ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԼՈՒԷՅԶԻ ԱՊԱՀՈՎԵՑ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԻ ԻՐ ՏՈՄՍԸ

Լուէյզի - Շանվիլ մրցումէն

«Սփոր Էվազիոն» ընկերութեան կազմակերպութեամբ եւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող պասքեթպոլի միջդպրոցական մրցաշարքը գրեթէ հասած է իր աւարտին:

Կիսաւարտականի առաջին մրցումին, որուն ընթացքին Շանվիլի դաշտին վրայ (Տիք Մըհտի) իրարու դէմ ճակատեցան Լուէյզի եւ Ժամհուր, առաջինը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը` 70-59 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:

Աւարտականին Լուէյզի իր դէմ պիտի ունենայ Մոն լա Սալ – Սանթրալ մրցումին յաղթականը:

Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` երեքշաբթի, 8 մարտին, Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ (Պաուշրիէ), յետմիջօրէի ժամը 16:30-ին:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS