Հաղորդագրութիւն Թիւ 6

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինս սուրիահայութեան ապրած ապահովական եւ տնտեսական այս ծանր օրերուն սննդեղէնի, առողջապահական եւ բնակարանային մարզերուն մէջ իր կատարած օժանդակութիւններուն կողքին, մեծապէս կարեւոր կը նկատէ կրթական մարզին սատար հանդիսացող ծրագիրներու իրագործումը, մանաւանդ երբ այսօր Սուրիոյ հայկական բոլոր վարժարանները նիւթական մեծածախս կարիքներ հոգալու լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

Սփիւռքի տարածքին գործող հայ դպրոցները ուսումնատուութեան օճախներ ըլլալու կողքին, ազգիս սերունդներուն հայեցի դաստիարակութեան հիմնական ու անփոխարինելի կռուաններն են, որոնց շնորհիւ օտար ափերուն վրայ հասակ առնող մեր շառաւիղները կը զինուին ազգային արժէքներով, կ՛ապահովեն այդ արժէքներու աւանդումը իրերայաջորդ սերունդներուն, հետեւաբար նաեւ կ՛ապահովեն մեր ժողովուրդի հայաշունչ գոյութիւնը:

Սփիւռքահայ դպրոցին այս առաքելութիւնը կը շեշտաւորուի Սուրիոյ պարագային` նկատի առնելով անոր Մեծ եղեռնի առաջին վկայարանը ըլլալու,  հայրենի պապենական հողերուն մերձաւոր ըլլալու եւ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը գործնապէս ապահովելու  նշանակալից հանգամանքները:

Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինս իր յաջորդական լիագումարներուն համապատասխան սերտողութիւններ կատարելէ ետք, մեծապէս գիտակցելով տնտեսական պատճառներով հայկական վարժարաններու փակումը ահազանգող վտանգին հետեւանքները եւ մեկնելով իր մշակած ուղեցոյցին սկզբունքներէն, 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին Սուրիոյ հայկական բոլոր  վարժարաններուն անխտիր, իւրաքանչիւրին կրթաթոշակին համապատասխան միայն 35 առ հարիւր համեմատութեամբ օժանդակութիւն կատարեց` նպաստելով դպրոցներուն եւ ծնողներուն  ուսերուն դրուած նիւթական ծանրաբեռնուածութիւնը թեթեւցնելու գործին:

Արդ, սուրիահայ 38 վարժարաններուն յատկացուած օժանդակութիւններուն գումարը կազմեց 500 հազար տոլար:

Ի մտի ունենալով, որ 2013-2014 ուսումնական տարեշրջանը մօտալուտ է, մեր սերունդներուն հայեցի կրթութիւն ջամբող հայ դպրոցին առաքելութեան յարատեւութիւնը ապահովելու համար երախտագիտութեամբ կ՛ակնկալենք, որ հայրենի եւ սփիւռքի մեր ազգակիցները սուրիահայութեան զօրակցութեան եւ օժանդակութեան իրենց նուիրական աշխատանքները անընդմէջ կը շարունակեն:

Ի ԴԻՄԱՑ`
ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ՇՏԱՊ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ՄԱՐՄԻՆ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )