ՌՈՒՄԻԷԻ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ ՀԱՑԱԴՈՒԼԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

Ռումիէի բանտին պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով մեծ թիւով` շուրջ երկու հազար արգելափակեալներ շարունակեցին հացադուլը` յուսալով, որ բռնարարքներու ճամբով իրենց չիրականացուցած պահանջներուն գործադրութիւնը այս ձեւով կարելի ըլլայ իրագործել:

Արգելափակեալներուն այցելող եւ անոնց պայմաններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն քաջածանօթ հեղինակութիւններ ու պատասխանատուներ կը հաստատեն, որ բանտարկեալները առաւելագոյն չափով իրաւունք ունին բողոքելու, որովհետեւ անոնց պահանջները տեղին են:

Ռումիէի պատասխանատու բանտապահներն ու զինուորականները ողջունեցին հացադուլի քայլը` զայն նկատելով քաղաքակիրթ մօտեցում:

Share this Article
CATEGORIES