած էր յարաբերութեան:

Արուա կ՛ըսէ, թէ իր նոր նշանածը տարբեր է: Անոնք իրարու հետ ծանօթացած էին գործատեղիին մէջ: Ան սկիզբէն անոր ըսած էր, թէ մտադիր չէր հրաժարելու ամէն բանէ: Ան ըսած էր, որ իրենց ամուսնութեան յաջորդ առտուն ինք կրնար Քաթար ճամբորդել խորհրդաժողովի մը ներկայ գտնուելու համար: «Կարծեմ չհամարձակեցաւ որեւէ բան ըսել», դիտել կու տայ ան:

Արուա ունի «Ֆէյսպուք»ի էջ, «Թուիթըր»ը կը գործածէ եւ ունի կարծիքներ արտայայտելու իր սեփական էջը` պլոկը: Անոր գրութիւնները կը կարդացուին շուրջ տասը հազար հոգիի կողմէ: «Հոս», կ՛ըսէ Արուա, մատնանշելով իր համակարգիչի պաստառը: Նկար մըն է, ուր կ՛երեւի Արուա Կազայի մէջ սպիտակ հիժապ հագած կնոջ մը հետ: Երկուքն ալ կը խնդան: «Համա՜ս», կ՛ըսէ Արուա, ժպիտով մը:

Ապա ան ցնցուածի երեւոյթ մը առաւ, կարծես` յանկարծ անդրադարձաւ, որ Համասի անդամի մը հետ բարեկամութիւնը հաւանաբար ծայրայեղական բան մըն էր: Ճիշդ այն պահերէն մէկն էր, երբ Իսլամ քոյրերուն հիժապները պարզապէս քիչ մը կը վերցուին` բացայայտելով այն ծածուկ հակասութիւնները, որ կան իրենց հանդուրժողական խօսքերուն եւ անհանդուրժողական տեսակէտներուն միջեւ:

Թահրիրի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած ցոյցերուն ընթացքին Արուա «թուիթ» ըրաւ (կամ «Թուիթըր»ի վրայ գրեց) այս ձեւի նախադասութիւններ. «Գացէ՛ք Թահրիրի հրապարակ. կա՛մ կ՛ազատագրուիք, կա՛մ ալ կը նահատակուիք: Մահը վերջաւորութիւնը չէ, կ՛երդնում Աստուծոյ անունով»: 11 փետրուարին` Մուպարաքի տապալման օրը, ան շնորհաւորեց «ամբողջ իսլամական աշխարհ»ը:

Պատասխանելով հարցումի մը, թէ ինք ինչպէ՞ս կը պատկերացնէ իր ապագան նոր Եգիպտոսի մէջ, Արուա կ՛ըսէ, թէ կ՛ուզէ «օգտուիլ (իր) կարողականութենէն», աւելցնելով, որ ատիկա յատկապէս կարեւոր է կիներուն համար ներկայիս: Ան կ՛ուզէ վերադառնալ համալսարան եւ ստանալ ուրիշ վկայական մըն ալ, որովհետեւ իրեն կը թուի, թէ թերաւարտ եղաւ կրթական նախկին համակարգէն: Արուա կ՛ըսէ, թէ ինք նաեւ կ՛ուզէ ըլլալ լաւ մայր մը եւ լաւ իսլամ մը: Եւ ըստ այն քաղաքական դիրքին, որ եղբայրութիւնը կրնայ տրամադրել իրեն, ինք կ՛ուզէ «մաս կազմել անոր», կ՛ուզէ նպաստել այդ նոր ընկերութեան ձեւաւորման: «Եւ թերեւս, երբ երեսուն տարեկան ըլլամ,- կ՛աւելցնէ ան,- կրնամ նոյնիսկ խորհրդարանի անդամ ըլլալ»:

ԵՐԵՒԱԿԱՅԵԼ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Շաբաթ, 19 մարտին, մեծաթիւ եգիպտացիներ, ներառեալ` կիներ, հանրաքուէի մը ընթացքին քուէարկեցին իրենց նոր սահմանադրութեան վաւերացման համար: Հանրաքուէն սահմանադրութեան մէջ կարգ մը բարեփոխումներ ընելու համար էր: Առաջարկուած բարեփոխումներէն են` ապագայի նախագահներուն համար ութ տարուան սահման մը ճշդելը, խորհրդարանական վաւերացումի պայման մը դնելը այն ստիպողական վիճակի օրէնքներուն համար, զորս Մուպարաք անամօթաբար շահագործեց, ինչպէս նաեւ` քաղաքականօրէն անկախ անձնաւորութիւններու նախագահական թեկնածութիւնը արտօնելը:

Սակայն հանրաքուէին երկրորդ նպատակը աւելի արագօրէն նոր ընտրութիւններ կայացնելն էր: Այն իրականութիւնը, որ ուրիշ կուսակցութիւններ ժամանակ չունեցան կազմակերպուելու, նպաստաւոր դիրքի մէջ կը դնէ Իսլամ եղբայրները: Այդ պատճառով յեղափոխութեան մեծաթիւ գործիչներ, ներառեալ ընդդիմադիր քաղաքական դէմք Մոհամետ Էլպարատէյ կոչ ուղղեց եգիպտացիներուն, որ մերժեն սահմանադրական բարեփոխութիւնները:

Արուա կ՛ըսէ, թէ այն իրականութիւնը, որ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քուէարկած է ի նպաստ հանրաքուէին, ցոյց կու տայ, թէ եգիպտացիները իրապէս պատրաստ են ժողովրդավարութեան: Ժիհան կ՛ըսէ. «Բոլորս ալ ատիկա կ՛երազենք», աւելցնելով, որ քուէարկութեան արդիւնքը ցոյց կու տայ, թէ եգիպտացիները կ՛ուզեն արագօրէն յառաջ երթալ ժողովրդավարութեան ճամբուն մէջ:

Ժողովրդավարութեան վերաբերեալ երեք իսլամ քոյրերուն տեսակէտը այն է, որ անիկա կրնայ միջին հանգրուան մը ըլլալ Եգիպտոսը իսլամական ընկերութեան մը վերածելու ճամբուն մէջ: Հարցումը հետեւեալն է. վերջապէս որքա՞ն ժողովրդավարական պիտի ըլլայ այդ ձեւի ընկերութիւն մը:

Յեղափոխութիւնը Արուային, Ժիհանին եւ Զահրային տուաւ թէ՛ ձայն մը եւ թէ՛ ժողովրդավարութեան իմաստին մասին գաղափար մը: Բայց անիկա չփոխեց կեանքի մէջ իրենց առաջնահերթութիւնները: Իրողապէս լաւ մայր, լաւ կին եւ լաւ իսլամ ըլլալը կը շարունակեն մնալ կեանքի իրենց գլխաւոր նպատակները: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կ՛ուզեն ազատագրուիլ, բայց միայն այն չափով, որ իսլամութիւնը կը հանդուրժէ: Անոնք կիներ են, որոնք կը պայքարին իրաւունքներու համար, բայց հետաքրքրուած չեն այդ պայքարը տղամարդոց դէմ մղելով:

ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱԾ ՀԱՆԳԻՍՏԸ

Յեղափոխութիւնը Արուային, Ժիհանին եւ Զահրային տուաւ թէ՛ ձայն մը եւ թէ՛ ժողովրդավարութեան իմաստին մասին գաղափար մը: Բայց անիկա չփոխեց կեանքի մէջ իրենց առաջնահերթութիւնները: Իրողապէս լաւ մայր, լաւ կին եւ լաւ իսլամ ըլլալը կը շարունակեն մնալ կեանքի իրենց գլխաւոր նպատակները: Կրնայ ըլլալ, որ անոնք կ՛ուզեն ազատագրուիլ, բայց միայն այն չափով, որ իսլամութիւնը կը հանդուրժէ: Անոնք կիներ են, որոնք կը պայքարին իրաւունքներու համար, բայց հետաքրքրուած չեն այդ պայքարը տղամարդոց դէմ մղելով:

Ուշ յետմիջօրէ է Գահիրէի մէջ: Քաղաքը կը փայլփլի ծուխի եւ արեւի լոյսի դեղին մէգի մը տակ: Զահրա Շաթեր` դուստրը ազատագրուած քաղաքական բանտարկեալին, ինքզինքին արտօնած է «հոսիլ» հօրը ցնծագին համակիրներուն շքերթին հետ: Անոնք կը սուրան Գահիրէի փողոցներուն մէջ. տղամարդիկը ինքնաշարժներէն դուրս կախուած` բարեւելու համար անցորդներուն, հնչեցնելով իրենց ճչակները եւ ցնծութեան աղաղակներ բարձրացնելով այնպէս, ինչպէս ոտնագնդակի համակիրները կ՛ընեն, երբ իրենց նախասիրած խումբը կը յաղթէ կարեւոր մրցումի մը:

Անոնք ինքնաշարժը կը շարեն Նասըրի քաղաքին մէջ, Գահիրէի այն թաղամասը, ուր Զահրան կը բնակի յարկաբաժիններու  բարձր շէնքի մը մէջ: Սպասող կայ: Մէկը կրցած է գունաւոր լոյսեր կախել ամէն յարկի վրայ եւ վարը կեղծ ծաղիկներ զետեղուած են: Զահրա եւ իր փոքր քոյրը, իրենց սեւ երկար հիժապներով, կանգնած են դրան դիմաց, կարծես թէ կը պաշտպանեն զայն անբաղձալի տարրերէ:

Կը բաժնեկցին իրենց ուրախութիւնը եւ կը գովաբանեն իրենց ազատութիւնն ու հաւատքը: Կ՛ըսեն, թէ այն, ինչ որ բարեպաշտ անձ մը երբեւէ կը յուսայ գիտնալ, կը գտնուի Քուրանին մէջ:

Իր սեւ հիժապին տակէն Զահրայի քոյրը բաղդատական մը կ՛ընէ լուացքի մեքենայի մը հետ: «Եթէ գնես լուացքի մեքենայ մը եւ չկարենաս աշխատցնել, կը կարդաս անոր ուղեցոյցը», կ՛ըսէ ան, «որովհետեւ գիտես, որ զայն շինողը գիտէ անոր աշխատելու ձեւը», կ՛աւելցնէ: Նոյնն է Ալլահի` Ստեղծիչին պարագային, դիտել կու տայ ան: «Ան ստեղծած է մեզ բոլորս»: Քուրանը, կ՛ըսէ ան, այն ուղեցոյցն է, որ Ալլահը տուաւ մարդկութեան:

Մինչ երկու կիները կը խօսակցին, փողոցին մէջ տղամարդիկը կը հաւաքուին Զահրայի հօր շուրջ: Անոնք նոր վերադարձած են մզկիթէն: Մինչ կը զարնեն թմբուկները եւ շրջանակ կը կազմեն կառատան ինքնաշարժներուն շուրջ, ցնծութեան մէջ եղող տղամարդիկը կ՛ըսեն այնպիսի բաներ, որոնք զիրենք անժողովրդավարական կը դարձնեն շատերու աչքին: «Քուրանն է մեր սահմանադրութիւնը,- կ՛աղաղակեն,- եւ ժիհատն է մեր ուղին»:

ՏԻԱԼԻՔԱ ՔՐԱՀԷ

«Շփիկըլ»

 

Share this Article
CATEGORIES