ԱՌԱՆՑ ՎԻՐԱԲՈՒԺՈՒԹԵԱՆ ԴԻԱԶՆՆՈՒԹԻՒՆ ԿԱՏԱՐՈՂ ՆՈՐ ՄԻՋՈՑԻ ՄԸ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ` ԽՈՍՏՄՆԱԼԻՑ

Մարտի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ զարգացուցած են առանց վիրաբուժութեան դիազննութիւն կատարող այնպիսի՛ միջոց մը, որուն մէջ անհրաժեշտութիւն չէ ստեղծուած դիակին տարբեր մասերը ճեղքելու` գտնելու համար մահացողին մահուան պատճառը:

Նշեալ միջոցին մէջ մասնագէտները գործածած են Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարք մը, որ կրցած է ցոյց տալ տուեալ դիակի մը մէջ յառաջացած կոտրուածքները, քաղցկեղի վերածուած ուռերն ու տարբեր տեսակի վէրքերը: Այսուհանդերձ, մահուան պատճառը ճշդելու ծիրին մէջ նշեալ միջոցով եղած դիազննութիւնը ունեցած է ութսուն առ հարիւր համեմատութեամբ ճշգրտութիւն:

Վիրաբուժութեամբ կատարուող սովորական դիազննութեան գործընթացը յաճախ  նեղացուցիչ կը դառնայ մահացողին ընտանիքին համար: Կարգ մը միջավայրերու կրօնական համոզումները կը հակադրուին դիազննութեան` այդպիսով շփոթեցուցիչ կացութիւններ ստեղծելով անոնց մօտ: Հետեւաբար, եթէ կարելի ըլլայ դիազննութիւն կատարել` առանց վիրաբուժութեան ենթարկելու դիակը, ապա անիկա կրնայ առաջքը առնել վերոնշեալ կացութիւններուն յառաջացման:

 ՍՐՏԻՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՄԻՋՈՑ

Դիազննութիւն կատարող նորագոյն միջոցին մէջ մասնագէտները մահացողին սիրտը մանրամասնօրէն քննելու համար ճեղքած են վիզը եւ բարակ խողովակ մը տեղադրելով անկէ անցնող մայր երակի մը մէջ` զայն հասցուցած են սրտի պսակաձեւ երակներուն: Նշեալ փոքր խողովակը օդ ու ապա ճերմակ ներկ մը ներարկած է վիզէն դէպի սիրտ հրուած ատեն: Նշեալ ներարկումէն ետք մասնագէտները անգամ մը եւս գործածած են Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքը` փնտռելու համար սրտի հիւանդութեան հետ առնչուած որեւէ ապացոյց:

Ցարդ մասնագէտները դիազննութեան նշեալ միջոցը փորձարկած են երեսուներեք մահացած մարդոց դիակին վրայ:

Դիազննութեան նորագոյն միջոցին ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող բրիտանացի մասնագէտ տոքթ. Սառա Սոնտըրզ ըսած է, թէ ընթացիկ տարուան մէջ կատարուելիք յաւելեալ փորձարկումները շատ հաւանաբար բարձրացնեն նշեալ միջոցով կատարուող դիազննութեան ունեցած ճշգրտութեան տարողութիւնը եւ, այդպիսով, արագացնեն դիազննութիւն կատարող տարբեր բաժանմունքներու կողմէ նշեալ միջոցին որդեգրումը:

Նախապէս այլ մասնագէտներ եւս փորձած են առանց վիրաբուժութեան դիազննութիւն կատարող տարբեր միջոցներ գտնել, սակայն տարբեր պատճառներով կարելի չէ եղած վաւերական արդիւնքներ ձեռք ձգել նշեալ ծիրին մէջ կատարուած փորձարկումներէն: Հետեւաբար Քէ. ճառագայթներ արտադրող համակարգիչի բարդ սարքին միջոցով կատարուած դիազննութիւնը կարելի է ամէնէն յաջողը նկատել առանց վիրաբուժութեան կատարուող դիազննութեան հետ առնչուած ցարդ փորձարկուած տարբեր միջոցներուն մէջէն:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS