«Մատրիտի Մէջ Պէտք Է Հասկնան, Որ Դրամը Յաջողութեան Բանալին Չէ» Կ՛ըսէ Կարսիա Ռեմոն

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Կարսիա Ռեմոն իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին քննադատեց ակումբին պատասխանատուները` անոր վարած մարզիկներու փոխանցման քաղաքականութեան վերաբերեալ:

«Կը կարծեմ, որ Ռէալի ելոյթներուն մասին կարելի չէ դրական ենթադրութիւններ կատարել: Ես նկատի չեմ առներ խումբին արդիւնքները, այլ միայն անոր խաղը: Ռէալի գործողութիւններէն կը բացակայի խմբային խաղը: Պէտք է լաւ հասկնալ այն իրականութիւնը, որ դրամը յաջողութեան բանալին չէ: Ատիկա պատճառ կը դառնայ, որ Քարլօ Անչելոթթի անընդհատ ճնշումի ենթարկուի:

Նախ եւ առաջ իտալացին պէտք է մտածէ կիսապաշտպանութեան մասին: Ճիշդ այնտեղէն է, որ կարելի կ՛ըլլայ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել», կը յայտնէ ArmSport.am` մէջբերելով սպանական մամուլին հրապարակած տեղեկութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )