ՄԵՏՎԵՏԵՒ, ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՀԱՄԱՁԱՅՆԵՑԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՆՈՅՆ ՁԵՒԱՉԱՓՈՎ

Եռակողմանի հանդիպումը

Սոչիի մերձակայքը գտնուող «Քրասնայա Փոլիանա» լեռնադահուկային առողջարանին մէջ շաբաթ, 5 մարտին տեղի ունեցաւ Մետվետեւ – Սարգսեան – Ալիեւ եռակողմ հանդիպումը: Այս մասին կը յայտնէ «Ռիա Նովոսթի»ի:

Կլոր սեղանի շուրջ հանդիպումը Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ աւելի ուշ շարունակեցին նաեւ ոչ պաշտօնական մթնոլորտի մէջ:

Բանակցութիւններու կեդրոնական հարցը ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորումն էր:

Բանակցութեանց իբրեւ արդիւնք երեք նախագահները միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ:

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ երեք նախագահները քննարկեցին 27 հոկտեմբեր 2010-ին Ասթրախանի մէջ տեղի ունեցած նախորդ հանդիպման ժամանակ ընդունուած եռակողմանի յայտարարութեան գործնական իրականացման հարցերը: Մասնաւորապէս, նախագահները համաձայնած են ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին աւարտել ռազմագերիներու փոխանակումը:

Բացի ատկէ, փաստաթուղթին մէջ կ՛ընդգծուի «բոլոր վիճելի հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու եւ զինադադարի գիծի երկայնքին հաւանական միջադէպերու` կողմերուն մասնակցութեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն հովանիին ներքեւ, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի յատուկ ներկայացուցիչին աջակցութեամբ հետաքննութիւն կատարելու ձգտումը»:

«Նախագահները նշեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցերով իրենց կանոնաւոր շփումներուն կարեւոր նշանակութիւնը եւ համաձայնեցան զանոնք շարունակել նոյն ձեւաչափով` ի լրումն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու աշխատանքին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS