Ալիեւ. «Բարձր Կը Գնահատենք Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը»

«Մենք բարձր կը գնահատենք ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու յայտարարութիւնը», երէկ Պրիւքսէլի մէջ յայտնեց Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

«Մենք երախտապարտ ենք անոնց, որոնք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը կը պահեն իրենց ուշադրութեան կեդրոնը` օգտագործելով անոր համար այնպիսի կարեւոր համախմբում, ինչպիսին Ութերու խմբակն է», աւելցուց Ալիեւ:

«Թրենտ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Հերման Վան Ռոմփոյի հետ հանդիպման յաջորդած ասուլիսին ժամանակ Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարած է նաեւ, թէ որքան մօտ է իր երկիրը Եւրոպական Միութեան, «այնքան շատ կարելիութիւններ ունի ժողովրդավարական զարգացման համար»:

«Կը կարծեմ, որ համագործակցութիւնը ժողովրդավարական զարգացման, մարդկային իրաւունքներու մարզերուն մէջ կ՛օգնէ Ազրպէյճանին իրականացնելու քաղաքական բարեփոխումներ` միջազգային բարձր չափանիշներուն համապատասխան», յայտարարեց Ալիեւ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )