ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԴՐՈՒԹԵԱՆ ՋՆՋՈՒՄԸ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՑՈՅՑ

Երէկուան ցոյցին առաջնամասը

Թեթեւ կրակի վրայ եփող «կառավարութիւն» ճաշին եւ Միջազգային դատական ատեանին արձակելիք նախնական ամբաստանութեան «սպառնալիք»ին առընթեր երկու շաբաթէ ի վեր կ՛արձանագրուի շարժում մը, որ կը պահանջէ Լիբանանի մէջ համայնքային դրութեան եւ համայնքային քաղաքականութեան ջնջումը:

Այս ծիրին մէջ երէկ կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որ սկսաւ Տորայէն եւ անցնելով Պուրճ Համուտէն հասաւ մինչեւ Մար Մըխայէլ:

Աւելի քան տասը հազար լիբանանցիներ` իրենց ձեռքին ունենալով միայն լիբանանեան դրօշներ, բողոքեցին Լիբանանի մէջ տիրող համայնքային խտրութեան եւ համայնքապետերուն ու փտածութեան մարմնացումը ներկայացնող անձնաւորութիւններուն եւ անգործութեան դէմ:

Ցուցարարները շեշտեցին, որ իրենք կը պահանջեն վերջ տալ համայնքային դրութեան, պետութիւնը անջատել կրօնէն եւ ատակ անձը նկատի ունենալ իր յարմար դիրքին վրայ:

Հիմնականին մէջ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն դէմ եղող եւ անոնցմէ անկախ նկատուող ցուցարարներու այս խումբը պահանջեց տապալել Լիբանանի համայնքային վարչակարգը:

Ցոյցը աւարտեցաւ Մար Մըխայէլի ելեկտրականութեան ընկերութեան առջեւ` զայն նկատի ունենալով իբրեւ փտածութեան հիմնական կեդրոններէն մէկը:

Ելեկտրականութեան ընկերութեան կեդրոնին դիմաց ցուցարարները երգեցին Լիբանանի քայլերգը եւ շարք մը ազգային այլ երգեր:

Համայնքային դրութիւնը մերժող այս ցոյցին պարագային ակներեւ դարձաւ Կրեկուար Հատտատ եպիսկոպոսին եւ շէյխ Ալի Սայիատի մասնակցութիւնը:

Հատտատ եպիսկոպոսը ցոյցը նկատեց շատ լաւ եւ գնահատելի` նկատել տալով, որ կեանքին մէջ ամէն բան ժամանակի կարիքը ունի, եւ «մենք կը քաջալերենք երիտասարդները եւ կը բաժնենք անոնց ձգտումները»:

Իր կարգին, շէյխ Սայիատ յայտնեց, որ ինք կը մասնակցի այդ ցոյցին` մերժելու համար փտածութիւնն ու համայնքային դրութիւնը, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ իրագործելու ընկերային արդարութիւնը, այլ խօսքով` ջնջելու համայնքային վարչակարգը:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS