Հայկազեան Համալսարան. Պաշտօնական Բացում` «Հայկական Անդրսահմանային Տարածականութիւնը Եւ Արդի Հաղորդակցական Միջոցները» Նիւթով Գիտաժողովին

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, երէկ` չորեքշաբթի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցութեան միջոցները» գիտաժողովին պաշտօնական բացումը:

Գիտաժողովին բացման խօսքը արտասանեց Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ըսաւ, թէ գաղտնիք չէ, որ այսօր հայութեան պակսողը ոչ թէ ներուժ ու կարողականութիւնն է` իր ազգային երազներու իրականացման համար, այլ այդ ներուժի ու կարողականութեան համադրումը, որ այսօր կրնայ իրականացուիլ հաղորդակցութեամբ: «Այս գիտաժողովը այդ հաղորդակցականութեան տարբեր ուղիները վերլուծաբար քննարկելու կը միտի», նշեց Տագէսեան:

Ապա յաջորդաբար ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքեր ուղղեցին Արմէն Ապտալեան, Շիրազ Ճերեճեան եւ Աւօ Կիտանեան:

Արմէն Ապտալեան

Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան

Արմէն Ապտալեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով հայ իրականութեան մէջ համացանցի կարեւորութեան մասնաւորաբար ըսաւ. «Ըլլայ համացանցային թէ դասական գործիքներով բանող ձայնասփիւռային եւ պատկերասփիւռային մեր համեստ զինանոցը արդիականացնելու եւ ժամանակակից դարձնելու հրամայականներուն արդիւնաւէտութիւնը օղակին մէկ բաժինն է: Միւս բաժինը արեւմտահայերէնի իմացութիւնն է, որ իբրեւ խմբագիրներ, ուսուցիչներ, հանրային գործիչներ, քարոզիչներ, թէ պլոկներու հեղինակներ` մեզ պիտի վերածէ իսկական պայքարողներու, որպէսզի մեր լեզուն թափանցէ ու տարածուի արեւմտահայուն ուղեղին եւ առօրեային մէջ: Ասիկա է, իմ կարծիքովս, մարտահրաւէրներուն գլխաւորը, որովհետեւ որքան ալ գիտութեան, գիտելիքներու թէ արհեստագիտութեան ծալքերուն մէջ խորասուզուինք, եւ յանուն խօսքի ազատութեան` մեր պլոկներուն վրայ գրենք ու գրենք, զէնքը` այս պարագային հասանելի ու հասկնալի ըլլալու միջոցը, այսինքն` արեւմտահայերէնը, պէտք է ըլլայ մեզ միացնող, զօդող եւ ուժեղ ճակատի մը վերածողը: Եւ զայն լաւապէս գործածելու համար` աւելի քան երբեք կարիքը կը զգացուի մայրենիին իմացութեան»:

Աւօ Կիտանեան

Շիրազ Ճերեճեան

Շիրազ Ճերեճեան իր կարգին ընդգծեց, որ եթէ 15 տարի առաջ բաւական դժուար էր թերթի միջոցով գաղութային լուրերը հաղորդել արագ կշռոյթով, ապա այսօր այդ պատճառաբանութիւնը վերացած է: «Դժբախտաբար հաղորդակցութեան միջոցներու գարունէն տուժած է մամուլը, որ այսօր զիջած է իր յառաջատարի դիրքը` լուրերու հաղորդման մարզին մէջ», շեշտեց Ճերեճեան:

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան

Աւօ Կիտանեան իր կարգին շեշտեց, որ ճիշդ հունի մէջ պէտք է դնել համացանցի հաղորդակցական միջոցները եւ օգտուիլ անոնցմէ` մեր ինքնութիւնը պահպանելու համար: Պէտք է ուշադիր ըլլալ, որ այս բոլորը օգտագործուին ի նպաստ մեր շահերուն:

Ապա Վարանդա Եագուպեան եւ Նանօր Մաճարեան երգեցին «Կռունկ»-ի աւանդական եւ նորացուած տարբերակներով:

Փակման խօսքը արտասանեց Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ շեշտը դրաւ արդի հաղորդակցութեան միջոցները աւելի լաւ օգտագործելու անհրաժեշտութեան վրայ: Ան անդրադարձաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի 15 ամսուան աշխատանքին: Վեր. Հայտոսթեան խօսեցաւ գիտաժողովի նպատակին մասին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակիցներուն ու գիտաժողովի կազմակերպման նպաստած բոլոր անձերուն, ի մասնաւորի` կեդրոնի բարերար Երջօ Սամուէլեանին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )