Նշմար. Թող Ոչ Ոք Ժպրհի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հայաստանի նախագահական յառաջիկայ ընտրութեանց ճամբուն վրայ, յատկապէս վերջին ամիսներուն բազմատեսակ ահազանգեր հնչեցին ու կը հնչեն մեր հայրենիքին եւ հայաշխարհի տարածքին, սակայն ինչ որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 31 յունուարի գիշերը, ահազանգը կը տեղափոխէ քաղաքական-ընկերային-արդարութեան ու յարակից դաշտերէն դէպի ապահովութեան գերզգայուն ոլորտը:

ԱԻՄ-ի հիմնադիր նախագահ Պարոյր Հայրիկեանի դէմ կատարուած մահափորձը տարբեր ահազանգ է, որ կ՛արթնցնէ կարգ մը հազուադէպ ու վտանգաւոր նախընթացներու յիշատակը, որոնք ուժեղ ցնցումներու ենթարկեցին մեր հայրենիքը եւ որոնց հետեւանքները տակաւին չենք կրցած ամբողջովին թօթափել:

Նախագահութեան թեկնածուի մը դէմ կատարուած արարքը զսպանակեց մեկնաբանութիւններ ու մտավախութիւններ, որոնց օղակները կրնան ընդլայնիլ վաղը-միւս օր:

Սպասելով ծալքերուն բացայայտման, այժմէն իսկ պէտք է հաստատել հետեւեալը. ո՛վ որ ալ կանգնի այս արարքին ետին, ի՛նչ նպատակով ալ որ գործուած ըլլայ անիկա, արդարացումի ոչ մէկ պատճառ ունի. անիկա կ՛արտայայտէ Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ (բառին ամէնէն լայն ու համապարփակ իմաստով) անյարիր նկարագիր, ախտավարակ վիճակ մը, որ դժբախտաբար այլազան ձեւերով կը սնուցանուի վերանկախացած մեր հայրենիքին մէջ` մասնակցութեամբ հրապարակը իր քմայքներուն ենթարկող մանր փոքրամասնութեան մը, որ այլապէս ալ կ՛աղարտէ Հայաստանի դիմագիծը:

«Կարմիր գիծ»-եր շրջանցել փորձող այս արարքը մտահոգիչ է ոչ անպայման անոր համար, որ Հայրիկեան որոշ գիծ կը մարմնաւորէ ու նախագահութեան թեկնածու է, այլեւ անկէ անդին տարածուող պատճառներով:  Ահազանգ պէտք է հնչէ ոճրային որեւէ նմանօրինակ փորձի դէմ, ո՛վ որ ալ ըլլայ անոր թիրախը, պարզ քաղաքացի կամ հանգամանաւոր դէմք: Քաղաքական այս կամ այն հոսանքներ կրնան համակրանք կամ տարակարծիք կեցուածք ունենալ Հայրիկեանի կամ այլ դէմքերու նկատմամբ, սակայն հասնիլ մահափորձի դիմելու «կարմիր գիծ»-ին` կը նշանակէ ծառայութիւն մատուցանել մեր հայրենիքի թշնամիներուն, «Դամոկլեան սուր» մը աւելցնել բազմապիսի ու բազմայարկանի սպառնալիքներու շղթային վրայ, երկիրն ու ժողովուրդը մատնել «անտառի օրէնք»-ի տրամաբանութեան: Իսկ աշխարհի տարբեր շրջաններու մէջ այս օրէնքը իբրեւ թէ «բարի նպատակներ»-ու ծառայեցնողներուն ստեղծած դժոխքները կը ճենճերեն միլիոնաւորներ…

Անհրաժեշտ է, որ արարքին ետին կանգնողները անյապաղ ենթարկուին արդարութեան կամքին, որպէսզի ոչ ոք ժպրհի Հայաստանը գլխագիր վտանգներու ենթարկել:

31 յունուար, 2013

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )