ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԿԱՖՈՅԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԽԻՄԵՆԵՍԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Դեսպան Կաֆօ եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սպանիոյ դեսպան Խուան Քարլոս Կաֆոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ընդհանուր իրավիճակը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան – սպանական երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ յառաջիկայ 16 եւ 17 մարտին Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Թրինիտատ Խիմենեսի Լիբանան կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները:

Նշենք, որ Խիմենես առաջին անգամ ըլլալով է, որ պիտի այցելէ Պէյրութ. անոր այցելութիւնը կ՛իյնայ շրջան կատարելիք շրջապտոյտին ծիրին մէջ:

Կը նախատեսուի, որ Խիմենես այցելէ նաեւ Սուրիա, Եգիպտոս եւ Յորդանան:

Միւս կողմէ, Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Մուսթաքպալ» օրաթերթին յայտնեցին, որ վարչապետին եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւնները բացառիկ հեզասահութեամբ կ՛ընթանան եւ ոչ ոք կրնայ այդ յարաբերութիւնները խանգարել:

Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին շարք մը իրականութիւններ պիտի բացայայտուին:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS