Յիշատակի Երեկոյ` Նուիրուած Կրթական, Մշակութային, Կուսակցական Եւ Ազգային-Հասարակական Գործիչ Գէորգ Գանտահարեանի

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 10 մայիս 2013-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ յիշատակի երեկոյ, նուիրուած` վաստակաւոր կրթական մշակ, ազգային հասարակական գործիչ Գէորգ Գանտահարեանին:

«Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցած յիշատակի այս երեկոյին բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ Սիլվա Քիւրքճեանի կողմէ Դանիէլ Վարուժանի «Դաստիարակ» ոտանաւորէն հատուածի մը ասմունքով: Ապա Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով բանաստեղծ Սարգիս Կիրակոսեան ողջունեց ներկաները` նշելով, որ Համազգայինի եւ գաղութային գործունէութեան վրայ իրենց անջնջելի մատնահետքերը դրոշմած, շունչ ու ոգի սպառած եւ պատմութիւն կերտած Գրիգոր Շահինեանէն ու տոքթ. Բաբգէն Փափազեանէն ետք, եկած ենք մեծարելու նոյնքան նուիրեալ, երախտաշատ ու անձնամոռ այլ համազգայնական մը` Գէորգ Գանտահարեանը:

Սիլվա Քիւրքճեան

Սարգիս Կիրակոսեան

Ապա ան վեր առաւ Գ. Գանտահարեանի նկարագրային յատկանիշները` ընդգծելով, որ Գանտահարեան ուսուցիչ էր նոյնիսկ կուսակցական ժողովներու մէջ եւ գաղափարապաշտ զինուորէ մը աւելի խստապահանջ ու կարգապահ, անզիջող ու տեսլապաշտ` Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ: «Ուր որ ալ գտնուէր, ան նահատակներու կտակին աւանդապահ ժառանգորդն ու անկեղծ զինուորը, համեստ, նուիրեալ, անձնուրաց եւ ամբողջական հայու քաղցրօրէն ամբողջական դպիրն ու պատարագիչն էր», ըսաւ Կիրակոսեան եւ աւելցուց. «Իր մեծ ուսուցիչներէն` Շահան Պէրպէրեանէն ու Եդուարդ Տասնապետեանէն ժառանգած հայ գրականութեան եւ հոգեւոր ու դասական երաժշտութեան սէրն ու պաշտամունքը` տարածեց ամէնուրեք: Հիմնեց ու խմբավարեց այլանուն երգչախումբեր, «Զուարթնոց» ու «Կոմիտաս», «Կանաչեան» ու «Շնորհալի» եւ համակեց բոլորը իբրեւ եզակի դաստիարակ»: Ապա Կիրակոսեան մէջբերեց Գանտահարեանի խօսքերէն, թէ` «առանց քրտինքի, առանց տքնութեան կարելի չէ նուաճում կատարել: Աշխատանքը ոչ միայն մեր ինքնութեան արտաբերումն է գործի ընթացքին, այլեւ ազնուական մակարդակի կը հասցնէ մարդ արարածը: Ծուլութիւնը մայրն է ամենայն թշուառութեանց: Մեռելնե՛րը միայն չեն աշխատիր: Աշխատանքը կեանքի գրաւական է, իսկ ծուլութիւնը` մահուան»:

Ապա ներկայացուեցաւ «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանին պատրաստած մէկ վաւերագրական ժապաւէնը Գէորգ Գանտահարեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին: Եղեռնէն ճողոպրած Գանտահարեան ընտանիքը 1925-ին նախ Դամասկոս, ապա Լիբանան կը հաստատուի: Պատանի Գէորգ Գանտահարեան նախ կը յաճախէ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարան, ապա Հայ աւետարանական քոլեճ, որմէ ետք ուսումը կը շարունակէ Հալէպի «Կրթասիրաց»-ին մէջ ու կը վերադառնայ դպրեվանք: 35 տարուան իր կրթական գործունէութեան ընթացքին դասաւանդած է Ն. Փալանճեան, ապա Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանին, Հայկազեան համալսարանին եւ Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ: Ան մէկէ աւելի առիթներով պարգեւատրուած է հայրենիքի թէ սփիւռքի, յատկապէս Լիբանանի մէջ եւ արժանացած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. եւ Արամ Ա. զոյգ կաթողիկոսներու գնահատանքին:

 

«Գուսան» երգչախումբ

«Շնորհալի» երգչախումբ

 

 

 

 

 

 

Տիգրան Ճինպաշեան

Ապա խօսք առաւ Գ. Գանտահարեանի տարիներու պաշտօնակից, ապա Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց Գէորգ Գանտահարեան ազգային-կուսակցական գործիչը:

Թուելով այլազան մարզերու մէջ Գ. Գանտահարեանի տարած գործունէութիւնը` Ճինպաշեան կեդրոնացաւ Լիբանանի մէջ անոր իրագործած քայլերուն, յատկապէս Անթիլիասի «Աղբալեան» խումբի, դաշնակցական բջիջի հիմնումին վրայ, որ հետզհետէ ծաւալելով դարձաւ կեդրոն եւ ծնունդ տուաւ զոյգ կոմիտէութիւններու: Ճինպաշեան ապա անդրադարձաւ լիբանանեան պատերազմի օրերուն Գանտահարեան «ղեկավար»-ի համբերատար, հաշտարար ու ամբասիր նկարագիրով գործիչին: «Ան եղաւ իրա՛ւ մարդ ու ճշմարիտ դաշնակցական», ընդգծեց Ճինպաշեան:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ յատուկ Յունաստանէն ժամանած Միհրան Քիւրտօղլեան, որ ներկայացուց Գանտահարեան մարդը եւ ուսուցիչը:

Միհրան Քիւրտօղլեան

Ան իր խօսքը սկսաւ մէջբերելով Գէորգ Գանտահարեանի խօսքերը, զորս արտասանած էր 1968-ին Կանաչեանին հրաժեշտի ձեռնարկին առիթով: Շեշտելով Գանտահարեանի նկարագրային, մարդկային յատկանիշները` Քիւրտօղլեան ընդգծեց երեք կէտեր.

Ա.- Գ. Գանտահարեան 1950-ական թուականներու կէսերուն հայ կեանքը պղտորած եկեղեցական խառնաշփոթ օրերուն կու գայ դպրեվանք իբրեւ տեսուչ եւ անոր յաջորդական սերունդներուն ցոյց կու տայ ճանապարհը: Ուսանողներուն հետ էր` միշտ պատնէշի վրայ:

Բ.- 50-60 տարիներ առաջ, երբ թրքաոճ ու թրքական երգեր կը լսուէին հայաբնակ թաղերէն, ան կը լծուի հայկական երգչախումբերու կազմութեան` հայ երգն ու անոր փառքը կը կամարէ անցեալը ներկային:

Գ.- Թէեւ ան ֆիզիքապէս ներկայ էր ու կը գործէր Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, բայց անոր շունչը տարածուած էր համայն աշխարհի բոլոր թեմերուն մէջ:

Ապա Քիւրտօղլեան շեշտեց Գանտահարեանի նկարագրային յատկանիշները` կեդրոնանալով անոր պարզութեան ու համեստութեան վրայ: Ան թուեց Գանտահարեան «մարդ»-ու դաստիարակիչ ու հաշտարար յատկանիշները` մէջբերելով դպրեվանքին մէջ պատահած ու ապա իր` Քիւրտօղլեանի պատանեկութեան օրերուն եղած դէպքերէն օրինակներ, որոնք խոր տպաւորութիւն ձգած են իր թէ դպրեվանեցիներու նկարագիրին վրայ:

Նարեկ արք. Ալեէմեզեան

Նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անունով խօսք առաւ Նարեկ արք. Ալեէմեզեան, որ երկարօրէն անդրադարձաւ Գէորգ Գանտահարեանի գործունէութեան, յատկապէս դպրեվանքի մէջ անոր ապրած ու վարակած դաստիարակիչ պահերուն` մէջբերելով անոր տեսչութեան օրերուն պատահած դէպքերէն օրինակներ:

Այս առիթով Ալեէմեզեան սրբազան Գ. Գանտահարեանի կնոջ` Մարօ Գանտահարեանին նուիրեց դպրեվանքի խաչը կրող զինանշան մը:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան դպրեվանքի «Շնորհալի» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեանի եւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալլոզեանի:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )