ՃՀՓ-Ի ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ ՆՈՐ ՏԱԳՆԱՊՆԵՐ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ

Քաղաքական կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուներու ցանկին մէջ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան (ՃՀՓ) ցանկը ամէնէն շատ ուշադրութիւն գրաւեց, որովհետեւ անոր մէջ ներառուած չէին ՃՀՓ-ի հին դէմքերէն շատեր: Փոխարէնը` կան անունները այնպիսի անձերու, որոնք շարունակուող Էրկենեքոնի հարցին մէջ կասկածելիներ են:

Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլուի այս քայլը` ՃՀՓ-ի հին դէմքերը նկատի չառնելը, մեկնաբանուեցաւ իբրեւ կուսակցութիւնը արդիականացնելու փափաք, մինչ հակասութիւն նկատուեցաւ թեկնածու նշանակումը Էրկենեքոնի կասկածելիներուն, որոնք առաւել կամ նուազ չափով ՃՀՓ-ի հին անդամներուն հետ նոյն մտայնութիւնը կը բաժնեն:

Այնպէս կը թուի, թէ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը իր այս քայլին համար խիստ քննադատութեան թիրախ պիտի դառնայ իշխող կուսակցութեան կողմէ եւ հաւանական է, որ ՃՀՓ մօտիկ ապագային նոր տագնապներ դիմակալէ:

Ըստ «Սթար»ի սիւնակագիր Մուսթաֆա Քարալիօղլուի, Էրկենեքոնի կասկածեալներուն առջեւ ՃՀՓ-ի դուռը բանալով` Քըլըչտարօղլու ցոյց տուած է, թէ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը փակ է իր շատ ցանկացած բարեփոխումին դիմաց:

«Էրկենեքոնի հարցին մէջ կողմ բռնելը տարբեր է այդ հարցին գծով կասկածեալները խորհրդարան առաջնորդելէն: Ասիկա ընելով` ՃՀՓ վտանգի կ՛ենթարկէ իր վարկը, հաւանականութիւնը` նոր քաղաքականութեան մէջ դատողութեան գծով», կ՛ըսէ Քարալիօղլու` շեշտելով, որ կուսակցութիւնը ասոր գինը քաղաքականութեամբ պիտի վճարէ: Նկատի ունենալով Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախկին ընդհանուր քարտուղար Օնտեր Սաւն ու ՃՀՓ-ի նախկին ղեկավար Տենիզ Պայքալը եւ անոնց խումբը թեկնածուներու ցանկէն դուրս ձգելու Քեմալ Քըլըչտարօղլուի քայլը` «Սթար»ի սիւնակագիր Մուսթաֆա Քարալիօղլու կ՛ըսէ, թէ Քըլըչտարօղլու ըրաւ բան մը, որ օգտակար է ժամանակաշրջանի ոգիին, տրամադրութեան:

«Արգելքի կողմնակից, զինուորական հովանաւորչութեան, խնամակալութեան համամիտ քաղաքական անձնաւորութիւնները գործօն քաղաքական հոլովոյթներէն դուրս ձգելը թերագնահատելի շարժում մը չէ», կ՛ըսէ Քարալիօղլու:

«Հիւրրիյէթ» օրաթերթի յօդուածագիրներէն Սետաթ Էրկին կը կարծէ, թէ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը Էրկենեքոնի հարցով կասկածեալները թեկնածու առաջադրելով` արդարադատութեան եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տուած է յաղթանակի մեծ խաղաքարտ մը, օգտագործուելու համար ընտրական քարոզարշաւի ընթացքին: Ան կը կարծէ, որ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շատ լաւ պիտի օգտագործէ յաղթանակի այս խաղաթուղթը եւ ՃՀՓ պիտի զուգորդէ Էրկենեքոնի հետ, ընտրական հաւաքներու ատեն:

Թէեւ Էրկին կ՛ընդունի «ամէն ոք անմեղ է, մինչեւ յանցաւոր փաստուիլը» սկզբունքը, բայց կը կարծէ, որ ՃՀՓ սխալ ըրած է կասկածեալները յառաջիկայ ընտրութիւններուն թեկնածու նշանակելով (մանաւանդ որ դատավարութիւնը կը շարունակուի), այս ձեւով անոնց շնորհելով (յաջողութեան պարագայի) խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւն:

«Կուսակցութիւնը այսպիսի ուղի մը առնելով` նաեւ պիտի արժեզրկէ, չեղեալ պիտի ընէ քաղաքական բարոյագիտութեան զգայնոտութեան իր պնդումները, ինչպէս նաեւ` խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը ջնջելու իր պահանջները», կ՛ըսէ «Հիւրրիյէթ» թերթի յօդուածագիր Սետաթ Էրկին:

Նայելով ընդդիմադիր ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան առաջադրած թեկնածուներու անուանացանկին` թրքական «Զաման» օրաթերթի մեկնաբան Մուսթաֆա Ունալ կը կարծէ, որ ցանկին մէջ եղողներուն համար շատ դժուար պիտի ըլլայ կուսակցութիւնը հասցնել իշխանութեան: Ընդհակառակը, իրենք խորհրդարան պիտի տարուին Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան անդամներուն ուսերուն նստած:

«Միասնականութեան նուաճումը հաւանական չի թուիր, որովհետեւ ՃՀՓ կուսակցութիւնը իր հովանաւորութեան տակ կ՛առնէ Էրկենեքոնի կասկածեալներ, կեդրոնական-աջակողմեաններ եւ նոր դէմքեր, գործիչներ եւ դիւանակալական, կառավարական վերին շրջանակներէն: Անկախ այն բանէն, որ այս մարդիկը նոյն կուսակցութեան տանիքին տակ ատակ չեն քաղաքականութիւն վարելու, անոնք նոյնիսկ Պոլիս չեն կրնար ճամբորդել ընդհանրապէս», կ՛ըսէ Մուսթաֆա Ունալ:

Ըստ անոր, Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան թեկնածուներու անուանացանկը հաւանական է, որ նոր կուսակցութեան մը ծնունդ տայ:

ՖԱԹՄԱ ՏԻՇԼԻ ԶԻՊԱՔ

«Զաման»

Share this Article
CATEGORIES