ՓՈՐՁ-ՀԱՐՑԱՐԱՆ. ԾԱԾԿԱՄԻ՞Տ, ԹԷ՞ ԹԱՓԱՆՑԻԿ ԱՆՁ ԷՔ

1

Ձեր բարեկամուհիները գիտե՞ն, թէ որքա՛ն աշխատավարձ կը ստանաք:

ա.- Ինձմէ աւելի լաւ:
բ.- Մասամբ տեղեակ են:
գ.- Երբեք:

2

Երբ ընկճուած էք, դէմքի արտայայտութիւններէն ձեր այդ հոգեվիճակը «կը կարդայ»:

ա.- Ամէն ոք:
բ.- Միայն մտերիմները:
գ.- Ոչ ոք:

3

Անծանօթ մը կրնա՞յ գաղափար կազմել ձեր մասին` ուսումնասիրելով ձեր աշխատավայրը:

ա.- Քիչ թէ շատ:
բ.- Անշուշտ ոչ:
գ.- Շատ հաւանաբար:

4

Եթէ դուք վարագոյր ըլլայիք, անպայման կ՛ըլլայիք

ա.- Թեթեւ եւ թափանցիկ:
բ.- Վառ եւ երփներանգ:
գ.- Թանձր ու մութ գոյնի:

5

Երբ մէկու մը գաղտնիք մը պիտի ըսէք, անկէ երդում կը պահանջէ՞ք գաղտնապահութեան իբրեւ երաշխիք:

ա.- Երբեմն:
բ.- Երբեք:
գ.- Միշտ:

6

Ձեր ամուսինը ի՞նչ գիտէ ձեր նախկին արկածախնդրութիւններուն մասին:

ա.- Ամէն բան:
բ.- Ոչինչ:
գ.- Մէկ-երկու զուարճալի դրուագ:

ԱՐԴԻՒՆՔ

– Եթէ 10 եւ աւելի կէտ հաւաքեցիք, դուք բաց գիրքի կը նմանիք: Անշուշտ մարդիկ սիրով կը բարեկամանան եւ կը մտերմանան ձեզի պէս սրտբաց ու անմիջական անձի մը հետ: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ զգուշանալ ամէն նիւթի մասին անվերապահօրէն բոլորին առջեւ խօսելէ: Ատիկա վերապահեցէք շատ մտերիմներուն:

– Եթէ 5 – 9 կէտ հաւաքեցիք, բաւական ճկուն եւ զուսպ անձ էք. կրնաք ձեր սիրտը բանալ ուրիշին առջեւ, բայց նաեւ գիտէք լռել, երբ հարցը նուրբ եւ զգայուն նիւթերու կը վերաբերի:

Անշուշտ վստահութիւն ունիք ձեր շրջապատին վրայ եւ կարեւոր կը նկատէք ոչ միայն դիմացինին գաղտնապահ ըլլալու ունակութիւնը, այլեւ` ձեզ լսելու անոր պատրաստակամութիւնը:

– Եթէ մինչեւ 4 կէտ հաւաքեցիք, հաւանաբար նախապէս կրեր էք ձեր անկեղծութեան ծանր հետեւանքը եւ անկէ դասեր քաղեր էք: Բայց հիմա ալ ինկած էք միւս ծայրայեղութեան մէջ եւ կամ այն համոզումը ունիք, թէ ձեր գաղտնիքները չեն հետաքրքրեր մարդիկը… Թերեւս ծածկամտութեան ճամբով կը փորձէք ծածկել ձեր թերութիւնները, սակայն ատիկա ինքնամեկուսացման ամէնէն կարճ ճամբան է:

 

ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՆ ԴԻՒՐԱՑՆՈՂ ՀՆԱՐՆԵՐ

1

Եթէ ձեր ջուրը շատ կիր կը պարունակէ, բոյսերը ջրելէ առաջ ջուրին քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք չէզոքացնելու համար կիրը:

2

Տան բոյսերուն որպէս պարարտացուցիչ կարելի է գործածել թէյի ծրարիկները, հաւկիթին կեղեւը, սուրճին կամ գինիին մրուրը եւ այլն…

3

Ոտքի մատին կոշտուկը չքացնելու համար անոր վրայ զետեղեցէք կիսուած սխտորի պճեղ մը. օրուան ընթացքին քանի մը անգամ նորոգեցէք զայն:

4

Կեռասը ախորժակ կտրող պտուղ մըն է: Օրական ճաշի ժումերուն միջեւ քիչ քանակութեամբ կեռաս կերէք` առանց ջուր խմելու:

5

Եթէ ձեր շունչը գէշ կը հոտի, ծամեցէք սուրճի հատիկ մը, քիչ մը անանուխ կամ ազատքեղ:

6

Խոհանոցէն ձուկին հոտը չէզոքացնելու համար առէք շաքարի խորանարդ մը եւ զայն այրեցէք:

7

Ձուկի պատրաստութեան համար գործածուած դանակին, աշխատանքի տախտակին եւ պնակեղէնին ծանր հոտը չէզոքացնելու համար զանոնք լուացէք պաղ ջուրով, որուն ափ մը քարաղ աւելցուցած ըլլաք:

8

Խակ լոլիկները հասունցնելու համար զանոնք առանձին-առանձին փաթթել օրաթերթի թուղթով եւ 2 օր այդպէս պահել: Լուալ` ուտելէ առաջ:

9

Զօրաւոր գլխացաւի պարագային շատ տաք թէյ խմեցէք, որուն մէկ կիտրոնի հիւթ աւելցուցած ըլլաք:

10

Փորհարութեան պարագային սերկեւիլի քոմփոթ կերէք, իսկ երեխաներուն` ստեպղինի խիւս կերցուցէք:

11

Եթէ ձեր ձեռքերուն երեսները յաճախ կարմիր են, զանոնք 10 վայրկեան մխրճեցէք տաք աղի ջուրի մէջ, ապա մարձեցէք ձէթով:

ելու համար զանոնք լուացէք պաղ ջուրով, որուն ափ մը քարաղ աւելցուցած ըլլաք:

 

ՍՆՆԴԱԳԻՏԱԿԱՆ – ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ

ՍԽԱԼ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ

Կարգ մը ուտելիքներու մասին սխալ կարծիքներ շրջան կ՛ընեն ամէնուրեք, կ՛արժէ ծանօթանալ անոնց եւ վերատեսութեան ենթարկել մեր գիտելիքները:

1

Ձուկը միսէն նուազ սննդարար է:

Սխալ: Ձուկին բնասպիտներուն կենսաբանական արժէքը միսի բնասպիտներու արժէքին համազօր է: Եթէ կարմիր միսը երկաթով աւելի հարուստ ըլլալու առաւելութիւնը ունի, ձուկին պարունակած օմեկա 3-ը նոյնքան մեծ առաւելութիւն է: Ահա թէ ինչո՛ւ բժիշկները ներկայիս կը թելադրեն շաբաթը 3 անգամ ձուկ ուտել:

2

Նիհարնալու համար պէտք է օրական մէկ ժում ուտել:

Սխալ: Բժիշկներ եւ սննդագէտներ կը հաստատեն, թէ նիհարնալու համար նախընտրելի է օրական 3 – 5 ժում ուտել, անշուշտ` սերտուած ձեւով եւ քանակով, փոխանակ մէկ անգամ ուտելու:

3

Հում կարագը եփածէն պակաս կը գիրցնէ:

Սխալ: Երկուքն ալ կը գիրցնեն. եփած կարագը աւելի ուշ կը մարսուի եւ ջերմուժն ալ աւելի բարձր է:

4

Եգիպտացորենի եւ արեւածաղիկի իւղերը նիհարնալու կը նպաստեն:

Սխալ: Բոլոր իւղերն ալ կը գիրցնեն, քանի մը բարձր ջերմուժ կը պարունակեն: Բուսական իւղերը նուազ վնասակար են, քան` կենդանական իւղերը, երակախցման եւ սրտանօթային հիւանդութիւններու պարագաներուն:

5

Պիսքոթները չեն գիրցներ:

Սխալ: Բոլորիս ծանօթ ֆրանսական հացի կարմրած շերտերը ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` ջուրէ զուրկ հացեր: Այսպէս, 7 պիսքոթը 100 կրամ հացի չափ ջերմուժ կը պարունակէ: Շատեր, առանց քանակը նկատի առնելու, պիսքոթ կ՛ուտեն հացը փոխարինելու համար, երբ նիհարնալու սննդականոնի կը հետեւին:

6

Պաղպաղակը ջուր է:

Սխալ: Նոյնիսկ սառոյց պաղպաղակները շաքար կը պարունակեն եւ վնասակար են նիհարնալ փափաքողներուն: Բայց անշուշտ կասկածէ վեր է, որ սառոյց պաղպաղակը ջերմուժի իմաստով անհամեմատօրէն նուազ վնասակար է, քան` մնացեալ բոլոր տեսակի պաղպաղակները:

 

ԵՂՈՒՆԳՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄՔԸ

Գեղեցիկ ձեռքերը պայման է, որ գեղեցիկ ու խնամուած եղունգներ ունենան: Ահաւասիկ քանի մը օգտակար թելադրանք` առողջ եղունգներ ունենալու համար:

ա.- Ամուր եղունգներ ունենալու համար զանոնք շփել գետնախնձորի խիւսով, որուն նախապէս քիչ մը կաթ եւ քացախ աւելցուած ըլլայ:

բ.- Կոտրտուող եւ դիւրաբեկ եղունգները ամբողջ շաբաթ մը առաւօտեան եւ երեկոյեան շփել կիտրոնով:

գ.- Կոտրտուող եղունգները ամրացնելու համար շաբաթը քանի մը անգամ օծել բուսական ձէթով, որուն քանի մը կաթիլ կիտրոնի հիւթ աւելցուած ըլլայ:

դ.- Եղունգներու աճի եւ ամրութեան համար ընդունիլ Ա. եւ Տէ. կենսանիւթեր, եւ սպառել հանքային աղերով հարուստ ուտելիքներ:

ե.- Փայլուն եղունգներ ունենալու համար զանոնք շփել քացախով։

զ.- Եղունգներու առողջութեան համար շաբաթը անգամ մը զանոնք մխրճել գաղջ աղի ջուրի մէջ, ապա իւրաքանչիւր եղունգ շփել ձէթով:

է.- Եղունգները կարճ չկտրել, քանի որ մատները աւելի կարճ եւ հաստ կ՛երեւին:

 

ԽՈՀԱԳԻՐ

ԹՈՆՈՎ ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐ

Բաղադրութիւն` 4 անձի համար

– 3 տուփ թոն
– 4 խոշոր գետնախնձոր
– Կանաչ սոխ` շատ մանր մանրուած
– 10 սանթիլիթր թարմ սեր
– Կէս կիտրոնի հիւթ
– Աղ, սեւ փոշի պղպեղ

Պատրաստութիւն

Փուռը նախապէս տաքցնել 200 ջերմաստիճանով: Լուալ եւ ցամքեցնել գետնախնձորները, իւրաքանչիւրը առանձին փաթթել ալիւմինիոմ թերթի մէջ եւ փուռին մէջ եփել շուրջ 45 վայրկեան, մինչեւ որ կակուղնան:

Թոնը քամոցէ անցընել, ջուրը կամ ձէթը պարպելու համար, ապա պատառաքաղով մը ճզմել թոնը եւ աւելցնել շատ մանր մանրուած կանաչ սոխը: Խառնել եւ աւելցնել կիտրոնի հիւթը, սերը, աղն ու սեւ պղպեղը:

Գետնախնձորները փուռէն հանել, երկուքի կիսել եւ կեդրոնը քիչ մը փորել` միջուկին համար: Հանուած գետնախնձորը աւելցնել թոնին, բոլորը միատեղ խառնել եւ ապա լեցնել կիսուած գետնախնձորներուն կեդրոնը:

Բարի՛ ախորժակ:

 

ՍԵՒԱՆՆ ԱՀԱ

 

Սեւա՛նն ահա…
Հոգիս լուամ այս ջուրերուն մէջ` անապակ`
Օտարութեան ձեռքերուն պիղծ շփումներէն,
Դէ՜մքս լուամ`
Գաղթականի դառն ու մռայլ կնճիռներէն,
Դառնամ հիմա լոյսէ՜ երանգ`
Այս նկարին լուսապայծառ գոյներուն մէջ`
Դառնամ ալի՜ք երջանկութեան
Աչքի պէս ջինջ այս կապուտակ ծովուն վրայ,
Եւ այս ժպտող հայելիին մէջ անաղարտ`
Տեսնեմ ես զիս`
Կեանքին պէս նո՛ր, ու ներկային պէս` արփավա՛ռ:

Սեւա՛նն ահա…

Մերկանա՜մ ես`
Անցեալի գորշ ցնցոտիէն պատառոտուն,
Մանկանա՜մ ես
Անմեղունակ խաղերուն պէս այս ջուրերուն,
Գինովնա՜մ ես`
Անպարտելի եւ անյատակ այս բաժակէն,
Խենթանա՜մ ես`
Սիրոյ պէս խենթ` այս թեւերուն մէջ ոգեղէն,

Ու հրաշքո՜վ յաւերժանամ`
Յաւերժական այս ակունքին պէս մոգական:

Սեւա՛նն ահա…

Ա՜խ, ես դառնամ
Թէկուզ հատի՛կ մը աւազի,
Միայն մնամ ընդմիշտ այստեղ
– Ափի՛ն վրայ այս երազին:

ԳԱՌՆԻԿ ԱԹԱՐԵԱՆ

 

Կնոջական էջը պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES