Բարեյաջող Մեկնարկ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ինչպէս շատ ուրիշ ձեռնարկուած աշխատանքներ, Հայոց առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողովն ալ կրնար ըլլալ իր տեսակին մէջ առաջինը ու վերջինը, կամ, լաւագոյն պարագային, վեց դար ուշացումով դարձեալ գումարուէր: Բարեբախտաբար բոլոր նշանները ցոյց կու տան, որ այս հեղինակաւոր ժողովը լաւ սկիզբ ունեցած է եւ արդէն իսկ երաշխիքներ կան, որ անիկա պիտի ունենայ իր յաջորդները, որոնցմէ առաջինին թուականը մօտաւորապէս ճշդուած է արդէն:

Շարունակականութեան երաշխիքներէն են նաեւ որդեգրուած որոշումները, որոնք կը պարտաւորեցնեն նոր հանդիպումներ, յանձնախմբային աշխատանքներ եւ վաւերացման ու հաստատման նիստեր: Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման սկզբունքի որդեգրումը պիտի պահանջէ գործնական քայլերու յստակացում, նախապատրաստական աշխատանքներ եւ անոնց գործադրման համար պայմաններու ստեղծում:

Ժողովին կարեւոր որոշումներէն մէկը հանդիսացող Հայաստանի, Արցախի ու սուրիահայ կարիքաւորներուն աջակցելու հիմնադրամի որոշումը եւս երաշխիք մըն է, որ այս համախմբումը կրկնուի: Հիմնադրամին նախնական դրամագլուխին հաստատումը եւ անոր յանձանձման գործին կազմակերպումը կ՛ենթադրեն միացեալ հսկողութեան դրութեան հաստատում, ինչպէս նաեւ` դրամագլուխը միասնաբար գոյացնելու ու զայն միասնաբար մեծցնելու յանձնառութիւն:

Այո՛, այս նշանները յաջող մեկնարկի փաստեր են: Կը յուսանք, որ յաջորդ ժողովներուն առաւել ամբողջականօրէն ներկայացուած ըլլայ եկեղեցին եւ ամէն տեսակի ներքին տարակարծութիւններ հարթելու մթնոլորտը տիրապետէ յաջորդող ամիսներուն:

Նաեւ կը յուսանք, որ ժողովին մասնակիցները, վերադառնալով իրենց նստավայրերը, լայնօրէն լուսաբանեն այս ժողովին տուած որոշումները, անոնց հիմնաւորումները եւ պարզաբանեն ընդհանրապէս մեր եկեղեցւոյ ու ազգին համար անոր նշանակութիւնը` առաւել նպաստաւոր մթնոլորտ ստեղծելով յաջորդող ժողովներուն:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )