ԾՈՑԻ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎ

Խորհրդակցական վեհաժողովէն պահ մը

Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ երէկ կէսօրէ ետք ընթացք առաւ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամ երկիրներու խորհրդակցական 13-րդ վեհաժողովը, որ յատկացուած է շարք մը հարցերու, որոնց շարքին` Իրանի հետ յարաբերութեանց, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Ապտալլա Սալեհի Ծոցի երեք երկիրներ վերջերս կատարած այցելութեան արդիւնքներուն:

Վեհաժողովը արաբական աշխարհը փոթորկող ժողովրդային ըմբոստութեանց ալիքի սկիզբէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն է:

Ծոցի շրջանէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ վեհաժողովը բաց է եւ պիտի քննարկէ բոլոր հարցերը` Իրանի հետ Ծոցի երկիրներուն յարաբերութիւնները, Իրանի արտաքին գործոց նախարարի շրջապտոյտին արդիւնքները, Եմէնի տագնապի լուծման խորհուրդի նախաձեռնութիւնը, Պահրէյնի կացութիւնը, Լիպիոյ հարցը, ինչպէս նաեւ հասարակաց հարցեր, որոնք ղեկավարներուն հայեցողութեան ձգուած են:

Նշենք, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարը Շաբաթ օր այցելած էր Քաթար, ուր Պահրէյնի մէջ ներկայ կացութեան շարունակման պարագային շրջանին մէջ «վատ հետեւանքներէ» զգուշացուցած էր: Ան նաեւ այցելած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ եւ Օման:

 

 

Share this Article
CATEGORIES