Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Կակոյի «Պրոնզէ Քանդակներ-2013» Ցուցահանդէսը

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այսօր` հինգշաբթի, 8 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հովանաւորութեամբ տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններուն, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Կակոյի` Գագիկ Գէորգեանի պրոնզէ քանդակներու ցուցահանդէսին բացումը:

Արուեստագէտը ութ տարեկանէն յատուկ սէր ունեցած է քանդակագործութեան նկատմամբ: Կազմաւորուած է արուեստագէտ ընտանիքի եւ արուեստի միջավայրի մէջ: Հայրը սերամիքի քանդակագործ էր, իսկ եղբայրը` տաղանդաւոր ջութակահար: Հայրենիքի մէջ իր արուեստի ուսումը կատարելագործած է, սակայն իր ստեղծագործական աշխատանքի կարեւոր հանգրուան մը անցուցած է նաեւ Լիբանանի մէջ  եւ լիբանանցի արուեստասէր հանրութեան ներկայացած տարբեր ցուցահանդէսներով, հետեւաբար Լիբանանը նաեւ խոր ազդեցութիւն ունի անոր արուեստի ներաշխարհին վրայ: Այսօր արուեստագէտը հանրութեան կը ներկայանայ իր նոր հաւաքածոյով:

Կակոյի հետ «Ազդակ»-ի ունեցած կարճ հարցազրոյցին ընթացքին արուեստագէտը բարձրօրէն գնահատեց Հայաստանի ժամանակակից քանդակագործութիւնը` հաստատելով, որ այսօր արուեստագէտները կը ստեղծագործեն ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ եւ ունին ազատ մտածողութիւն: Ան յայտնեց, որ այս մարզի հեռանկարները մեծ են, սակայն արուեստագէտները միշտ հակամէտ պէտք է ըլլան իրենց արուեստի կիրարկման ընթացքին գտնուելու թելադրողի եւ ոչ թէ թելադրուողի կացութեան մէջ, որովհետեւ ինք կը հաւատայ, որ միայն խելացի ու տաղանդաւոր արուեստագէտ մարդը ի վիճակի է արժէքներու մասին խօսելու եւ հաւաքականութիւնը արուեստի ճիշդ հունին մէջ պահելու:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ միջավայր, դէպք եւ կացութիւն կրնայ ազդել իր քանդակներու ստեղծագործական աշխատանքին վրայ, արուեստագէտը յայտնեց, որ անկախ իր կամքէն, պատահական որեւէ կացութիւն կրնայ տպաւորութիւն ձգել եւ ներշնչում յառաջացնել: Հոն չարն ու բարին ներկայութիւն են, արուեստագէտը անընդհատ երկխօսութեան մէջ  կը փորձէ մնալ լաւին հետ, մինչեւ իր գործին աւարտը:

Խօսելով իր ներաշխարհին ու ապրումներուն մասին` ան հետաքրքրական ձեւով մանրամասնեց հետեւեալը, որ որեւէ քանդակի պատրաստութենէն ետք ինք կ՛ունենայ միաժամանակ հիանալի, սարսափելի, հաճելի ու չարչրկող զգացումներ եւ մտածումներ: Բայց ամէնէն գերագոյն հաճոյքը իրեն համար այն հանգրուանն է, երբ գործ մը աւարտի եւ  այդ ստեղծագործութենէն հոգեկան բաւարարութիւն ստանայ: Կարճ ժամանակ ետք սակայն կ՛ապրի աշխատանքը աւարտած ըլլալու յուզումը, որովհետեւ այդ գործը այլեւս իրը չէ: Երբ ստեղծագործական աշխատանք մը աւարտէ, այդ գործը մէկ կողմ կը դնէ եւ նոյնիսկ իր հայեացքը չ՛ուղղեր այդ կողմ: Քանի մը օր ետք անոր նայելով կը սկսի իր այդ գործը քննադատել: Որոշ հանգրուան մը ետք, աւելի ուշ, երբ կը դիտէ, կը սկսի ուրիշի աչքով նայիլ, եւ այդ պահը իրեն համար հաճելի է ու համակող:

Կակոյի այս ցուցահանդէսին մէջ գերակշիռ է մարդկային ուժը, սլացքը եւ թռիչքը, դէպի վեր, դէպի վսեմն ու բարին, դէպի խաղաղութիւնը, հանգամանքներ, որոնցմով մարդկային կեանքը կը հարստանայ եւ արուեստը կը դառնայ կենդանի ներկայութիւն մեր առօրեային մէջ: Իր արուեստին մէջ կարելի է գտնել բնութեան կախարդանքը եւ բնութեան հետ մարդկային հաղորդակցութիւնը:

Հարցազրոյցի աւարտին Կակօ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին` այս հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցահանդէսի հովանաւոր տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Սեւան Պաղճեաններուն: Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ  26 օգոստոս, երկուշաբթիէն ուրբաթ` առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, իսկ շաբաթ օրերը` առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 2:00:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )