50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 8 ՄԱՐՏ 1961 )

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔ

 ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ԿՈՍՏԱՆ ԶԱՐԵԱՆԻ

Փետրուար 19-ին Լոս Անճելըսի Հայ կեդրոնին մէջ յարգանքի ճաշկերոյթով մը մեծարուած է մեծատաղանդ գրագէտ Կոստան Զարեան, որ քանի մը տարիէ ի վեր հաստատուած է Քալիֆորնիա:

Հայ կեդրոնին սրահը ծայրէ ծայր լեցուած է: Շատեր ոտքի մնացած են: Աննախընթաց գնահատանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը ցոյց տուած է Լոս Անճելըսի հայութիւնը:

Ճաշկերոյթը կազմակերպած էր Հայ կրթական հիմնարկութիւնը: Ներկայ գտնուած են հիմնարկութեան հիմնադիրները: Հանդէսին բացումը կատարած է կրթական հիմնարկութեան Լոս Անճելըսի վարչութեան ատենապետ Վահան Չիւրիւքեան, իսկ նախագահած է հիմնարկութեան փոխտնօրէն Մարտ Փիլոյեան:

Հանդէսը ունեցած է գեղարուեստական ճոխ բաժին մը: Սոնա Մինասեան տուած է մեծ գրագէտին կենսագրական գիծերը եւ կեանքը: Ուղերձ մը ըրած է Էլեն Բիւզանդ: Կրթական հիմնարկութեան քարտուղար Բիւզանդ Կռանեան ներկայացուցած է Կոստան Զարեանի վաստակը եւ բացառիկ տեղը` հայ նորագոյն գրականութեան մէջ:

 ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԸ…
Խ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՔԱՌԱՍՆԱՄԵԱԿԸ
ՊԻՏԻ ՏՕՆՈՒԻ ԵՂԵՐ ՄԱՅԻՍ 6 – 7…

Երեւանէն, թմբուկի ձայնով, մամուլով, հրատարակութիւններով յայտարարուելէ ետք, թէ արտակարգ պատրաստութիւններ տեսնուած են տօնելու համար Հայաստանի խորհրդայնացման քառասնամեակը, յանկարծ լռութիւն տիրեց: Ո՛չ հանդէս, ո՛չ քառասնամեակ:

Այժմ «Փրաւտա» փետրուար 15-ի թիւին մէջ հրատարակած է հետեւեալ պաշտօնական հեռագիրը` ղրկուած Երեւանէն.

«Խորհրդային Հայաստանի քառասնամեակը պիտի տօնուի մայիս 6-ին եւ 7-ին»:

Վեց ամիս սպասելէ ետք չէի՞ն կրնար սպասել երեք շաբաթ ես, որպէսզի տօնէին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձն ալ, մայիս 28-ին:

 
ՀԱՅԱՍՏԱՆ

 ԱՐԱՄԷԱԿԱՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

 ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԳՏՆՈՒԱԾ
ՔԱՐԱԿՈԹՈՂՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՂԾՈՒԱԾԸ

«Թաս» գործակալութիւնը Լենինկրատէն կը հաղորդէ. «Վերջնականապէս վերծանուած են Հայաստանի Սեւանայ լիճի շրջականերուն մէջ յայտնաբերուած քարակոթողներուն արձանագրութիւնները»:

Առեղծուածային արձանագրութիւններ ունեցող այդ ձեւի քարակոթողներ գոյութիւն ունէին դարերէ ի վեր, այդ շրջանին մէջ, սակայն ցարդ կարելի չէր եղած ճշդել արձանագրութիւններուն բովանդակութիւնը, որովհետեւ քարակոթողները վնասուած էին: Արձանագրութիւնները կա՛մ բոլորովին եւ կա՛մ կիսով ջնջուած էին:

1957-ին յայտնաբերուեցաւ քարակոթող մը, որուն արձանագրութիւնը պահպանուած էր լիովին:

Լենինկրատի համալսարանի փրոֆեսէօր Ի. Վիննիցկովի յաջողած է վերծանել այդ արձանագրութեան բնագիրը: Փրոֆեսէօրը համադրած է աւելի հին ժամանակներու գտնուած գրութիւններու հետ եւ եկած` այն եզրակացութեան, թէ այդ բոլոր արձանագրութիւններուն լեզուն մէկ է` արամէական: Աւելի քան հազար տարի այդ լեզուն միջազգային լեզու մը եղած է Արեւելքի մատենագրութեան համար:

Ըստ երեւոյթին, ըսած է փրոֆեսէօրը, Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած արամէագիր քարակոթողները սահմանաքարեր եղած են:

Վերծանուած արձանագրութիւնը կը խօսի Արտաշէս Ա. թագաւորի մասին, որ մեր պատմութեան մէջ կը յիշուի իբրեւ հայկական պետութեան հիմնադիր (երկրորդ դար Ք. Ա.): Ըստ արձանագրութեան, Արտաշէս Ա. հողեր բաժնած է այդ վայրերուն մէջ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS