Իրան Նախագահական Ընտրութեան Ընթացքին Խափանարարական Արարքներ Ծրագրող Ահաբեկչական Ցանց Մը Ձերբակալեց

Իրանի ապահովութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած է «ահաբեկչական ցանց մը, որ կը մտադրէր 14 յունիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին խափանարարական արարքներ կատարել»: Նախարարութիւնը արաբական երկիրներ ամբաստանեց «ցանցին ետին կանգնելու» յանցանքով:

Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «ապահովական մարմինները յաջողեցան ցանցին վերաբերեալ ապահովական ճշգրիտ եւ ամբողջական տեղեկութիւններ հաւաքել եւ թակարդ լարելէ ետք յաջողեցան ցանցին բոլոր անդամները ձերբակալել»` աւելցնելով, որ ցանցին ղեկավարը քանի մը տարի առաջ զինուորագրուած էր «արաբական մեծագոյն գործակալ եւ յետադիմական նկատուող պետութեան մը գաղտնի սպասարկութեան կողմէ»:

«Նշեալ գործակալը Իսրայէլի մէջ գաղտնի սպասարկական ու զինուորական մարզումի ենթարկուած է եւ Իրանի մէջ գործադրելու համար իրեն վստահուած գաղտնի սպասարկական առաքելութեան ցանկ մը ստանձնած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )