ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ

«ՆԱՀԱՐ»

– Անդրադարձ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող ամէնէն աղքատ երկիրներու խորհրդաժողովին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Տիար», «Պայրաք», «Շարք Աուսաթ», «Սաֆիր», «Տէյլի Սթար» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը):

– Անդրադարձ յառաջիկայ հինգշաբթի օր Պքերքէի մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր վեհաժողովին, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Լիբանանահայութեան երեք համայնքապետերը:

– Յայտարարութիւն` Լիբանանի Նահատակաց տօնին առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի ունենալիք զինուորական ցուցադրութեան մասին: Ցուցադրութիւնը պիտի կատարուի Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի առեւտրականներու միութեան նախագահ Փոլ Այանեանի հովանաւորութեամբ:

(Նոյն յայտարարութեան անդրադարձած է նաեւ «Լիուա» օրաթերթը):

– Յօդուած մը, որ կ՛ակնարկէ Թուրքիոյ մէջ բռնութեան ենթարկուող եւ մնայուն կաշկանդումով գործող, ինչպէս նաեւ արգելափակուած լրագրողներուն` մաղթելով անոնց ազատութիւնը:

– Ակնարկ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ֆրանսական «Արթէ» կայանին հրապարակած վաւերագրական ժապաւէնին. կը քննադատուին ժապաւէնին ոչ ամբողջական ըլլալու յատկութիւնները, իսկ ակնարկին աւարտին կը հաստատուի Երիտասարդ թուրքերուն որդեգրած սխալ քաղաքականութիւնը` զարմանք յայտնելով, որ արդի Թուրքիան ինչո՞ւ կը փորձէ այդ քաղաքականութեամբ շարունակել իր ընթացքը: Ակնարկը կ՛եզրափակուի շեշտելով, որ Թուրքիան մնայուն կասկածի տակ պէտք է պահել, այնքան ատեն որ թուրքերը իրենց պատմական որոշ կեցուածքները վերատեսութեան չեն ենթարկած:

«ԱՆՈՒԱՐ»

– Լրատուութիւն` Այնթուրայի մէջ թաղուած 300 որբերու յիշատակին առիթով կատարուած ոգեկոչման ձեռնարկին մասին:

(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Պայրաք», «Տէյլի Սթար» եւ «Լ՛Օրիան լը Ժուր» օրաթերթերը):

 

 

Share this Article
CATEGORIES