ԿԻՐԱԿԻ, 6 ՄԱՐՏ 2011` ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ

Բարեկենդան կը նշանակէ բարի կենդանութիւն, խրախճանք, ճոխ եւ առատ ուտելիքներով վայելելու օր:

Գլխաւոր շաբաթապահերու նախորդ շաբաթ օրը կը կոչուի բարեկենդան եւ այդ առիթով կը թոյլատրուի աւելի ճոխ ուտել: Եկեղեցական օրացոյցին մէջ յաճախ կը հանդիպինք բարեկենդանի յիշատակութեան, որովհետեւ կարեւոր պահքերը ունին իրենց բարեկենդանը:

Բայց բարեկենդաններուն մէջ յատկանշական է Մեծ պահքի նախընթաց կիրակի օրը, որ կը կոչուի ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ:

Բուն բարեկենդանի օրը կը պատրաստեն ճոխ սեղան, կը կատարեն դիմակաւոր խաղեր, խրախճանքներ եւ այլն:

Վանքերու մէջ, նոյնիսկ Բուն բարեկենդանի օրը որոշ ազատութիւն կը տրուէր եւ այդ օրը ժամանակին կը կոչուէր ԱԲԵՂԱԹՈՂ:

Բուն բարեկենդանի նախորդ օրը` Շաբաթ երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին, եկեղեցւոյ խորանի վարագոյրը կը գոցուի եւ նոյն օրը կը սկսի արդէն ապաշխարութեան շրջանը: Հոգեւոր արարողութիւնները կը մեղմանան, Ս. Պատարագը կը մատուցուի վարագուրուած խորանին ետեւը: Այսպիսով կը սկսի քառասնօրեայ ապաշխարութիւնը եկեղեցւոյ մէջ:

Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ կամ կարեւոր սուրբերու տօներուն առիթով, երբ կը մատուցուի հանդիսաւոր սուրբ պատարագ, վարագոյրը կը բացուի եւ տեղի կ՛ունենայ բաց պատարագ:

Բուն բարեկենդանի շարականները կը պատմեն, թէ ինչպէ՞ս ստեղծուեցաւ մարդը եւ ապրեցաւ դրախտի փափկութեան մէջ: Այնտեղ դրախտի մէջ մարդը «ցնծայր զուարճացեալ անտխրական խնդութեամբ», որովհետեւ միշտ կը տեսնէր զԱստուած: Բուն բարեկենդանի շարականներուն առանցքը «Դրախտի փափկութիւնը», «Դրախտի զուարճութիւնը» եւ նախատիպ մարդու` Ադամի երջանիկ վիճակը կը կազմէ: Քրիստոս կը յիշատակուի իբրեւ երկրորդ Ադամ, որ իր միջոցով մարդոց արժանի դարձուց «Դրախտի փափկութեան»:

Բուն բարեկենդանի շարականները նոյն օրը զուարճացնող մարդոց կը յիշեցնեն նաեւ Դրախտի հոգեւոր երջանկութիւնը եւ ուրախութիւնը:

ԲԱՐՈՎ  ՀԱՍՆԻՔ  Ս. ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ

Ս. Ք.

Share this Article
CATEGORIES
TAGS