Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ Գրիգոր Ակոբեանի Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 16 մայիսի երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ Ժտէյտի – Սատ – Պաուշրիէ շրջանի քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի, ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գրիգոր Ակոբեանի «Կար պարտէզ մը» թեմայով ցուցահանդէսին:

Այս ցուցահանդէսով Ակոբեան կը ներկայացնէ նոճիի ծառերու արմատներ: 19 պաստառներու միջոցով Ակոբեան արուեստի ճամբով կը պատգամէ մեզի կառչած մնալ մեր արմատներուն, մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն: Պատկերները կը խօսին հաստատ եւ վճռակամ: Հոն կարելի է տեսնել մարդկային կեանքը նաեւ իր ապրած բոլոր հարազատ դրսեւորումներով:

Ցուցահանդէսին բացումը  կատարեց Համազգայինի ցուցասրահի անձնակազմի անդամ Սիւզի Տէրտէրեան, որ անդրադարձաւ  արուեստագէտի տաղանդին եւ այս ցուցահանդէսին ընդհանուր նիւթին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի` այս ցուցահանդէսը հովանաւորելուն համար:

Գրիգոր Ակոբեան

Այս առիթով խօսք առաւ «Վանայ ձայն»-ի արաբական յայտագիրներու պատասխանատու Հալա Հատտատ: Ան խօսեցաւ Ակոբեանի ստեղծագործած  արմատներուն մասին: Այդ արմատներուն մէջ մարդկային միտքը  կրնայ տեսնել շատ մը արժէքներ: Ան աւելցուց, որ Ակոբեան պատկերած է արմատները` առիթ տալով մեզի, որ մեր մտային թռիչքով պատկերացնենք հողէն վեր գտնուող բաժինը: Հալա Հատտատ անդրադարձաւ նաեւ Ակոբեանի գործերուն մէջ տիրական ներկայութիւն պարտադրող հայկական արմատին: Անդրադառնալով ցուցասրահի  գործունէութեան` ան հաստատեց, որ  անցնող երեք  տարիներուն  ընթացքին ցուցասրահը իր գործունէութեամբ դարձաւ բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը եւ  նոր դիմագիծ մը տուաւ Պուրճ Համուտի շրջանին:

Հալա Հատտատ ողջունեց նաեւ օրուան հովանաւոր քաղաքապետ Անթուան Ժըպարայի ներկայութիւնը եւ աւելցուց, որ քաղաքապետը իր պաշտօնին զուգահեռ մշակոյթի եւ գրականութեան սպասարկու մըն է եւ միշտ քաջալեր կը հանդիսանայ այս մարզերուն:

Անթուան Ժըպարա

Օրուան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ցուցահանդէսի  հովանաւոր Անթուան Ժըպարա: Ան ուրախութեամբ արտայայտուեցաւ այս ձեռնարկին հովանաւորութիւնը իրեն վստահուելուն  համար:

Ժըպարա գնահատեց հայութեան դերակատարութիւնը Լիբանանի մշակութային կեանքի ծաղկումին ու զարգացման մէջ. մանաւանդ այս օրերուն, երբ կ՛ապրինք ոչ նախանձելի  պայմաններու  եւ կացութիւններու մէջ, հայութեան կողմէ մշակութային այսպիսի ձեռնարկներու կազմակերպումը կու գայ յիշեցնելու լիբանանցիներուն Լիբանանի մշակութային երբեմնի հարուստ դիմագիծն ու նուաճումները:

Ան իր խօսքը եզրափակեց գնահատելով այսպիսի մշակութային նախաձեռնութիւններու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Ժտէյտիի շրջանը անցեալին մաս կազմած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան շրջանին, եւ այս զոյգ քաղաքապետութիւնները այսօր կը շարունակեն  միասնաբար աշխատիլ զոյգ շրջաններու բարեզարդման ու ժողովուրդի ծառայութեան համար:

Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 29 մայիս: Ցուցասրահը բաց կը մնայ ամէն օր, առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )