ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ՍՈՒՐԻԱ

Ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցին, 25 ապրիլին Ս. Հռիփսիմէ մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում ապրիլեան յուշարձանին առջեւ: Հանդիսութեան ներկայ էին հալէպահայ կրօնական համայնքապետներ, Սուրիոյ կրօնական առաջնորդներ, տարբեր երկիրներու դիւանագէտներ եւ այլ հայ թէ օտար ներկայացուցիչներ:

Երեկոյեան «Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին խօսք առին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Աշոտ Մանուկեան եւ օրուան բանախօսը` «Քարէն Եփփէ» ազգային ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլեճեճեան: Յայտագիրը եզրափակեց Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:

ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՄԱՆ ՈՒ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ`
ԳԱԲՐԻԷԼ ԵՒ ԱՆԺԵԼ ՉԵՄՊԵՐՃԵԱՆ ԱՄՈԼԻՆ

Շաբաթ, 16 ապրիլին, Հալէպի Կրթասիրաց մշակութային միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Գաբրիէլ եւ Անժել Չեմպերճեան ամոլին նուիրատուութեամբ կառուցուած «Փիւնիկ» մշակութային սրահին բացումն ու բարերարներուն պարգեւատրումը` Կրթասիրաց մշակութային միութեան կողմէ:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Թամար Օհանեան, որ փոխանցեց միութեան շնորհակալութիւնները, սրտի խոր զգացումներն ու երախտիքը: Ան նկատել տուաւ, որ «Կրթասիրաց» անուանումը պատահական չէ եւ իր մէջ կ՛ամփոփէ խորունկ ու խոհեմ իմաստներ: Սէր` հանդէպ կրթութեան, սէր` հանդէպ ուսումին, մշակոյթին, ազգին եւ, վերջապէս, սէր` հանդէպ մարդուն: Ան շեշտեց,  որ փրկելու համար ազգը, հարկ էր ստեղծել դպրոց` պահելու համար հայ մարդը,  ապրեցնելու մեր դարաւոր մայրենին ու մեր հարուստ մշակոյթի պահապաններ կերտելու: Ան յայտնեց, թէ երկրորդական մը ունենալու երազը միշտ փայփայուած էր իւրաքանչիւր կրթասիրացականի կողմէ  եւ ներկայիս իրականացած է:

Այնուհետեւ Յարութ Վարդանեան կարդաց Չեմպերճեանի կենսագրականը եւ անոր բարեգործական բեղուն գործունէութիւնը`  թուելով մինչ օրս անոր արժանացած զանազան շքանշաններն ու պատուոյ գիրերը: Գ. Չեմպերճեան 2007-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ արժանացած է «Կիլիկիոյ իշխան» շքանշանին, նոյն տարին` Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան ոսկէ մետալին: 2008-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան Չեմպերճեանը պարգեւատրած է «Մ. Խորենացի» շքանշանով, որուն կը յաջորդէ նոյն տարին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» հայ եկեղեցւոյ բարձրագոյն շքանշանը: 2010-ին պարգեւատրուած է Երեւանի Մ. Մաշտոցի անուան մատենադարանի ոսկի մետալով: Նոյն տարուան հոկտեմբերին արժանացած է «Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի» կոչումին:

Արտասանուած խօսքերէն ետք տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնում` ձեռամբ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի եւ Կրթասիրաց մշակութային միութեան խնամակալութեան ատենապետուհի Հայկուհի Գրմզեանի: Այնուհետեւ սրբազան հայրը խօսք առնելով` նախ շնորհաւորեց Կրթասիրացը` «Փիւնիկ» սրահի բացման առիթով, ապա շնորհաւորեց Գաբրիէլ եւ Անժել Չեմպերճեան ամոլը, որ կը շարունակէ իր քրիստոնէավայել մարդասիրական ու աստուածահաճոյ, ազգանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւնները:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ԷՄԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Ապրիլ 23-ին Արաբական Միացեալ Էմիրութեան Շարժա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 96-րդ տարելիցի ոգեկոչումը: Ոգեկոչման մասնակցեցան Արաբական Միացեալ Էմիրութեան մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Մելիքեան,  Ազգային իշխանութեանց կառոյցներու ղեկավարներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:

Յայտագիրը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ` ի յիշատակ 1915-ի անմեղ զոհերուն, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած «Աղէտ» փաստագրական տեսերիզը:

Այնուհետեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն յաջորդեց ծաղիկներու զետեղում եւ մոմավառութիւն` բակին մէջ կանգնեցուած Ցեղասպանութեան յիշատակը մարմնաւորող խաչքարին առջեւ:

ՌՈՒՍԻԱ

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ
ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ» ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ

28 ապրիլին Նիժնի Նովկորոտի Ն. Ի. Լոպաչեւսքիի անուան պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով` «Հայաստանը քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան մէջ» թեմայով: Գիտաժողովի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով Մոսկուայէն, Ս. Փեթերսպուրկէն, Ռուսիոյ այլ շրջաններէն, Գերմանիայէն եւ Հայաստանէն Նիժնի Նովկորոտ ժամանած էին աւելի քան 30 գիտնականներ, լրագրողներ, դիւանագէտներ,  ուսանողներ: Հարկ է նշել, որ գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Ռուս-հայկական (Սլաւոնական) համալսարանի ներկայացուցիչները: 2004-ին Նիժնի Նովկորոտի պետական համալսարանը կնքած էր համագործակցութեան մասին պայմանագիր:

Գիտաժողով կազմակերպելու գաղափարը ծնած էր 2010-ի հոկտեմբերին, Հայաստանի մէջ  Նիժնի Նովկորոտի պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի պատուիրակութեան ուղեւորութեան ժամանակ:

Գիտաժողովի նախօրեակին, 27 ապրիլին,  միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին տեղի ունեցաւ բաժանմունքին ուսանողներու եւ գիտաժողովի մասնակիցներու հանդիպում: Բաժանմունքին պատասխանատուն ընդգծեց երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ այս երկխօսութիւնը թոյլ կու տայ ոչ միայն քննարկելու քաղաքակրթութիւններու փոխազդեցութեան կարեւորագոյն հարցերը,  այլ կը ներկայացնէ առաջարկներ անոնց, որոնք  արտաքին ու ներքին քաղաքականութիւններու ծիրին մէջ կ՛ընդունին կարեւոր որոշումներ:

27 ապրիլին Նիժնի Նովկորոտ ժամանեց Ռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Օլեգ Եսայեան, որ հանդիպում ունեցաւ շրջանի հայ համայնքներու նախագահներուն, գիտաժողովի մասնակիցներուն, լրագրողներուն հետ, եւ պատասխանեց հայ հասարակութիւնը յուզող բազմաթիւ հարցերու: Այս հանդիպումը պատմական էր այն առումով, որ առաջին անգամն է, որ հայ դեսպան մը կու գայ Նիժնի Նովկորոտ:

28 ապրիլին գիտաժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն` մարզի հանրային գրադարանի շէնքին մէջ, ուր ցուցադրուած էին գրադարանի գրապահոցներուն մէջ պահուող, Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի վերաբերող հրատարակութիւններ: Հայ գիտնականներուն զարմանք պատճառեցին 18-րդ եւ 19-րդ դարերու ընթացքին հրատարակուած գիրքերը: Դեսպան  Եսայեան յայտարարեց, որ ամէն տարի երկու մրցանակ պիտի շնորհէ միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքի երկու ուսանողներու` լաւագոյն հետազօտական աշխատանք ներկայացուցած հայ ուսանողին եւ հայոց սորվող ռուս ուսանողին: Գիտաժողովը իր աշխատանքը շարունակեց. ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ ունկնդրեցին զեկուցումները, տեղի ունեցան բուռն քննարկումներ: Գիտաժողովը ընդունեց  հռչակագիր մը, որուն կարեւորագոյն կէտերէն մէկն է Նիժնի Նովկորոտի, Ն. Ի. Լոպաչեւսքիի անուան պետական համալսարանի միջազգային յարաբերութիւններու բաժանմունքին հայագիտական կեդրոնի բացումն է, որ անկասկած կը նպաստէ հայագիտութեան զարգացման աւելի սերտ կապեր կը ստեղծէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ, կ՛օգնէ ազգապահպանման հարցերը  լուծելու:

ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄԸ
ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻՈՅ ՄԷՋ

Ապրիլ 24-ին Մինսքի կեդրոնական զինուորական գերեզմանատան տարածքին տեղադրուած խաչքարին մօտ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի դեսպանատան աշխատակիցներ եւ հայ համայնքի աւելի քան երկու հարիւր ներկայացուցիչներ: Խօսք առաւ Պիելոռուսիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Խաչատրեան, որմէ ետք զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ

ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՍԻՄՈՆ ՓԱՅԱՍԼԵԱՆԻ
«ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ» ՊՈՒԼԿԱՐԵՐԷՆ
ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

Նախաձեռնութեամբ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարի մշակոյթի բաժանմունքի,  Հայաստանի դեսպանութեան եւ «ՌԻՎԱ» հրատարակչութեան 19 ապրիլին, Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարին դիւանագիտական բաժանմունքի  ցուցահանդէսային սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ամերիկահայ պատմաբան, Պոսթընի համալսարանի դասախօս Սիմոն Փայասլեանի «Հայոց պատմութիւն» պուլկարերէն թարգմանութեամբ հրատարակուած գիրքի շնորհահանդէսը:

Գիրքը անգլերէնէ թարգմանած է Քալինա Լիւպամիրով, խմբագրած է` Սոֆիայի Ս. Քլիմեն Օրհիտսքի համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքի հայագիտական բաժնի դասախօս, պատմաբան Յակոբ Օրհմանճեան:

Շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարի մշակոյթի բաժանմունքի տնօրէն Լիւտմիլա Տիմիթրովա: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Սոֆիայի Ս. Քլիմեն Օրհիտսքի համալսարանէն փրոֆ. Իվան Իլչեւ, որ ներկայացուց գիրքին արժանիքները` գիտական, պատմական եւ գեղարուեստական տեսանկիւնէն: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ- պուլկարական դարաւոր բարեկամութեան,  երկու ազգերու պատմական անցեալի առնչութիւններուն եւ ներկայիս փոխադարձ բարի դրացիական յարաբերութիւններուն:

Շնորհահանդէսին ներկայ էին Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան,  Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնեաներ, Պուլկարիոյ մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններ, այլ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու մշակութային հարցերով պատասխանատուներ, դիւանագէտներ, համայնքային կառոյցներու մշակութային եւ ստեղծագործական միութիւններու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ, դասախօսներ եւ ուսանողներ:

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏ ԱԼՊԵՐԹ ԱՃԵՄԵԱՆԻ
15-ՕՐԵԱՅ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

* 26 մարտին 15-օրեայ աշխատանքային այցով Հայաստանէն Կլենտէյլ ժամանեց «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր, ազգային, հասարակական գործիչ, ճարտարապետ Ալպերթ Աճեմեան, որ  ունեցաւ բազմաթիւ հանդիպումներ ու ելոյթներ` հայկական կազմակերպութիւններու ու միութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ հարցազրոյցներ` լրատուական ներկայացուցիչներու հետ:

29 մարտին  ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի «Փեշեքերեան» սրահին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան, «Նոր Ջուղայի բարեկամներ» յանձնախումբի,  Ուրմիոյ հայրենակցական միութեան վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումը կազմակերպած էր Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբը: Ձեռնարկին բացումը կատարեց հանրային կապի գրասենեակի պատասխանատու Սարօ Նազարեան, որ ներկայացուց  Ալպերթ Աճեմեանը եւ հրաւիրեց զայն փոխանցելու իր խօսքը:

Ա. Աճեմեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայրենաբնակ ժողովուրդի ընկերա-տնտեսական իրավիճակին պատճառով ստեղծուած համատարած դժգոհութիւններուն եւ դժուարութիւններուն, որոնք հետեւանք են իշխանութիւններուն եւ պետական կառոյցներուն վարած ապաժողովրդական քաղաքականութեան ու գործելակերպին: Իսկ խօսելով իրանահայութեան մասին` Ա. Աճեմեան  ցաւով յայտնեց, որ արտագաղթի ալիքներու ծաւալմամբ` հետզհետէ կը նօսրանայ իրանահայութեան թիւը, գաղթօճախներու պահպանման ու կազմակերպման նոր ու դժուարին մարտահրաւէրներ յառաջացնելով իրանահայ ազգային, կրթական ու հասարակական մարմիններուն եւ հաստատութիւններուն համար: Իր ելոյթի աւարտին ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

*  5 ապրիլին  Ալպերթ Աճեմեան այցելեց Կլենտէյլի մէջ գործող Ուրմիոյ հայրենակցական միութեան կեդրոնատեղի, ուր միութեան վարչութեան կողմէ կազմակերպուած էր ողջոյնի եւ մեծարանքի ձեռնարկ` Ա. Աճեմեանի գաղութ կատարած այցի եւ մասնաւորաբար Իրանի երբեմնի հայաշատ Ուրմիոյ գաղթօճախին մէջ անոր ծաւալած ժողովրդանուէր գործունէութեան առիթով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց միութեան վարչութեան փոխնախագահ Բուլիկ Բաբայեան, որմէ ետք Գասպար Սարգիսեան,  ներկայացնելով Ալպերթ Աճեմեանի կենսագրական գիծերը, դրուատիքով անդրադարձաւ Ուրմիոյ շրջանին մէջ անոր կատարած ծառայութիւններուն: Այնուհետեւ,  որպէս երախտագիտութեան արտայայտութիւն, վարչութեան նախագահ` Ռազմիկ Գիւլնազարեան միութեան անունով  Ա. Աճեմեանին յանձնեց յուշանուէր մը: Ա. Աճեմեան նախ շնորհակալութիւն եւ ուրախութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար եւ գնահատական խօսք ուղղեց իրանահայ կեանքին մէջ Ուրմիոյ հայութեան ունեցած ուշագրաւ դերակատարութեան եւ նուիրումին մասին:

* 7 ապրիլին Ա. Աճեմեան հանրային կապի յանձնախումբի անդամներուն ընկերակցութեամբ այցելեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան նորակառոյց շէնք, ուր միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ: Բացման խօսքը արտասանեց Կեդրոնական վարչութեան նախագահ  Պերճուհի Ղեւեան: Այնուհետեւ օրուան հանդիսավար Արսէն Դանիէլեան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց  Ա. Աճեմեանի կենսագրական գիծերը եւ բեմ հրաւիրեց զայն` խօսելու «Հայ իրականութեան ներկայ մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Ան անդրադարձաւ հայրենիքի մէջ տիրող քաղաքական, ընկերա-տնտեսական իրավիճակին, որ իր ծանր հետեւանքները  կ՛ունենայ հայրենաբնակ ժողովուրդին վրայ: Ան մեծապէս կարեւոր նկատեց Հայաստան-սփիւռք համագործակցութեան առաւել ամրապնդումը` նորովի ու նպատակասլաց ուղղութիւններով ու ծրագիրներով:

* Լոս Անճելըս կատարած իր 15-օրեայ այցելութեան ընթացքին Ա. Աճեմեան ունեցաւ նաեւ բազմաթիւ այլ հանդիպումներ եւ հարցազրոյցներ` լոսանճելըսահայ շրջանակներու եւ լրատուամիջոցներու հետ: Ան նաեւ այցելեց Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Ան նաեւ 30 մարտին, 5 եւ 7 ապրիլին այցելեց Էնսինոյի «Ֆերահեան», Հոլիվուտի «Ալեք Փիլիպոս» եւ Կլենտէյլի «Շամլեան» ազգային վարժարանները, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչակազմերուն եւ աշակերտութեան հետ:

10 ապրիլի երեկոյեան Ա. Աճեմեան ներկայ գտնուեցաւ Պըրպենքի նորակառոյց Հայ կեդրոնին ի նպաստ կազմակերպուած ճաշկերոյթ-հաւաքին:

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ
80-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

Ալպերթ Աճեմեանի 15-օրեայ այցելութեան կիզակէտը հանդիսացաւ «Ալիք» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը, որ կազմակերպուած էր «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագրութեան, ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան համատեղ ջանքերով եւ Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի յանձնախումբի համագործակցութեամբ: Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 8 ապրիլին,  «Արարատ» մասնաճիւղի հանդիսասրահին մէջ:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կեդրոնական կոմիտէի հանրային կապի գրասենեակի պատասխանատու Սարօ Նազարեան, որ ողջունելով ներկաները` նշեց, թէ «Ալիք»ը միայն թերթ ու խմբագրութիւն չէ եղած իրանահայութեան համար, այն հանդիսացած  է երիտասարդութիւնը համախմբելու եւ ազգային գաղափարախօսութեամբ դաստիարակելու կարեւոր հաստատութիւն, որ ուշագրաւ դերակատարութիւն եւ ներդրում ունեցած է իրանահայ կեանքին մէջ: Այնուհետեւ ան բեմ հրաւիրեց «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը եւ ՀՄԸՄ-ի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի ներկայացուցիչ Ռուբիկ Կիւրճեանը, որոնք «Ալիք» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակին նուիրուած իրենց ուղերձներուն մէջ  բարձրօրէն դրուատեցին «Ալիք» օրաթերթն ու թերթին շուրջ համախմբուած մտաւորականները, որոնց անանձնական նուիրումով 80 տարի շարունակ «Ալիք»ը մնաց եւ կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ` նոր վերելքներ արձանագրելով իրանահայ մամուլի պատմութեան մէջ:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ իրանահայ կեանքին մէջ ազգային,  հասարակական ու քաղաքական անգնահատելի վաստակ ունեցած, «Ալիք»ի տարիներ շարունակ իր մտաւոր ծառայութիւնը մատուցած Սեպուհ Յովհաննիսեան, որ համապարփակ կերպով ներկայացուց «Ալիք»ի դերն ու նշանակութիւնը ո՛չ միայն իրանահայ, այլ համասփիւռքեան մակարդակով եւ գնահատանքի խոր զգացումով յիշատակեց թերթի բոլոր խմբագիրներուն եւ արտօնատէրերուն անունները, շեշտելով, որ անոնց անսակարկ ծառայութեան շնորհիւ` «Ալիք»ը յաջողեցաւ նուաճումներ արձանագրել հայ մամուլի անդաստանին մէջ:

Ձեռնարկի ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Ալիք»ի նորակառոյց շէնքին ու թերթի խմբագրութեան նուիրուած տեսերիզ մը, որ նկարահանուած էր Յովան Թաշճեանի Թեհրան կատարած այցելութեան օրերուն:

Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս` «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեան, որ անդրադարձաւ «Ալիք»ի առաքելութեան` շեշտելով, որ թերթը միշտ առաջնորդուած է անկողմնակալ լրատուութեան աղբիւր հանդիսանալու սկզբունքով եւ իր որդեգրած ազգային գաղափարախօսութեամբ արժանացած  է համայն իրանահայութեան բարձր գնահատանքին ու յարգանքին: Ան նաեւ ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որ իրենց ներկայութեամբ պատշաճօրէն նշեցին «Ալիք»ի տարեդարձը:

Գեղարուեստական ծրագիրով հանդէս եկաւ «Արարատ» մասնաճիւղի երգչախումբը, որուն յաջորդեց օրհնութեան ու գնահատանքի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց  թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:

ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ «ԵՈՒ. ՍԻ. ԷԼ. ԷՅ.»
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

2 ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ հաւաքուեցան Ցեղասպանութեան պատմաբաններ, որպէսզի զեկուցեն, տեղեկութիւններ փոխանցեն իրարու: Բացման խօսքը արտասանեց Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ շեշտեց բերանացի երկխօսութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ` տեղեկութիւններու ապահովութիւնը եւ արխիւի մէջ պահելը:

Հանդիպումը բաժնուած էր 4 մասերու առաջինը` «Հաւաքածոներ. իրենց ծնունդը, փաստերը» թեմայով, որուն զեկուցավարն էր Մարք Մամիկոնեան: Խօսք առին` Վարուժան Ֆրունճեան, պատուելի Պիլեզիկեան-Չարխուտեան, Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, Կրեկ Սարգիսեան, Ճորճ Շիրինեան: Երկրորդ մասը` «Հրատարակութիւններ, ելոյթներ, տեսողական արուեստ» թեմայով, որուն զեկուցավարն էր Ժերալտ Փափազեան: Խօսք առին` Տոնալտ եւ Լորնա Դուրեան-Միլըր, Քարլա Կարապետեան, Արա Օշական, Պիանքա Պակադուրեան, Զարեհ Ճգնաւորեան:

Երրորդ մասը` «Ցանկագրում, պահպանում, արխիւ» թեմայով, որուն ընթացքին խօսք առին` Թերեզա Պենեթ, Սթեֆթն Սմիթ, Մարք Կրինպըրկ, Սթեֆըն Տէյվիտսըն:

Չորրորդ մասը` «Մտաւորականներու,  գրագէտներու եւ արուեստագէտներու համար ստեղծուած կարելիութիւններ» թեմայով. խօսք առին` Արա Սանճեան, Քարլոս Անթառամեան, Արտա եւ Տորիս Մելքոնեաններ, Ռուբէն Չարամեան, Թաներ Ագչամ:

ՔԱՆԱՏԱ

ՅԱԿՈԲ ՊՈՒԼԿԱՐԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀՈՒԵՑԱՒ
«Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆ

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Յակոբեանի, 30 ապրիլին տեղի ունեցաւ շքանշանի յանձնում` Ս. Յակոբ հայկական ամէնօրեայ վարժարանի նախկին տնօրէն Յակոբ Պուլկարեանի:

Արդարեւ, սրբազանին եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան խնդրանքին ի պատասխան` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուեց Յակոբ Պուլկարեանը:

Նախքան շքանշանի յանձնումը` սրբազանը կարդաց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին կոնդակը եւ ապա յանձնեց շքանշանը:

ԱՐԺԱՆԹԻՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԼԵՓՍԻՈՒՍԻ «ԳԵՐՄԱՆԻԱ
ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ 1914-1918.
ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔԱԾՈՅ»
ՍՊԱՆԵՐԷՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
ԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

27 ապրիլին Պուէնոս Այրեսի Միջազգային յարաբերութիւններու արժանթինեան կեդրոնին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ «Աքիան կրաֆիքա» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղի ունեցաւ Յովհաննէս Լեփսիուսի «Գերմանիա եւ Հայաստան 1914-1918. դիւանագիտական փաստաթուղթերու հաւաքածոյ» սպաներէն թարգմանութեամբ գիրքին շնորհահանդէսը:

Դիւանագիտական փաստաթուղթերու այդ հաւաքածոյի սպաներէն թարգմանութեան ու տպագրութեան նախաձեռնողն ու հովանաւորն է 89-ամեայ  արժանթինահայ Անահիտ Բարիկեան: Գերմաներէնէ գիրքը թարգմանած է թարգմանչուհի, իրաւաբան Պէաթրիս Էլպերթ:

Գիրքի շնորհահանդէսին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպան Վլադիմիր Կարմիրշալեան: Օրուան բանախօսներն էին Արժանթինի Գերագոյն դատարանի անդամ Ռաուլ Սաֆարոնի,  Արժանթինի Վերահսկիչ պալատի նախագահ Լէանտրօ Տեսփույը, Արժանթինի նախկին արդարադատութեան նախարար Լէոն Քարլոս Արսլանեան, Միջազգային յարաբերութիւններու արժանթինեան կեդրոնի վարչութեան անդամ դեսպան Լուիս Մենտիոլա, Պուէնոս Այրեսի համալսարանի միջազգային իրաւունքի փրոֆ. Ռոպերթօ Մալխասեան:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES