Թուրքիա Կը Պահանջէ Հայոց Ցեղասպանութեան Նկատմամբ Քանատայի Դիրքորոշման Փոփոխութիւն

Օթթաուա, ապրիլ 7-ին, քանատական շարք մը լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, թէ Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը յայտարարած է, որ Հարփըրի կառավարութեան կողմէ օսմանեան թուրքերու կողմէ կատարուած հայոց ջարդերուն «ցեղասպանութիւն» որակումը խոչընդոտ կը հանդիսանայ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու յաւելեալ զարգացման: Դեսպան Թունչայ Պապալի «Քանատա փրես»-ի տուած լայնածաւալ հարցազրոյցի մը մէջ կը նշէ, թէ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն կատարուած 1,5 միլիոն հայերու ջարդը իր երկիրը կը շարունակէ յուզել, բայց եւ այնպէս Թուրքիա կը փափաքի Քանատայի հետ առեւտրական կապերը զարգացնել` լաւագոյն պարագային յանգելու ազատ շուկայի յարաբերութեան կնքումի, մանաւանդ երբ Քանատա-Եւրոպական միութիւն ընթացիկ առեւտրական բանակցութիւնները յանգին իրենց վերջնական փուլին:

«Քանատա-Թուրքիա երկկողմանի առեւտուրը, որ ցարդ տարեկան 2,5 միլիառ տոլարի գումար մը կը ներկայացնէ, կրնայ հասնիլ 10-15 միլիառի, եթէ յարաբերութիւնները առաւել եւս խորանան: Սակայն կարելի չէ յարաբերութիւններ զարգացնել երկրի մը հետ, որ միւսը կ՛ամբաստանէ ցեղասպանութեամբ: Այս մէկը լուրջ մեղադրանք է, որ պէտք է փաստուի իրաւական ու պատմական գետիններու վրայ», կ՛ըսէ դեսպանը:

Քանատարի արտաքին քաղաքականութիւնը Թուրքիան նշանակած է որպէս բանալի երկիր, կը շարունակէ ան, եւ ես բուռն հաւատացող մըն եմ երկու երկիրներուն միջեւ կապերու առաւել զարգացման, սակայն ցեղասպանութեան այս հարցը մեզ ետ կը մղէ: Քանատայի կառավարութիւնը պէտք է գործնական քայլեր առնէ համոզելու համար մեզ, թէ այս հարցը կարելի է շրջանցել, կ՛եզրափակէ ան:

Քանատական խորհրդարանը 2004-ին հայոց ջարդերը որպէս ցեղասպանութիւն կ՛ընդունէր, իսկ Հարփըրի կառավարութիւնն ալ պաշտօնապէս զայն կ՛որդեգրէր, որուն պատճառով ալ Թուրքիա օրին իր դեսպանը ետ կը կանչէր:

Քանատական լրատուամիջոցները կը յայտնեն, թէ Թուրքիա բուռն կերպով պայքար կը տանի զանազան երկիրներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան որդեգրումի բանաձեւերու դէմ: 2010-ին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ այս խնդրով ցեղասպանութեան բանաձեւ մը յետս կոչուելէն ետք Տաւութօղլու գոհունակութիւն կը յայտնէր, իսկ անցեալ տարի Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը ոճիրի համազօր օրէնքի քուէարկման վաղորդայնին Թուրքիա կը սառեցնէր տնտեսական, ռազմական ու քաղաքական կապերը Ֆրանսայի հետ:

Պապալի կը կրկնէ, որ իր երկիրը տրամադիր է հայերու հետ քննարկման նստելու ջարդերուն շուրջ պատմական տեղեկութիւնները քննելու համար: Ան կը հաւաստիացնէ նաեւ, որ Թուրքիա յառաջիկայ տասը տարուան ընթացքին կը ծրագրէ 150 ենթակառուցային ու փոխադրամիջոցային մեծ ծրագիրներու մշակման, հարիւրաւոր միլիառներով տոլարներու արժողութեամբ, բան մը որուն մէջ մեծ փորձառութիւն ունին քանատական Պոմպարտիըր ու Էս. Էն. Սի.-Լաւալինի նման ընկերութիւններ: Կան նաեւ հիւլէական ուժանիւթի ու քարիւղի փնտռտուքի ծրագիրներ, որոնց բոլորին մէջ ան կը փափաքի տեսնել քանատական ընկերութիւններ ու գործատէրեր` ե՛ւ իբրեւ մասնակից, ե՛ւ իբրեւ գործակից:

Քանատական Թանգարանը
Հայոց
Ցեղասպանութիւնը
Իր
Անունով Պիտի Կոչէ

Յառաջիկայ տարի Քանատայի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ պիտի բացուի մարդու իրաւունքներու թանգարան մը, որ 1915-ի դէպքերը պիտի կոչէ իրենց անունով` որպէս ցեղասպանութիւն: «Ուինիփեկ ֆրի փրես» թերթին մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան մը համաձայն, «թանգարանը կը պատրաստուի 1.5 միլիոն մարդոց կոտորածը որակել որպէս ցեղասպանութիւն»: Օսմանեան թուրքերու կողմէ հայերու կոտորածները «ցեղասպանութիւն» որակելը թերեւս վնաս պիտի պատճառէ Քանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ առեւտրական շահաւէտ յարաբերութիւններուն, սակայն թանգարանը ցեղասպանութիւնը ի՛ր անունով պիտի կոչէ, կը գրէ թերթը:

«Յառաջիկայ տարի Ուինիփեկի մէջ թանգարանի բացումէն ետք Հայոց ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ պիտի ներկայացուին ցուցասրահներու մէջ եւ 1915-ի դէպքերը պիտի կոչուին իրենց անունով` ցեղասպանութիւն», նշեց թանգարանի պատասխանատուներէն Քլինթ Քըրլ: Ան այս յայտարարութիւնը կատարեց` փոխադարձելով Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի խօսքերուն: Պապալ ըսած էր, որ Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն հայերու կոտորածը ցեղասպանութիւն որակելու որոշումը կրնայ ժխտական անդրադարձ ունենալ թուրք-քանատական առեւտրական յարաբերութիւններուն վրայ: Թուրք դեսպանը նշած էր, որ կը ցանկար Քանատայի կառավարութենէն «ժեսթ» մը ստանալ «այս իրադարձութիւնները անցեալի մէջ ձգելու մասին»:

Քլինթ Քըրլ ըսաւ հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալի մէջ մնացած պիտի չըլլայ, երբ Մարդու իրաւունքներու քանատական թանգարանը իր դռները պիտի բանայ այցելուներու առջեւ: Թանգարանին մէջ պիտի կազմակերպուին «ցեղասպանութիւն» բացատրութեան հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի աշխատանքները եւ 1948-ի ցեղասպանութեան յուշագիրը ներկայացնող անջատ ցուցահանդէսներ, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին ուսուցողական դասընթացքներ: Յատուկ սրահի մը մէջ պիտի ցուցադրուին ցեղասպանութենէ վերապրողներու վկայութիւնները, նաեւ փաստաթուղթեր` առաջին աղբիւրներէ, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի ջանքերը` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը ապահովելու ուղղութեամբ: Այն պարագան, թէ այս պատմական ոճրագործութիւնը որոշ շրջանակներու կողմէ շարունակ կը մերժուի, այս հարցը կը դարձնէ մարդու իրաւունքներու մասին արդի հարց մը»:

Հայ Դատի Յանձնախումբին
Յայտարարութիւնը

Ապրիլ 9 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն դատապարտեց Քանատայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թիւնչայ Պապալի այն յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան քանատական կառավարութեան հետ առեւտրական համագործակցութեան նախապայման կը դնէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը հաստատող իր քաղաքականութենէն հրաժարումը:

Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան այս մասին անդրադառնալով` նոր հաղորդագրութեան մէջ յայտարարեց, թէ ժամանակն է, որ Թուրքիա հրաժարի Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու իր քաղաքականութենէն եւ դադրեցնէ օտար պետութիւններու դէմ առեւտրական սպառնալիքներով հանդէս գալու իր քայլերը:

Տոքթ. Պասմաճեան բարձրօրէն գնահատեց եւ ողջունեց Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի սկզբունքային կեցուածքը` թրքական ճնշումներուն չզիջելու եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց թանգարանի հոգաբարձուներու խորհուրդին:

Թանգարանը

Նշենք, որ Քանատայի մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին հրաւէրով 2012-ին Մոնրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին Քանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատուներ Անժելա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր քանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին:

Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփեկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007-ին եւ պիտի աւարտին 2014-ին: 2007-ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան:

Թանգարանը յատուկ դաստիարակչական ծրագիր մը մշակելու գործընթացին մէջ կը գտնուի, որուն նպատակն է Քանատայի վարժարաններու բարձրագոյն դասարաններու մէջ մարդկային իրաւանց եւ ցեղասպանութեանց պատմութիւնը ուսուցանել:

Թանգարանի Հրէական ողջակիզումի բաժանմունքին` Ռաֆայէլ Լեմքինին ձօնուած տաղաւարին մէջ ցեղասպանութիւն յղացքի բացատրութեան ընդմէջէն կը ծանօթացուի տարբեր ցեղասպանութիւններու մասին: Այստեղ կը ներկայացուի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրներու պատմականը` յատուկ շեշտ դնելով հրէական, հայկական, ռուանտական ցեղասպանութեանց, ուքրանական սովասպանութեան եւ Սրեպրինիցայի ջարդին մասին: Այս յարկի վերջին ենթաբաժինը կ՛անդրադառնայ ցեղասպանութեան ժխտումին եւ ուրացումին մասին եւ այդ երեւոյթը համաշխարհայնօրէն դատապարտելու անհրաժեշտութեան մասին:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )