Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Վրաստան
Վերաօծում Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ
Սեպտեմբեր 8-ին, Սուրբ Աստուածամօր ծննդեան տօնին վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան վերաօծեց Վրաստանի Թեթրիծղարոյի շրջանի Փոքր Դաղեթի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդը օծեց եկեղեցւոյ սուրբ սեղանը, սիւները, մկրտութեան աւազանը, սրբապատկերները, որուն յաջորդեց սուրբ պատարագի մատուցում եւ մատաղօրհնէք:
Ռումանիա
Հայկական Օրեր
Կազմակերպութեամբ Գէորգենի հայ կաթողիկէ միութեան, Թրանսիլվանիոյ հանգանակուեցաւ միութեան եւ Գէորգենի հայ կաթողիկէ թեմին, 6-8 սեպտեմբերին Թրանսիլվանիայի Գէորգեն (պատմական հայաբնակ` Ջուրջով) քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական արուեստի փառատօն:
Ձեռնարկներու ծիրին մէջ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Համլեթ Գասպարեան այցելեց շրջան եւ հանդիպում ունեցաւ քաղաքային իշխանութիւններուն հետ եւ քննարկեց յառաջիկային Հայաստանի որեւէ բնակավայրի հետ համագործակցութեան կապեր հաստատելու, ինչպէս նաեւ տեղի հայկական հարուստ պատմական ժառանգութեան պահպանման հարցերը:
Դեսպանը իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Գէորգենի գործարարներու հետ կազմակերպուած հանդիպումին, ուր ներկայացուց հայ-ռումանական տնտեսական կապերու ընդհանուր պատկերը, տեղեկութիւններ հաղորդեց միջկառավարական յանձնաժողովի եւ Հայաստանի ու Ռումանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու գործունէութեան մասին հրաւիրելով տեղի գործարարները կապի մէջ մտնելու անոնց հետ:
Եռօրեայ փառատօնին ընթացքին Գէորգենի հայկական մշակութային կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցան տեղի հայկական հնատիպ գիրքերու եւ քարտէսներու հաւաքածոն, թրանսիլվանահայեր Գէորգի Կալամարի, Էմմա Քեոլլոյի եւ Ֆրենց Հորվաթի նկարներու եւ ձեռագործներու հաւաքածոները: Նոյն կեդրոնին մէջ ցուցադրուեցաւ նաեւ Գասպար Կալամարի հեղինակած «Հայաստանի խճանկար» ժապաւէնը:
Փառատօնին տեղի ունեցան նաեւ դասախօսութիւններ:
Ճափոն
Արամ Խաչատուրեանի Ծննդեան 110-ամեակին
Նուիրուած Ցուցահանդէս
Նախաձեռնութեամբ Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «Եամահա» եւ «Զեն-Օն Միւզիք» ընկերութիւններուն, 12 սեպտեմբերին Թոքիոյի Եամահա-Կինզա կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին Խաչատուրեանի հարուստ ստեղծագործական ուղին պատկերող լուսանկարներ, ստեղծագործութիւններու հաւաքածոն, անոր նուիրուած գիրքերու ժողովածուն, տեսերիզներ եւ ձայներիզներ:
Ցուցահանդէսը պիտի երկարի մինչեւ 15 հոկտեմբեր, որմէ ետք մինչեւ տարեվերջ պիտի շրջի Ճափոնի Օսաքա եւ Նաքոյա քաղաքները:
Միացեալ Նահանգներ
Ողջերթ` Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոս
Գրիգորի Յովհաննիսեանի
* Օգոստոս 20-ին ՀՕՄ-ի Կլենտէյլի շրջանային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ողջերթի հիւրասիրութիւն` ի պատիւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանի: Յովհաննիսեան Լոս Անճելըսի հիւպատոսարանի պաշտօնավարութիւնը կ՛աւարտէ` ստանձնելու համար Մեքսիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնը:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան ներկայացուց գլխաւոր հիւպատոսին յատկութիւնները եւ իրագործումները, մանաւանդ` «Հայաստանի տուն»-ի հաստատումը եւ նկատել տուաւ, որ հիւպատոսին գաղափարն էր «հայկականացնել» գաղութը: Ան դրուատեց դեսպանին` զանազան հարցերու նկատմամբ դրական մօտեցումը: Իբրեւ յիշատակ` ան ՀՕՄ-ի խորհրդանիշով նուէր մը յանձնեց Յովհաննիսեանին:
Իր կարգին, գլխաւոր հիւպատոսը շնորհակալութիւն յայտնեց տարբեր առիթներով ՀՕՄ-ի հիւրասիրութիւններուն եւ ջերմ վերաբերումին համար: Ան գնահատեց ՀՕՄ-ի անդամներուն կամաւորական ոգին, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի մարդասիրական-բարեսիրական գործունէութիւնը` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութենէն (ՄԱԿ) ներս:
* Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը հիւրընկալեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեանը` անոր պաշտօնավարման ժամկէտի աւարտին առիթով:
Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան գոհունակութեամբ նշեց, որ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդին գլխաւոր նպատակը եղած է, մշակութային, հասարակական կառոյցներու միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնել:
Գրիգոր Յովհաննիսեան իր կարգին Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամներուն երախտագիտութիւն յայտնեց` աշխուժ գործակցութեան համար, հաստատելով, որ անոր շնորհիւ ամրապնդուած են կապերը Լոս Անճելըսի եւ Հայաստանի միջեւ:
Հիւպատոսը շեշտեց, որ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդը ճանչցած է ԼՂՀ անկախութիւնը եւ պաշտօնական ընդունելութիւններ կազմակերպած է Արցախի նախագահին եւ ԱԺ ղեկավարին համար, իսկ Արցախի պատմական մայրաքաղաք Շուշին հռչակուած է Լոս Անճելըսի բարեկամ քաղաք: Վերջին չորս տարիներու ընթացքին Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի յարկին տակ հանդիսաւոր կերպով նշուած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան 20-ամեակը` մասնակցութեամբ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգիսեանի եւ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաունի:
Աւարտին Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին յանձնուեցաւ շնորհակալագիր մը` Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի նախագահին եւ անդամներուն ստորագրութեամբ:
Ցոլակ Յովսէփեանի «Հարազատ Դէմքեր»
Ալպոմի Շնորհահանդէս
Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ «Ասպարէզ» օրաթերթին ու «Սարդարապատ» գրատան, 4 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ցոլակ Յովսէփեանի վերջերս լոյս տեսած «Հարազատ դէմքեր» լուսանկարչական ալպոմին շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Հուրի Ֆուռնուզեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «Հարազատ դէմքեր» ալպոմը իրականացած է Ցոլակ Յովսէփեանի նկարչական արուեստը յարգող խումբ մը ընկերներու աշխատանքով:
Ցոլակ Յովսէփեանի ալպոմը ներկայացուց Սարօ Նազարեան, ապա խօսք առաւ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեան, որ Ցոլակ Յովսէփեանին մարդկային, ընկերական եւ հասարակական գործիչի արժանիքներուն մասին խօսելէ ետք, առաջարկեց տասնամեակներու ընթացքին առնուած անոր հազարաւոր լուսանկարները թուայնացնել եւ անոնցմով «Ասպարէզ»-ի ծրագրած թուային գրադարանի բաժինը հարստացնել: Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անունով խօսք առաւ տոքթ. Վիգէն Եագուպեան:
Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անդրադարձաւ Ցոլակ Յովսէփեանի` ազգային մարդուն հայրենասէր նկարագիրին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ հատորին օրհնութիւնը:
Աւարտին, շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ցոլակ Յովսէփեան:
Սօսէի Եւ Ալենի Ժառանգութեան Հիմնադրամ
Սօսէի եւ Ալենի ժառանգութեան հիմնադրամը եւ «Արմինիա թրի փրոճեքթ» բարեգործական հիմնադրամը յայտարարեցին Սօսէ Թովմասեանի եւ Ալեն Եքիքեանի յիշատակին անտառ ստեղծելու նախաձեռնութեան մասին: Ինքնաշարժի արկածի զոհ գացած երիտասարդ զոյգը, ունէր ամուր կապեր թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ:
Սօսէի եղբօր` Վաչէ Թովմասեանի եւ այլ քանի մը մտերիմ ընկերներու ջանքերով ստեղծուած է «Ժառանգութիւն» հիմնադրամը, որուն նպատակն է աջակցիլ եւ ընդլայնել այս զոյգի կողմէն կարեւոր նկատուող արժէքները` կրթութիւն, հայրենադարձութիւն, կամաւորութիւն եւ ժողովրդավարութիւն: Վաչէ Թովմասեան նկատել տուաւ, որ այս անտառը պիտի ըլլայ Սօսէին եւ Ալենին յիշատակելու լաւագոյն վայրը եւ միեւնոյն ժամանակ պիտի ունենայ դրական ազդեցութիւն Հայաստանի շրջակայ միջավայրին վրայ:
«Սօսէ եւ Ալեն ժառանգութիւն» հիմնադրամը նպատակ ունի շարունակելու անոնց տեսլականը, ստեղծելով նոր ծրագրեր, միեւնոյն ժամանակ աջակցելով արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող ծրագիրներուն, որոնց նպատակն է խորացնել Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ եղած կապը` շեշտելով կարեւորութիւնը կրթութեան, հայրենադարձութեան եւ կամաւորութեան դերին:
Այս քարոզարշաւը սկսաւ Սօսէի ծննդեան օրը` 10 սեպտեմբերին եւ աւարտեցաւ Ալենի ծննդեան օրը` 10 մարտին: Կազմակերպութիւնները յոյս ունին հաւաքելու առնուազն տասը հազար հաւանութիւններ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ 18 հեկտար հողատարածքի վրայ տնկել 50 հազար ծառ:
Առաջնորդը Ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան Խորհուրդը
Սեպտեմբեր 5-ին, թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանի «Սիւլահեան» սրահին մէջ ընդունեց Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն այցելութիւնը:
Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչները Ազգ. առաջնորդարան եկած էին հաղորդելու, թէ ընտրած են նոր հոգեւոր խորհուրդ մը եւ կը խնդրեն առաջնորդ սրբազանին օրհնութիւնը:
Փոխադարձ ծանօթացումէ ետք, ներկայացուցիչները ընդհանուր գիծերու մէջ առաջնորդ սրբազանին զեկուցեցին եղբայրակցութեան նոր ծրագիրներուն եւ անոր աշխատանքի ընթացքին մասին: Անոնք նաեւ խօսեցան ժողովական ու վարչական որոշ վերադասաւորումներու մասին :
Ներկայացուցիչները այս առիթով նաեւ սրբազանը հրաւիրեցին Գոհաբանութեան տօնի իրենց տարեկան աւանդական ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ 27 նոյեմբերին, խնդրելով առաջնորդին հովանաւորութիւնը:
Իր կարգին, առաջնորդը յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան, գնահատանքով արտայայտուեցաւ եղբայրակցութեան եկեղեցանուէր գործունէութեան մասին, յորդորեց յատուկ ճիգ ընել` աւելի եւս աշխուժացնելու համար յատկապէս մեր երիտասարդներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան գործը: Սրբազանը նաեւ իր հովանաւորութիւնը շնորհեց Գոհաբանութեան ձեռնարկին:
Հրաժեշտի պահուն առաջնորդ սրբազանը եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն նուիրեց Կարօ Պետրոսեանի «Հայաստանեայց եկեղեցւոյ տօներ ու ազգային աւանդութիւններ» գիրքէն օրինակներ:
Նիւ Եորքի Աւետարանական Համայնքի
Նոր Պատուելին` Հայկ Խրլոբեան
Կիրակի, սեպտեմբեր 1-ին Նիւ Եորքի Հայ աւետարանական գաղութի նորանշանակ պատուելի Հայկ Խրլոբեան կատարեց իր անդրանիկ քարոզը տեղւոյն գաղութի եկեղեցւոյ մէջ:
Փրինսթընի համալսարանը աւարտած պատուելի Խրլոբեան փոքր տարիքէն ծառայած է շրջանի հայ աւետարանական գաղութին, յատկապէս իր մասնակցութիւնը բերելով երիտասարդական հաւաքներուն:
Ան նաեւ մօտէն գործակցած է պատուելի Նշան Պաքալեանի հետ:
Հայ աւետարանակչական հիմնարկի տնօրէն Լեւոն Ֆիլեան այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ ներկայացուց երիտասարդ պատուելին եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր: Ան նաեւ մօտէն անդրադարձաւ Հալէպի դաժան կացութեան` յայտնելով, որ շրջանի գաղութը ամէն ջանք կը թափէ, պահելու համար պատմութիւն կերտած այդ գաղութը:
Ֆիլեան նաեւ կոչ ուղղեց, որ ներկաները իրենց նիւթական օժանդակութիւնը տրամադրեն Հալէպի հայութեան:
Ձեռնարկի աւարտին կատարուեցաւ հիւրասիրութիւն եւ ներկաները աւելի մօտէն ծանօթացան պատուելի Հայկ Խրլոբեանին:
Փարիզ
«Արամ» Ընկերակցութիւնը
Կը Թուայնացնէ «Յառաջ»-ի Թիւերը
Ժան-Կարպիս Արթէնի կողմէ հիմնադրուած` Մարսիլիոյ «Արամ» ընկերակցութիւնը ձեռնարկած է «Յառաջ»ի բոլոր թիւերու թուայնացման գործին, արտօնութեամբ` Արփիկ Միսաքեանի:
Առաջին առթիւ պիտի թուայնացուին 1950-էն 1960-ի միջեւ լոյս տեսած թիւերը, ապա` 1945-1949 եւ 1961-2009 շրջանին թիւերը: 1925-1940 շրջանին գծով կան պակսող թիւեր եւ կը կարօտին յատուկ մշակումի` կարենալ թուայնացնելու համար: Իսկ 1941-էն 44` Համաշխարհային Բ. պատերազմին գերմանական գրաւման տարիներուն, «Յառաջ» լոյս չէ տեսած:
Նշենք, որ «Յառաջ» հիմնադրուած էր 1925-ին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Միսաքեանի կողմէ: 1957-ին` անոր մահէն ետք, թերթին տնօրէնի պաշտօնը ստանձնած է դուստրը` Արփիկ Միսաքեան: «Յառաջ»-ի վերջին` 22,214-րդ թիւը լոյս տեսաւ 2009 մայիս 30-ին: Թերթին գործածած կապարագրերէն մաս մը, ինչպէս նաեւ վերջին թիւին չորս էջերու կաղապարները Արփիկ Միսաքեանի կողմէ նուիրուած են «Արամ»-ին, որ զանոնք ցուցադրած է իր աշխատանոցին մէջ:
«Յառաջ»-ի թուայնացուած էջերը պիտի զետեղուին ընկերակցութեան webaram.com կայքէջին վրայ:
Արժանթին
Բարեգործական Ձեռնարկ
Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Արժանթինի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 8 սեպտեմբերին Պուէնոս Այրէսի Հայ կեդրոնի «Սիրանուշ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստանի օր» բարեգործական ձեռնարկ` մասնակցութեամբ արժանթինահայ համայնքային կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն:
Ձեռնարկին ընթացքին ներկայացուեցան Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրերու լուսանկարներ, հայկական աւանդական ճաշատեսակներ, ձեռագործ յուշանուէրներ: Ելոյթներով հանդէս եկան արժանթինահայ համայնքի երգի եւ պարի համոյթները, ինչպէս նաեւ` անհատ երաժիշտ-կատարողներ:
Յայտնենք, որ ձեռնարկին հասոյթը պիտի տրամադրուի Երեւանի «Զատիկ» եւ «Մարի Իզմիրլեան» մանկատուներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Մոնթեվիտէօ
Նամակ` Նախագահ Սարգսեանի
ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէն, ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, ՍԴՀԿ-ը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կեդրոնական վարչական խորհուրդը, Մարաշի հայրենակցական միութիւնը, Եոզկատի հայրենակցական միութիւնը, Ուրուկուէյահայ բազմամիութենական կազմակերպութիւնը, Հայ ազգային կեդրոնը, Արմենիա հրապարակի ազգային յանձնախումբը, Հայուհեաց բարեսիրաց տիկնանց միութիւնը եւ Հայաստան-Ուրուկուէյ մշակութային ընկերակցութիւնը 10 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ` Սերժ Սարգսեանին յղեցին նամակ մը, որուն մէջ փոխանցած էին ուրուկուէյահայ համայնքի կազմակերպութիւններուն` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնախումբի` մեծամասնութեան ձայնով ընդունած հետեւեալ որոշումը.
«Առաջարկել Հայաստանի նախագահին` յետս կոչել Հայաստանի ստորագրութիւնը 2009թ.-ի հայ թրքական երկու արձանագրութիւններէն, քանի որ անիկա կրնայ խոչընդոտել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը»: