Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Ա՜Խ, ԵԱ ԼՈՒՊՆԱ՛Ն

Ես օֆ չդնեմ գրութեան մթնոլորտը շատ չծանրացնելու համար: Մէն մի ընթերցող, իր ճաշակին, զգացածին եւ կարելիութեան չափով, ուզած տեղը թող ուզածին չափ օֆ շարէ… Ներող եղիր, թանկագի՛ն ընթերցող… Ցաւդ տանե՜մ:

Առածը կ’ըսէ` «Մինչեւ որ մէկու մը հոգին չելլէ, բնաւորութիւնն ալ չ՛ելլեր»… Թերեւս բոլորէն աւելի, այս ճշմարտութինը մեր սիրելի Լիբանանին կը պատշաճի:

Ամիսներ առաջ, հազիւ Կաղանդ պապան ճամբու դրած, մեր երկրի կառավարութիւնը եւս ճամբու դրուեցաւ: Օրին, երբ շուտափոյթ կերպով վարչապետն ալ նշանակուեցաւ, ձեր համեստ Ձիւնականը այնքան խանդավառուեցաւ, որ կարծեց, թէ ամէն բան լա՜ւ, վարդագոյն պիտի ըլլար: Քաղաքական տհասութիւն,  ծով չհասած` բոպիկնալու միամտութիւն, ի՛նչ ուզէք` ըսէ՛ք: Երկիրը իր «աւանդութիւններէն» կամ նկարագրային գիծերէն հրաժարելու միտք չունի՜, չի՜ կրնար ունենալ…

Մեր հայրենիք Լիբանանը ամիսներէ ի վեր կը դիմագրաւէ այս տագնապը: Ըլլալիքը դահլիճի մը կազմութիւնն է: Միա՛յն: Մեր չորսդին այսօր քաղաքական երկրաշարժ է: Ովկիանոսէն Ատլանտեան մինչեւ Արաբական ծոցի երկիրները կը դիմագրաւեն աննախընթաց տագնապներ, ցոյցեր, որոնք կը ձգտին տաքուկ գահերէն հեռացնել  իշխող գերդաստաններ կամ իշխանաւորներ: Իշխանութիւն ըսուածը ո՛չ միայն կը կուրցնէ եղեր իշխանաւորը, այլ նաեւ կը քաղցրանայ անոնց աչքերուն, այնքան, որ անկէ հեռացումը կը դառնայ մահուկենաց հարց:

Մերթ իշխանաւորը կը հեռանայ, ինչպէս` Եգիպտոսինն ու Թունուզինը: Իսկ այլ տեղեր ամբողջ ժողովուրդը մէ՛կ կողմ եւ իշխանաւորը` մի՛ւս կողմ: Հարիւրաւորներ, նոյնիսկ հազարաւորներ կրնան սպաննուիլ, միայն թէ սիրուած ու պաշտելի իշխանաւորը մնայ ու շարունակէ «ծառայել» երկրին ու ազգին: Ի՜նչ ազնիւ կեցուածք եւ կամ զոհողութեան ոգի… Դրացի երկրին մէջ եւս կացութիւնը քաղցր չէ: Մաղթելի է, որ այս կացութիւնը գտնէ այնպիսի լուծում, որուն համար երկիր եւ ժողովուրդ չզղջա՜ն: Մերթ եկողը գացողը փնտռել կու տայ: Այդպէս պատահած է 19¬րդ եւ 20¬րդ դարերուն:

Բուն ըսելիքս այն է (վերերը քիչ մը շեղում եղաւ նիւթէն), որ հակառակ քաղաքական ցունամիին կամ երկրաշարժին, հոս` Լիբանանի մէջ կը շարունակուի «մապսութ» ընթացքը: Ըլլալիք¬չըլլալիքը դահլիճին  կազմութիւնն է: Առանց անոր ալ սանկ¬նանկ երկիրը կ’ապրի: Հա՛, դժգոհութիւններ կան, ե՞րբ չեն եղած: Լիբանանցիին ամէնէն սիրած զբաղումներէն մէկն է դժգոհիլը: Հովին ու ծովին, սուղին ու աժանին, մեծին ու փոքրին, տգեղին ու գեղեցիկին, կուշտին ու անօթիին մասին, վերի եւ վարի, աջի ու ձախի, այս բոլորին մասին դժգոհիլը, գանգատիլը, տրտռալը, լիբանանեան արտադրութիւն են:

Հիմա բուն նիւթին անցնինք (ընթերցո՛ղ ջան, ցա՛ւդ տանեմ, դուն ալ այս քիչ մը երկար¬բարակ «յառաջաբան»ին համար կրնաս տռտռալ):  Ինչո՞ւ չտռտռաս:

Ն. Վ. վարչապետցու Նեժիպ Միքաթին իր փայլուն երեսներով եւ լայնածաւալ ժպիտներով խանդավառեց մեզ: Ուզեցինք հաւատալ, որ ո՛ւր որ է, դահլիճը պիտի ծնի եւ ամէն բան լաւ ընթանայ: Շնորհաւորութիւնները կանխահաս եւ աճապարանօք շնորհուեցան: Հիմա կը սպասենք ու կը սպասենք:

Մեր երկիրը ա՛յս է: Մէն մի կողմ իր կտաւը ներկելու հետամուտ է: Մնացեալը բնաւ կարեւոր չէ:

Նախկին մեծամասնութիւն կոչուած խայտաբղէտութիւնը, միակ շարժումով մը, Ուալիտ պեկին ճկուն ու դիւրաթեք կազմուածքին շնորհիւ, կարելի եղաւ գլխիվայր շրջել: Սաատ պէյին մեծամասնութիւնը այդ անունէն հրաժարիլը որքան որ ցաւալի գտաւ, բայց եւ այնպէս, վերջ ի վերջոյ տեղի տուաւ: Նախընտրեց մէկ անկիւնը քաշուիլ  քէն ընող մանուկի կամ պատանիի պէս: Սնուցանեց այն յոյսը, որ նշանակեալ վարչապետը պիտի ձախողի եւ մեծամասնութեան վկայագիրը վերստին փակցուի ճակատին: Քանի մը ամսուան պարտադիր սպասումը ի՜նչ է որ:

Հիմա ամէն մարդ սպասումի մէջ է, բայց կեանքը կը շարունակուի: Ընթացաւարտ նախարարները, որոնք կը շարունակեն վայելել իրենց բազկաթոռներու այնքան հաճելի ջերմութիւնը,  շատ եռանդոտ ձեւով կը շարունակեն «ծառայել» մեզի… Բայց նաեւ իրենք զիրենք ըմբշամարտի բեմին վրայ զգալով` իրարու քիթ¬բերանին կու տա՜ն ու կու տա՛ն:

Ամէն չորեքշաբթի պենզինին գինը կ՛ապրի վերելքի հաճոյքը: Սա բնականոն երեւոյթ է Լիբանանի համար: Ինչո՞ւ տրտմիլ, որ դահլիճ չի կազմուիր:

Եկող¬գացող բնականոն կերպով կը շարժին:

Սանկ¬նանկ հաց կը հանեն մարդիկ:

Դպրոցները փակելու հարց չկայ:

Հեռատեսիլի կայանները կը շարունակեն կրակին վրայ իւղ թափել:

«Ուիքիլիքս»ի բացայայտումները, տեղի¬անտեղի, ամբաստանութիւններ կը բաշխեն: Այնքան ատեն որ դահլիճ չի կազմուիր, ա՛լ աւելի զարկ կը ստանան այս չքնաղ բացայայտումները: Ինչո՞ւ դահլիճ կազմել:

Ըսել կ՛ուզեմ, որ ամէն բան ըստ նախկինին կը շարունակուի հեզասահ եւ բնականոն ձեւով: Ինչո՞ւ դահլիճ կազմել:

Ինչ որ է, քանի դահլիճ կազմելու միտում կայ, թո՛ղ կազմուի:

Հիմա կայ նոր մեծամասնութիւն, որուն բարձրաձայն աքլորն է մեր եզական ժեներալը: Մարդը  հրաժարեալ դահլիճին կազմութեան ընթացքին եւս նոյնանման դիրք բռնեց: Կ’ուզեմ ըսաւ, ու կ՛ուզեմ ըսելով պահանջեց մինչեւ որ գոհացում տրուեցաւ այդ պահանջներուն: Հիմա եւս նոյն եալէյլը, քիչ մը տարբեր թոնով կ՛երգէ: Անպայման ներքին գործոց նախարարութիւն կը ցանկայ: Այս սկզբունքին համար երկրի թիւ մէկին հետ հաւկթամարտի բռնուելու չափ առաջ կ՛երթայ: Ինք որ շատ նախանձախնդիր է եղեր նախագահի իրաւասութեանց, աւելի նախամեծար կը համարէ իր իրաւասութիւնները ամրապնդել:

Մեր նախագահն ալ իր դիրքը ամրապնդելու համար կը ջանայ իր շէպապները նստեցնել դահլիճի սեղանին շուրջ: Ո՞վ պիտի ճշդէ թէ ո՞րն է ճիշդը: Կարեւոր ալ չեն ճիշդն ու սխալը: Կարեւորը տեսակէտ ունենալն է հարցը:

Հիմա քանի մը ախոյեաններ կը մնան հրապարակին վրայ. Վերտէօնի մէջ ժպտուներես վարչապետցու Նեժիպն է: Իր տունը վերածուած է տեսակ մը ուխտատեղիի: Քաղաքական «ուխտաւոր»ներ կը փութան արժանանալու անոր գութին, իրենց արդա՜ր բաժինին, որ իրենցը պէտք է, որ ըլլայ: Հազար ու մէկ հիմնաւորում կարելի է առաջ քշել. ժառանգականութեան իրաւունք, շրջանային, թաղային, համայնքային,  յարանուանական եւ այլն: Քաղաքական կամ վարչական կարողութիւնները կարեւոր ալ չեն:

Դեսպաններ եւ ծածուկ  թէ ալանի պատգամաւորներ մերթ կը փութան Նեժիպ պէյին որպիսութիւնը հարցնելու: Անշուշտ, որովհետեւ հոս Լիբանան է, այս տեսակի մարդիկ, նաեւ` խանումներ, երբեք չեն քաշուիր պայմաններ յառաջ քշելէ: Կրնա՞յ ըլլալ, որ դահլիճ կազմուի առանց սա կամ նա մեծ պետութեան կարծիքը կամ շահերը նկատի առնելու: Մէկուն հիւսածը դիմացէն ուրիշ մը կը քակէ եւ մենք կը սպասենք:

Վերտէօնի դիմաց ամուր եւ բարձր կանգնած է Ռապիէն: Հոն թառած ախոյեանը ո՛չ բառերը կը ծամծմէ, ո՛չ ալ բան կը մոռնայ: Ինք որպէս երեսփոխանական մեծագոյն պլոքի տէրն ու տիրականը` կը ջանայ ինքզինք պարտադրել: Ինչո՞ւ չէ: Թո՛ղ ընէ, միայն թէ  քիչ մըն ալ թող մտածէ, որ այս նաւը կրնայ ծովամոյն ըլլալ:

Ռապիէն եւս ունի իր ուխտաւորները: Յաճախ Վերտէօն ելած ուխտաւորը կրնայ, առանց շունչ առնելու, փութալ իր ջերմեռանդութիւնը պարզել Ռապիէի սրբութիւն սրբոցին առջեւ…

Հոս եւս դեսպաններ եւ պատուիրակներ կը փութան` իբր թէ կարծիք իմանալու, բայց խորքին մէջ` իրենց թեւերուն տակ դրուած կտաւը ներկելու համար: Հասկացողութի՜ւն ցոյց կու տան: Վերտէօնի մէջ իրենց յայտնած գաղափարներուն հակառակը պնդելը քաղաքական ճարպիկութիւն կը համարեն:

Այս երկու կարեւոր «ուխտատեղի»ները յաճախ կը դառնան ժամադրավայր երկու առաքեալներու` Խալիլ ու Խալիլ… խորհրդաւոր եւ քաղցրալեզու խալիլները կը ջանան հասարակաց եզր մը գտնել: Ցարդ եթէ ես, կամ դուք, կրցած ենք գտնել, իրենք եւս գտած են այդ եզրը…

Երբեմն մարդիկ կը սկսին խանդավառուիլ: Սատեղէն բարի լուր մը, գրեթէ բարի, կը հրուի դէպի հրապարակ: Մարդիկ կը հաւատան, որ ո՛ւր որ է, դահլիճը լոյս աշխարհ պիտի գայ: Բուն պատասխանատուները իրենց շրջապատին թելադրել կու տան այդպիսի «աւետիսիկ» մը: Բայց տակաւին սեղանին վրայ խօսափողերը խօսող «աւետաբեր»ին առջեւէն չվերցուած` դիմացէն այլ «շրջապատ» մը ուղղակի պաղ ջուր կը թափէ «աւետիս»ին վրայ: Կը սահինք ու կը հասնինք անդունդին եզրին: Երեսները մէկ վայրկեանէն միւսը կը թթուին: Բայց անդունդ իյնալը արգիլուած է. չվախնա՛ք:

Միակ բանը, որ չի հեռանար մեր աչքերուն առջեւէն, այն ալ վարչապետցու պէյին անսահման ժպիտն է: Միայն այդ է, որ մխիթարութիւն կը ջանայ հաստատել մեր մէջ: Բայց այդ ալ այլեւս իր հմայքը կորսնցնելու վրայ է:

Իսկ թէ մինչեւ ե՞րբ այս կացութիւնը ինքզինք պիտի պարտադրէ մեզի, մարդ բան չի կրնար ըսել: Կը մեղադրուին արտաքին ուժեր այս յամեցումին համար: Կրնայ ըլլալ: Կը մեղադրուին ներքին դիրքորոշումներ: Ինչո՞ւ չըլլայ: Կարեւորը արդիւնքն է: Դահլիճին գալուստը կամ ծնունդը այնքան ալ ակներեւ չէ:

Ոմանք նոյնիսկ կը կարծեն, թէ Նեժիպ պէյը կրնայ ձեռնունայն մնալ ցկատարածն Լիբանանի: Ան կը համբերէ:

Այս կացութեան մէջ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին, որ յաճախ կը ճախրէր լաւատեսութեան սարերն ի վեր, հիմա սկսած է յուսահատիլ: Անձրեւաբեր աղօթքներէ ետք, Ա. եւ Բ. նիստեր, սկսած է հոգեհանգստեան  աղօթքի մասին մտածել: Անծին դահլիճին ի՛նչ պէտք է հոգեհանգիստ… Յայտնեմ, որ անձրեւաբեր աղօթքները պատշաճեցուած են դահլիճաբեր ըլլալու մեր կարիքին…

Ուղղակի մեղքնալիք եղած է խորհրդարանի նախագահը: Ինք, որ միջարաբական խորհրդարանական աշխարհին մէջ թիւ մէկն է, եւ որ հանգոյցներ (գրեթէ գորդեան) քակելու բնածին կոչումը ունի, հիմա սկսած է յուսահատիլ: Որոշած է այլեւս լեզուածորակը փակել:

Հանրապետութեան նախագահն ալ, առօրեայ դրութեամբ, հիւրեր կը դիմաւորէ: Ժպտադէմ կ՛ընդունի զանոնք: Կարծէք կը նախագահէ երկրի մը վրայ, որ ո՛չ դժուարութիւններ, ո՛չ տագնապներ ունի: Ո՛չ ալ շրջանային ցունամիներ գոյութիւն ունին. այդքան քաղցր կը ժպտի: Երանելիներու շարքին դասուելու թեկնածուի մը խաղաղութեամբ կը ներկայանայ մեզի:

Արտաքին ցունամիներու կողքին, մեր մօտ եւս փոթորկայոյզ կը դառնայ կացութիւնը:

Ռումիէի բանտը ինքնիր մասին խօսիլ կու տայ մերթ ընդ մերթ… Կը կարծուի, թէ այդ անկարգութիւնները, որոնք զոհ խլելու չափ կը տաքնան, պարզապէս սա կամ նա կողմէն արձանագրուած պատգամներ են… Հոս Լիբանան է, կրնայ ըլլալ: Գերխճողուած բանտը նամակատուփի պէս բանի մը կը վերածուի:

Համայնքային դրութիւնը ջնջելու համար ֆոլքլորային ցոյցեր աղմուկով կը լեցնեն հրապարակները: Է՜հ, թերեւս ատոնց մէջ եւս համայնքային որոշ կողմեր պատգամ կ՛ուղղեն  Լիբանանին: Կարծէք` պատգամներու սով ըլլար հոս: Երբ ժողովուրդին էութիւնն ու բնութիւնը, մինչեւ ուղնուծուծը, համայնքային են, ի՞նչ կը պահանջեն այդ երիտասարդները… Ա՛յս է լիբանանեան խմորը: Ուրկէ՞ բերել ուրիշ ալիւր եւ նոր բան թխել:

Յանկարծ իր գլուխը ցցեց վառելանիւթի եւ սղութեան հարցը: Կարծէք` նախապէս բնաւ գոյութիւն ունեցած չըլլային ասոնք: Ո՞վ է պատգամախօսը, չենք գիտեր: Միակ շօշափելի բանը, որ զգալի դարձաւ, անիւներու այրումն ու ճամբաներու փակումն էր: Հոդ ալ համայնքային հարցը ինքզինք չի կրնար ծածկել: Եթէ մէկ կողմը ցոյցի կ՛ելլէ, դիմացի մարգարէին կամ առաքեալին հետեւորդները չտեսնելու կու գան այդ բոլոր աղմկարարութիւնը…

Ապօրինի շինութեան հարցը բաւական թէժացած է, չէ՞… Հիմա կարգ մը պատասխանատուներ սկսեր են նկատել, որ ապօրինի շինութիւնները չափը կ՛անցընեն: Սահ էլ նոում (բարի լո՜յս):  Ինչո՞ւ հիմա կ՛արթննան այդ պատասխանատուները: Շատ հաւանաբար պատգամ ուղղելու` դահլիճի կազմութեան ասպետներուն: Ո՞վ գիտէ:

Շատ դիպուկ է կարգ մը ցուցարարներու այն ակնարկութիւնը, որ այդ քանդողները նախ երթան եւ քանդեն Տաուն թաունը (Սոլիտեր): Կարելի՞ է այդքան սրբապղծութիւն, երբ հարիւրաւոր քաֆէներ, նարկիլէի հայլայֆ «աղօթատեղի»ներ կրնան զոհ երթալ… Բայց եւ այնպէս մարդոց ըսածին մէջ քննութեան արժանի տեսութիւն, գաղափար կայ:

Օրուան մը ընթացքին դահլիճի կազմութեան մասին ի՞նչ ելեւէջներ կրնան արձանագրուիլ.

Առաւօտ ժամը 10:00-ին թեկնածուին շրջապատէն կ՛արձակուի «աւետիս» մը:

10:15-ին անկիւնէ մը կը  ժխտուի այդ աւետիսը:

10:30-ին «վերլուծաբան» մը կը կարծէ, թէ այո՛, դահլիճը կրնայ կազմուիլ:

12:00-ին նոյն վերլուծողը յիսուն¬յիսուն հաւանականութեան մասին կը խօսի: Այդքանը բաւարար է ախորժակով ճաշի նստելու համար: Ֆելեֆիլ թէ խորոված եւ կամ քարիտեզ ճաշակելը կը դառնայ մարդավայել բան, այդ նշուած կացութեան (յիսուն¬յիսուն) լոյսին մէջ:

2:00-ին գոյժի պէս կրնայ իջնել դեսպանի մը մէկ մեկնաբանութիւնը: Դրական կամ կիսադրական կացութիւնը կը ծփայ յուսահատութեան ծովուն վրայ:

Ժամը 3:00-ին յայտարարութիւն կ՛ըլլայ կուսակցապետի մը կողմէ, եւ որքան շատ են այս տիպի կուսակցապետներ, որոնք պետի աթոռ ունին, բայց կուսակցականներ չունին: Ինչ որ է: Այսպիսի պէյ մը կը հետեւցնէ, որ չի կրնար չկազմուիլ այդ դահլիճ ըսուածը: Ուրեմն յուսանք եւ հաւատանք:

5:00-ին` դարձեալ անհաճոյ յայտարարութիւն մը: Աղբիւրը կարեւոր չէ: Տրտմիլը հասարակ, բայց եւ այնպէս էական բան է:

7:00¬ին, ընթրիքի ժամէն առաջ հանդարտեցուցիչի պէս լուր մը կամ տարաձայնութիւն մը կը սողոսկի աջ ու ձախ: Է՜հ, գիշեր է, մարդիկ պիտի ուտեն¬խմեն: Մինչեւ կէս¬գիշեր ուտել¬խմելուն համար տոկալը կ՛ենթադրէ մտքի որոշ խաղաղութիւն:

Երբեմն գիշերը մարդիկ անկողին կ՛երթան լաւատեսական ընդունելի մթնոլորտի մէջ: Առաւօտուն կ՛արթննան, եթէ արթննան անշուշտ, կ՛իմանան, որ դահլիճի կազմութեան համար անտեղի է լաւատես ըլլալը: Կարելի է սիրտ պարպելու կոչուած քանի մը պատշաճ յիշոց ասմունքել` չպայթելու համար…

Այս ընթացքը ե՞րբ պիտի վերջանայ, չենք գիտեր:

Դահլիճը ե՞րբ պիտի կազմուի. սըթին սանա, սապիին եոում…

Ի՞նչ պիտի ըլլայ երկիրը: 36 տարուան տագնապներու փորձառութիւն ունեցող երկրի մը վրան ինչո՞ւ վախնալ:

Եթէ մէկը ըսէ, եղբա՛յր, ամբողջ արաբական աշխարհը կ՛եռեւեփի, մենք ինչո՞ւ չկազմենք սա չըլլալիք դահլիճը: Ի՞նչ պատասխանել այս միակ հարցումին:

¬ Եղբա՛յր, տե՛ս, այո՛, ամբողջ արաբական աշխարհը կ՛եռեւեփի, բայց մեր Լիբանանը այսօր ամէնէն ապահով եւ  ամէնէն խաղաղ երկիրն է: Ժամանակին արաբական երկիրները իրենց հարցերը լուծելու համար մեր երկիրը կը վառէին: Այսօր իրենք կ՛այրին: Մենք շա՛տ ալ լաւ ենք…

Նորընտիր պատրիարք, քաղաքագէտներ եւ սրտցաւ բարեկամներ կը պնդեն ու կը պահանջեն, որ այլեւս կազմուի սա չըլլալիք դահլիճը: Բայց ներքին, արտաքին առարկայական եւ ենթակայական պատճառներ, որոնք կը բովանդակեն խորհուրդ խորին, թոյլ չեն տար, որ վարչապետնիս ծնունդ տայ անոր…

Դահլի՞ճ. եղբա՛յր, ա՛ն ալ կը կազմուի: Ալ աժալա մին ալ շէյթան (աճապարանքը սատանայէն է): Դուք մեր վարչապետցուին համբերութիւնն  ու լայնածիր ժպիտները չէ՞ք տեսներ…

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES