Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Մուշեղ Մխիթարեանի «Խաղաղ Պատմութիւն, Հաց Ու Գինի» Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 13 յունիսին երեկոյեան ժամը 6:30-ին, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Վահէ եւ Նորա Եագուպեաններու, ներկայութեամբ արուեստասէրներու եւ արուեստագէտներու բազմութեան մը, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ կատարուեցաւ բացումը Մուշեղ Մխիթարեանի «Խաղաղ պատմութիւն, հաց ու գինի» թեմայով ցուցահանդէսին:

Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր տէր եւ տիկին  Վահէ եւ Նորա Եագուպեաններուն, որոնք մնայուն կերպով կը քաջալերեն ժամանակակից հայ մշակոյթի տարբեր արտայայտութիւնները եւ այս պարագային եւս հովանաւորեցին այս նախաձեռնութիւնը: Հաւաթեան յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն մաղթեց հայրենի արուեստագէտին:

Յակոբ Հաւաթեան

Մովսէս Հերկելեան

Արուեստագէտի արժէքին եւ ցուցահանդէսի մասին իր կարծիքը յայտնեց արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեան: Ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ցուցադրութեան դրուած արուեստագէտի ստեղծագործութիւններուն մասին` գնահատելով քոլաժներու ճշգրիտ տեղադրումը եւ գոյներու ներդաշնակութիւնը: Հերկելեան հաստատեց, որ Մուշեղ Մխիթարեանի գործերուն մէջ առանց Արարատի, Հայաստանի լիճերուն ու լեռներուն եւ հայութեան տիտաններուն, կարելի է գտնել ամբողջական հայկականութիւն, եւ անոր ստեղծագործութիւնը արժանավայել կերպով կը մրցի ժամանակակից միջազգային գեղանկարչութեան վարպետներուն ստեղծագործութեան հետ: Ան վկայեց, որ անցեալին արուեստի գործեր հաւաքագրողները կը սպասէին արուեստագէտի միջազգային մակարդակ նուաճելու հանգրուանին, որպէսզի իրենց հաւաքածոներուն մէջ ունենային այդ գործերը, սակայն այսօր ուրախութեամբ կարելի է հաստատել, որ ներկայ հաւաքագրողները իրենց աշխատանքով եւ քաջալերանքով կը նպաստեն հայ արուեստագէտի միջազգային մակարդակներու նուաճումին: Այս առաքելութեան մէջ իր վաւերական դերակատարութիւնը ունի այս ցուցահանդէսի հովանաւոր Վահէ Եագուպեան:

Վահէ Եագուպեան

Մուշեղ Մխիթարեան

Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ Վահէ Եագուպեան եւ հաստատեց, որ Մուշեղի եւ իր նմաններու արուեստին ճամբով հայ անհատը Հայաստանը միշտ լաւ կը տեսնէ եւ անոր ապագային նկատմամբ կ՛ունենայ յուսատու պատկերացում: Անդրադառնալով «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի գործունէութեան` Եագուպեան գնահատեց անոր դերակատարութիւնը մեր մշակոյթի ծառայութեան մէջ, ինչպէս նաեւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց Թիւթիւնճեան ընտանիքին, որոնք ազնիւ պատրաստակամութիւնը յայտնեցին այսպիսի հաւաքավայրի մը ստեղծման  հովանաւորութիւնը ստանձնելու: Եագուպեան աւելցուց, որ արուեստագէտի նկարագիրին նման իր գործերուն մէջ բարիութիւնն ու ազնուութիւնը յորդառատ են եւ այնտեղ հայութեան հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ առկայ է խոր երկիւղածութիւն եւ յարգանք:

Վերջապէս խօսք առաւ նաեւ Մուշեղ Մխիթարեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր Վահէ եւ Նորա Եագուպեաններուն, Համազգայինի ցուցասրահին բարերարին` Լիւսի Թիւթիւնճեանին, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէնութեան եւ անձնակազմին` ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար, մաղթելով, որ իր գործերուն ճամբով ինք յաջողի ներկայ արուեստասէր հանրութեան եւ յառաջիկայ օրերուն ցուցասրահ այցելող մշակութասէր զանգուածին մէջ անպայման դրական դրոշմ ձգել եւ իրենց կեանքին մէջ յուսալից տեղաշարժ յառաջացնել:

 

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 1 յուլիս 2013, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )