Յովհաննէս Թումանեանի Մահուան 90-ամեակ. Մեսրոպեան Վարժարանի Թատերախումբի Անդրանիկ Ներկայացում

Յովհաննէս Թումանեանի մահուան 90-ամեակին առիթով, ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հ.Կ.Մ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ վարժարանի արտադասարանային խումբերու թատերախումբը ներկայացուց «Քաջ Նազար» եւ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատրերգութիւնները` բեմադրութեամբ պրն. Վազգէն Մուղալեանին եւ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:

Երաժշտախառն թատերական ներկայացումին մասնակից 21 աշակերտները իւրայատուկ բեմական կատարումներով մէկ ժամուան ընթացքին ներկաներուն պարգեւեցին հաճելի թատրոն` արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին:

«Քաջ Նազար»-ի եւ «Քէֆ ընողին քէֆ չի պակսիր» թատրերգութիւններուն ընդմէջէն աշակերտները ներկաներուն փոխանցեցին դաստիարակիչ եւ օգտաշատ պատգամներ: Աշակերտներու խաղարկումներուն մէջ բացայայտ էր տաղանդն ու թատերական ծիլերը: Ներկայացումին մէջ հայկական պարերով իրենց մասնակցութիւնը բերին վարժարանի «Շուշի» պարախումբին փոքր խումբերը, ինչպէս նաեւ` վարժարանի երգչախումբը:

 

 

 

 

 

 

 

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ նկատեց, թէ թատրոնը աշակերտներու հոգեմտաւոր զարգացման մեծապէս կը նպաստէ եւ ունի մեծ կարեւորութիւն: Մեսրոպեանի տնօրէնը աւելցուց, որ վարժարանի թատերախումբին անդրանիկ ներկայացումը լաւագոյն ապացոյցն է այն մասին, որ եթէ մենք աշակերտներուն նկատմամբ ունենանք վստահութիւն եւ գործակցութիւն, ապա անոնք կը ստեղծագործեն եւ կը բացայայտեն իրենց կարողականութիւնները:

Բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեանին աշխատանքը մեծապէս արժեւորելէ ետք, Կ. Գալուստ յոյս յայտնեց, որ թատերախումբը յառաջիկայ տարեշրջաններուն յաւելեալ թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ կ՛արձանագրէ նոր նուաճումներ:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )