Նախագահական Երդման Զուգահեռ Արարներուն Ազգային-Քաղաքական Դասերը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քաղաքամայր Երեւանէն ու հայրենի ոստաններէն մինչեւ սփիւռքի մերձաւոր թէ հեռաւոր ափերը, ապրիլ 9-ին, աշխարհի չորս ծագերէն հայ մարդը սրտատրոփ անձկութեամբ հետեւեցաւ Հայաստանի նախագահական երդման զուգահեռ արարներու տեսահոլովակներուն:

Արար առաջին. Սերժ Սարգսեան պաշտօնական ու հանդիսաւոր մեծ շուքով, մարզահամերգային համալիրին մէջ, կատարեց նախագահական պաշտօնի ստանձնման սահմանադրական երդումը: Հանրային հեռուստատեսութիւնը եւ պետական միւս լրատուամիջոցները ամէն ճիգ թափեցին, որպէսզի ոչինչ պղտորէ կամ խանգարէ «վսեմաշուք պահ»-ը «նորընտիր», այլեւ գործող նախագահի պաշտօնավարութեան երկրորդ շրջանի սահմանադրական ստանձնումին: Մինչեւ երեկոյեան ժամերը պաշտօնական քարոզչութեան միջոցները փորձեցին ճնշիչ լռութեան թանձր վարագոյրով մը ծածկել ու աշխարհի տեսադաշտէն դուրս ձգել նոյն ժամերուն Երեւանի փողոցներուն մէջ ահագնացող ժողովրդային բողոքի ալիքը:

Արար երկրորդ. Րաֆֆի Յովհաննէսեան, Ազատութիւն հրապարակին վրայ հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր իր կողմնակիցներուն ներկայութեան, ստանձնեց անպաշտօն «նախագահութիւն»-ը իր հռչակած «նոր Հայաստան»-ին` անվաւեր յայտարարելով պաշտօնապէս «վերընտրուած» Հայաստանի նախագահին սահմանադրական երդումին եւ իշխանութեան ստանձնումին… օրինականութիւնը: Նախագահական երդման եւ իշխանութեան ստանձնումի արտակարգ եւ աննախընթաց այս երկրորդ արարը իր հերթին լայն տարածում գտաւ համացանցի վրայ` մարզահամերգային համալիրին մէջ պաշտօնապէս ընթացող սահմանադրական երդման տպաւորիչ արարին հակադրելով մտահոգիչ տեսարանները ոստիկանական պետութեան յատուկ «հանրային կարգապահութեան» հսկող զօրայիններու հաստատած անցարգելներուն, մանաւանդ` «անկարգ» ցուցարարներու նկատմամբ ոստիկանութեան գործադրած բիրտ «կարգապահութեան»:

Վստահաբար մեծաթիւ էին հայրենաբնակ թէ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդին այն զաւակները, որոնք զուգահեռ ընթացող եւ միջազգային հանրութեան վայրկեանը վայրկեանին ցուցադրուող այս զոյգ եւ հակադիր արարներուն դէմ յանդիման` սրտանց աղօթեցին, որպէսզի «պատմական» հնչեղութիւն ստացած ապրիլ 9-ի երկարատեւ օրը իր աւարտին հասնէր` առանց 2008-ի մարտ մէկը յիշեցնող… արիւնալի ցնցումներու:

Հակառակ ցուցարարներ-ոստիկաններ առճակատման վտանգը լուսարձակի տակ բերող տեսարաններուն (Րաֆֆին մէկ ծունկի վրայ գետին ինկած, կամ` «Ժառանգութեան» փոխնախագահը ոստիկանութիւն տարուելու, կամ` երիտասարդ ցուցարարներ ոստիկաններու կողմէ քաշքշուելու պահերուն վերաբերեալ), ապրիլ 9-ը ընդհանրապէս պահուեցաւ յետընտրական Հայաստանի ներքաղաքական դաշտը բնորոշող խաղաղ հակադրութեան օրինապահ եւ ժողովրդավարական հունին մէջ:

Ինքնին կարեւոր նուաճում է, անշուշտ, որ քաղաքական անելի եւ ժողովրդավարական փակուղիի առջեւ կանգնած Հայաստանի ժողովրդային բողոքի շարժումը, յուսահատական ու ծայրայեղական քայլերու դատապարտուած ըլլալով հանդերձ, բախտորոշ նման պահերու անգամ մը եւս իր մէջ անհրաժեշտ ուժը գտաւ ինքնազսպումի եւ տէր ու պաշտպան կանգնեցաւ հայրենիքի, ազգի եւ հայոց պետականութեան անփոխարինելի կայունութեան:

Նոյնը կարելի չէ ըսել գործող իշխանութեան մասին, որ վերանկախացեալ Հայաստանի 22-ամեայ պատմութեան ամէնէն կատարելագործուած ընտրական մեքենայութեանց ու ժողովրդային քուէի խարդաւանքին պատասխանատուութիւնը կրելով հանդերձ, աստիճան մը աւելի խրեցաւ քաղաքական իր կամակորութեան եւ ժողովրդային կամքին նկատմամբ իր արհամարհանքին մէջ:

Ապրիլ 9-ին մեր ժողովուրդին եւ արար աշխարհին հրամցուած Հայաստանի նախագահի սահմանադրական երդման ու իշխանութեան ստանձնումի հանդիսաշուք արարողութիւնը, աւելորդ անգամուան մը համար, դառն ու տխուր ապացոյցը տուաւ հայոց պետականութեան սպառնացող մենաշնորհեալ իշխանաւորներու գլխաւոր չարիքին:

Ազգային եւ ներքաղաքական մեր համերաշխութիւնն ու զօրակցութիւնը վտանգող ա՛յն չարիքին, որուն աղբիւրը պետական լծակներու չարաշահումով նոյնինքն օրինական իշխանութեան վրայ մենաշնորհ հաստատելու անընդունելի՛ վարքագիծն է:

Գոյութեան իր իրաւունքը շատոնց կորսնցուցած եւ ժամանակը սպառած է Հայաստանի եկող–գացող նախագահներու հակաժողովրդային ու հակաժողովրդավարական այդ վարքագիծը:

Նոյնիսկ իշխանափոխութեան հարցը այլեւս կորսնցուցած է իր առաջնահերթութիւնը, որովհետեւ կառավարման ամբողջ համակարգի խաթարուածութեան արմատական վիրահատումի պահանջը, իբրեւ մեծագոյն մարտահրաւէր, դրուած է հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ:

Սերժ Սարգսեանի վաստակով քաղաքական գործիչը անհրաժեշտ տուեալները ունէր, որպէսզի ինչպէս մեր ժողովուրդը, նաեւ ինք իր մէջ բաւարար ուժն ու կամքը գտնէր թօթափելու ամբողջատիրական դարաշրջանէն յամեցող իշխանութեան մենաշնորհի այդ այլասերած ժառանգութիւնը:

Եթէ նոյնիսկ արցախեան շարժման եւ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման ու հայոց պետականութեան վերահաստատման ճակատներուն վրայ իր ձեռք բերած կենսափորձը բաւարար չեղաւ, 2008-էն ասդին իր ստանձնած նախագահական իշխանութեան հնգամեայ պաշտօնավարութեան առաջին շրջանը անկասկած բաւարար պէտք էր ըլլար Հայաստանի գործող նախագահին համար, որպէսզի ամէն քայլափոխի դէմ յանդիման կանգնէր պետական իշխանութեան այս խաթարուած համակարգը սահմանադրական վերանայումի ու արմատական դարմանումի ենթարկելու հրամայականին:

Բայց Հայաստանի «նորընտիր» նախագահը ոչ միայն չուզեց քայլ պահել նոր Հայաստանի ուղին հարթելու սեփական ժողովուրդի այնքան ծանր գինով ձեռք ձգուած ազգային ու քաղաքացիական հասունացման հետ, այլեւ իրեն վստահուած պետական իշխանութեան ամբողջ ուժը որոշեց ծառայեցնել կառավարման այս արատաւոր համակարգի «արդիական փայլքով կատարելագործումին»… ընդդէմ ժողովրդային կամքի ժողովրդավարական յաղթանակին:

Աւելի՛ն. Հայաստանի «վերընտրուած» նախագահը արհամարհեց նոյնիսկ իր երէկի գործընկերներուն ընդդիմութիւնը եւ նախագահական իշխանութեան այս հիւանդ համակարգը սահմանադրական անհրաժեշտ վերանայման ենթարկելու պահանջը:

Հետեւանքին ականատես եղաւ առնուազն աշխարհասփիւռ հայութիւնը, որ հայրենի ոստաններէն ու աշխարհի չորս ծագերէն, ապրիլ 9-ին, տխրութեամբ եւ դառնութեամբ հետեւեցաւ նախագահական երդման զուգահեռ արարներուն պարզած իրերամերժ պատկերներուն:

Մէկ կողմէ ականատեսը եղանք սահմանադրական եւ օրինական իշխանութեան անունով բեմականացուած նախագահական երդման փառահեղ արարողութեան մը, որուն ընթացքին Սերժ Սարգսեան ուխտեց գործել «ի փառս Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ի բարօրութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին»… որպէսզի նախագահական երդման սահմանադրական այդ անկատար բնագրին ժամանակավրէպութեան անմիջապէս անդրադառնալով` յաւուր պատշաճի իր լրացուցիչ ուղերձին մէջ սրբագրէ սահմանադրութեան վրիպումը եւ խոստանայ գործել «ի փառս համայն հայ ժողովուրդին»:

Իսկ միւս կողմէ, ականատեսը դարձանք առճակատման թատերաբեմի յարդարանք ստացած Երեւանի կեդրոնական փողոցներուն, ուր հայոց ազգային հպարտութեան խորհրդանիշը հանդիսացող Հայաստանի ազգային բանակին երիտասարդ զօրայինները, Հայաստանի «նորընտիր նախագահ»-ի հրահանգով` հաստատած էին ժողովրդային բողոքի շարժման ցուցական երթերը խափանելու կոչուած անցարգելային պատնէշներ` ծայր աստիճան կատարելագործուած ճնշամիջոցներով զինուած եւ նոյնինքն սեփական ժողովուրդը, անգամ հարազատները բրտօրէն «կարգի հրաւիրել»-ու պարտականութեան կոչուած:

Ի տես քաղաքական փողոցին վրայ հաստատուած ոստիկանական պետութեան այս «կարգապահութեան», մարզահամերգային համալիրէն ապրիլ 9-ին հնչած «նախագահական խոստումներ»-ը պարզապէս աւելիով կը հեգնեն ազգային արժանապատուութիւնը աւելի արդար պետականութեան մը կառուցումը պահանջող հայ ժողովուրդին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )