Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը գովասանքի իր խօսքը ուղղեց ֆութպոլի ազգային խումբին, որ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունեցաւ Հարաւային Քորէայի դէմ (2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) տեղի ունեցած մրցումին:

Ֆետերասիոնը շեշտեց կարեւորութիւնը այն կէտին, որ պէտք է ամէն զօրակցութիւն յայտնել ազգային խումբին, որպէսզի անիկա յաջողի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել Ասիոյ 2015-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի մրցումներուն, որոնց աւարտական հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ մէջ:

Ստանալէ ետք Շապապ Ղազիէ – Սալամ Սուր մրցումին գծով կազմուած յատուկ յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը` ֆետերասիոնը յայտնեց, որ սովորական կը գտնէ մրցումին արձանագրուած արդիւնքը, որուն ընթացքին Ղազիէ 11-6 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին:

Սակայն իրենց անկարգապահ եւ ոչ մարզավայել կեցուածք ունենալուն համար, Սալամ Սուր եւ Շապապ Ղազիէ իրենց մարզիկներուն պատճառով յաջորդաբար ենթարկուեցան 10 եւ 5 միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի:

Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի ֆութսալի տղոց ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2013-ի Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ Մալեզիոյ մէջ:

Ֆետերասիոնը յայտնեց, որ կիրակի, 16 յունիս 2013-ին տեղի ունենալիք Սաֆա – Նըժմէ մրցումը, որ կ՛իյնայ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 22-րդ եւ վերջին հանգրուանին ծիրին մէջ, պիտի կատարուի առանց համակիրի:

Մարզական աւանին մէջ կատարուելիք այս մրցումին համար Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած 2012-2013 տարեշրջանի տոմսերը չեղեալ կը նկատուին:

Իւրաքանչիւր ակումբէ դաշտ մուտք կրնան գործել 35 անձեր (ներառեալ` մարզիկները, 18):

Իսկ ինչ կը վերաբերի նոյն օրը Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տեղի ունենալիք Անսար – Ախա Ահլի Ալէյ մրցումին, անիկա եւս ենթարկուեցաւ ճի՛շդ վերոնշեալ մրցումին ճակատագիրին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )