Արամ Մանուկեան

Խօսք` Աւօ Գաթրճեանի
Երաժշտ.` Րաֆֆի Ապէճեանի

 Պայքարի հնոցի մէջ թրծուած,
Նախնիներու արիւնով շաղախուած,
Պայծառամիտ շանթերով իմաստուն,
Համակեցիր բովանդակ հայութիւն:

Կրկներգ.-

Հայաստանի անկախութեան կերտիչ,
Լեռնաշխարհի ծնունդ` հրաշք կտրիճ,
Ազատասէր արծիւ դաշնակցական,
Շունչ եւ ուժ սփռող` Արամ Մանուկեան:

Նպատակդ դարձաւ սո՛ւրբ նպատակ,
Կռանիթեայ կամքով կուռ ու կրակ,
Ճառագայթի փայլքերով շողշողուն,
Մեր պատմութեան նոր էջ բացիր փայլուն:

Կրկ.- Հայաստանի անկախութեան կերտիչ…

Հայրենիքի փրկութեան ռահվիրայ,
Ազատութեան շարժման վեհ հսկայ,
Վերջ տուիր վիճակին ստրկական,
Հաւատալով` մահ կամ ազատութեան:

 

Կրկ.- Հայաստանի անկախութեան կերտիչ…

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )