ԱՐՁԱԳԱՆԳ. ՍԱՐԳԻՍ ՔՀՆՅ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆԻՆ ԼԱՆՋԱԽԱՉԻ ՏՈՒՉՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մայիս մէկին, Ժունիէի հայ բնակչութիւնը ընդհանրապէս եւ Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծուխը` մասնաւորապէս, ցնծութեան եւ խանդավառութեան մէջ էին, որովհետեւ, մեր շրջանի միակ եկեղեցւոյ հովիւներէն Սարգիս քահանան արժանացաւ թեմիս բարեջան առաջնորդ` Գեղամ արք. Խաչերեանի շնորհած լանջախաչին` արժան եւ իրաւ:

Իրապէս արժան եւ իրաւ, որովհետեւ Սարգիս քահանան, իր ձեռնադրուած օրէն ի վեր կը ծառայէ մեր աչքի լոյսին պէս գուրգուրած Ս. եկեղեցւոյն, իր տիպար ու օրինակելի, հոգեւորականի վայել կենցաղով` պայծառացնելով մեր հաւատքի սուրբ տունը:

Ուրախ ենք, որ թեմիս առաջնորդը, գիտէ մնայուն կերպով գնահատել արժանաւորները: Ահա իր շնորհած լանջախաչին միջոցաւ պատուեց նաեւ Ժիւնիէի, Անթիլիասի, Զալքայի եւ շրջակայ վայրերու հայութիւնը: Այս առիթով անհունօրէն շնորհակալ ենք անոր:

Բոլորիս համար այլեւս գաղտնիք չէ, թէ կը գտնուինք դարու մը մէջ, ուր բարոյական արժէքներ հետզհետէ կը չքանան ու նիւթապաշտութիւնը կը տիրէ` մարդ արարածը հեռացնելով ու պարպելով բարոյական ամէն ազնիւ ու մաքուր զգացումներէ:

Այսօր, դժբախտաբար, տիրող պայմաններու բերումով, երբ մեր չորս կողմը կը փչէ համաշխարհայնացման քամին, ինքնաբերաբար կը վտանգուին գիր, լեզու, մշակոյթ, ընտանիք, դպրոց, մամուլ, միութիւն… եւ անշուշտ` եկեղեցի, մանաւանդ` հայ եկեղեցի:

Ահա, ճիշդ այս կացութեան մէջ այսօր իրապէս մեր համայնքը կարիքը ունի արժանաւորներու, որպէսզի դիմադրեն, պատնէշուին, դառնան արգելք եւ տէր կանգնին Հայկականին, պատուականին, ինչպէս կ՛ըսէ առաջնորդ սրբազանը:

Այսօր իրապէս, քիչ մը ամէն տեղ, կարիք ունինք իսկական նուիրեալներու, իսկական ծառայողներու եւ մաքուր ու տոկուն նկարագիրի տէր անձերու, որպէսզի գուրգուրան մեր ազգային արժէքներուն:

Որպէս իր դասընկերը մօտէն ճանչնալով տէր հայրը` քաջ գիտեմ իր արժանիքները եւ եզրակացնելով կ՛ըսեմ, որ պարգեւեալը, մէկն է այդ արժանաւորներէն, որ իր ազնիւ բնաւորութեամբ, համեստ նկարագիրով եւ հոգեւորականի արժանապատիւ վարք ու բարքով հանդիսացաւ օրինակելի ու սիրուեցաւ բոլորէս, մանաւանդ ժողովուրդէն, որուն համար ան որպէս «Մշակ առանց ամօթոյ» աշխատեցաւ ու գնահատուեցաւ: Այլ խօսքով, տէր հօր շնորհուած լանջախաչին մէջ կայ նաեւ Ժունիէի, Անթիլիասի, Զալքայի եւ շրջակայ բնակավայրերուն հաւատացեալ ժողովուրդին սէրն ու համակրանքը միանգամայն:

Սրտի խօսքիս ընդմէջէն, այսու կու գամ շնորհաւորելու տէր Սարգիս քահանան, Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ Ժունիէի, Անթիլիասի, Զալքայի եւ շրջակայ հաւատացեալ հայ ժողովուրդը` այս գեղեցիկ կարգադրութեան համար:

Ես վստահ եմ, որ տրուած լանջախաչը նոր պարտաւորութիւններու տակ պիտի դնէ մեր տէր հայրը, որպէսզի ան աւելի մեծ սիրով ու հաւատքով, առաւել ներշնչումով փարի իր հօտին ու եկեղեցւոյն պայծառութեան գործին:

ԵԿԵՂԵՑԱՍԷՐ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼ ՄԸ
ԿԱՄ ԴԱՍԸՆԿԵՐԴ

Share this Article
CATEGORIES