ԸՍՏ ՅՈՎԻԿ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆԻ. 2012-ԻՆ ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍԸ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ ՊԻՏԻ ՄՏՆԷ

Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նախանցեալ օր համոզում յայտնեց, որ 2012-ին Հայ ազգային քոնկրեսը պիտի մտնէ խորհրդարան, սակայն ժողովուրդը պիտի որոշէ անոր աթոռներուն թիւը:

Անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրես- իշխանութիւն երկխօսութեան` Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ ինք համագործակցութիւն կը տեսնէ եւ ատիկա կ՛ողջունէ: «Իւրաքանչիւր համագործակցութիւն կը բխի ժողովուրդի եւ պետութեան շահերէն: Ես միշտ առաջարկած եմ, որ Ազգային ժողովի ամպիոնը դարձնենք քննարկումներու եւ քննադատութիւններու ամպիոն: Ճիշդ կ՛ըլլայ փողոցներէն վերադառնալ եւ քննարկել իւրաքանչիւր բարեփոխում, խնդիր: Եթէ կան տեսակէտներ, իշխանութիւնը պատրաստ է զանոնք լսելու», ըսաւ Ազգային ժողովի ղեկավարը:

Յովիկ Աբրահամեան նշեց, որ 2012-ին եւ 2013-ին Հայաստանի մէջ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան: Ըստ անոր, իրենք ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի այդ ընտրութիւնները  արդար եւ թափանցիկ ըլլան, որպէսզի վերականգնի ժողովուրդի հաւատքը իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Պատասխանելով արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու հաւանականութեան մասին հարցումին` Ազգային ժողովի նախագահը նշեց, որ իւրաքանչիւր արտակարգ ընտրութիւն բացասական վարկանիշ կը բերէ երկրին: Խորհուրդ տալով նախապատրաստուելու ընթացիկ ընտրութիւններուն` Ազգային ժողովի նախագահը յայտնեց, որ արտակարգ ընտրութեան անհրաժեշտութիւն չկայ, քանի որ մնացած է միայն մէկ տարի, եւ ատիկա շատ քիչ ժամանակահատուած է պատրաստուելու համար:

 

Share this Article
CATEGORIES